Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բ. Տէր Գրիգորեան տեսակապով ասուլիս ունեցաւ Ամերիկայի հայկական լրատուամիջոցներուն հետ

Փետրուար 28-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան տեսակապով հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի տարածաշրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպման մասնակցեցան ԱՄՆ–ի «California courrier» շաբաթաթերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Խաչատուրեան, «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան, «Արմինիըն միրրըր սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ալին Գրիգորեան, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զաւէն Թորիկեան, շաբաթաթերթի անգլերէն տարբերակի գլխաւոր խմբագիր Կարինէ Վան, «Հայկական համայնապատկեր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Օշին Քէշիշեան, «Մասիս» շաբաթաթերթի թղթակից Գաբրիէլ Մոլոյեան, լրագրող Արամ Արքուն, Գանատայէն «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «Ապագայ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աւետիս Պագգալեան, Արժանթինէն «Արմենիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեան եւ «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր Կարապետեան:

Ողջունելով սփիւռքահայ լրագրողները՝ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախեւառաջ ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան հետագայ կարգավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարին եւ անոր գրասենեակին ապագայ գործունէութեան: Տէր Գրիգորեան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը ոչ թէ կը փակուի կամ կը լուծարուի, այլ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծով՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը միացման ձեւով կը վերակազմակերպուի՝ միանալով վարչապետին աշխատակազմին ու ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:

«Գրասենեակը հիմնականում աշխատելու է 4 ուղղութեամբ՝ հայրենադարձութիւն եւ համարկում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներին աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործում: Գրասենեակը համակարգելուց բացի, լինելու է ռազմավարութիւններ ու քաղաքականութիւն մշակող, իրականացնելու է մշտադիտարկում եւ վերլուծութիւն, ապահովելու է համայնքների հետ կապի պահպանումն ու ամրապնդումը», նշած է Տէր Գրիգորեան:

Լրագրող Արամ Արքունը հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ այդքան շրջանառուող տարբերակներէն ետք որոշուեցաւ ստեղծել գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ: Ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի՝ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնի ստեղծմամբ չեն ստորադասուիր սփիւռքի հետ գործակցութիւնն ու յարաբերութիւններու զարգացման, ամրապնդման, հզօրացման կարեւորութիւնը: Կ“առաջարկուի կառավարման աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափ: Այսուհետ սփիւռքի հետ պիտի աշխատի ոչ թէ մէկ նախարարութիւն, այլ 12 նախարարութիւն՝ իրենց ոլորտային խնդիրներով, եւ այդ աշխատանքը պիտի համակարգուի վարչապետին աշխատակազմին մէջ տեղակայուած յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ եւ պիտի գտնուի անձամբ վարչապետին հսկողութեան ներքոյ: Հարցին, թէ արդեօ՛ք բոլոր նախարարութիւնները ունին սփիւռքի հետ կապերու բաժիններ, Բաբգէն Տէր Գրիգորեան պատասխանեց, որ այդպիսի նախարարութիւններ կան, սակայն այստեղ խնդիրը ոչ այնքան կառուցուածքի մէջ է, որքան ստեղծուող բովանդակութեան ու իրականացուող ծրագիրներու, որոնք մշտականօրէն պիտի դիտարկուին եւ վերլուծութեան ենթարկուին յանձնակատարին գրասենեակին կողմէ:

Ո՞ւր պիտի ըլլայ նոր ձեւաչափով աշխատանքի կեդրոնը՝ Հայաստա՞նը, թէ սփիւռքը հարցին ի պատասխան՝ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ առաջին անգամ Հայաստանի պատմութեան մէջ պետութեան կողմէ փորձ կը կատարուի թիկունք կանգնիլ սփիւռքին՝ հզօրացնելով ու ամրապնդելով հայ համայնքերն ու հայկական կառոյցները, բարձրացնելով համահայկական խնդիրներու լուծման ի նպաստ անոնց դերակատարութիւնը, աջակցելով հայկական ինքնութեան պահպանման: Նաեւ այս նպատակով յանձնակատարը շատ յաճախ պիտի շրջի համայնքները, ծանօթանալու իրենց խնդիրներուն, եւ ոչ թէ Հայաստանը պիտի ենթադրէ կամ թելադրէ, թէ ի՛նչ խնդիրներ ու կարիքներ ունի սփիւռքը, այլ սփիւռքը ինք պիտի բարձրաձայնէ իր խնդիրները՝ համագործակցութեան միջոցով հասնելու անոնց լուծումներուն:

«Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդրիվառեան հարցուց, թէ ի վերջոյ, ո՞րն է նախարարութեան վերակազմակերպման ամենագլխաւոր պատճառը: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նկատեց, թէ սփիւռքով այսուհետ պիտի զբաղի ոչ թէ մէկ նախարար ու նախարարութիւն, այլ կառավարութեան ամբողջ կազմը: «Մէկ նախարարութիւնը չի կարող համակարգել միւս նախարարութիւնների աշխատանքը: Վարչապետի աշխատակազմում մէկ համակարգող, ռազմավարութիւն մշակող մարմին ստեղծելով՝ Հայաստան–սփիւռք յարաբերութիւնները տեղափոխւում են աւելի բարձր հարթութիւն: Նախարարութեան կորիզն ու ոգին պահպանուելու են: Փոխուելու է ձեւաչափը, որի նպատակը առաւել մեծ արդիւնաւէտութեան հասնելն է: Պահպանուելու են մէկ հասցէի ու մէկ պատուհանի սկզբունքերը, սակայն ծրագրերն իրականացուելու են ըստ ոլորտային նախարարութիւնների», ընդգծած է սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զաւէն Թորիկեան յատկապէս կարեւորեց այս տարիներուն ընթացքին սփիւռքահայ լրագրողներուն հետ ստեղծուած կապերը եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք կը շարունակուին:

Հարցեր հնչեցին նաեւ գրասենեակին հետագայ հայեցակարգին վերաբերեալ: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ այդ մէկը մշակման փուլին մէջ կը գտնուի, եւ հայեցակարգէն ալ կը բխին կառոյցի ռազմավարութիւնն ու օրէնսդրական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւնները: Լրագրողները անդրադարձան նաեւ այն սփիւռքահայերուն, որոնք կազմակերպուած համայնքային կեանքին չեն մասնակցիր, սակայն անոնց հետ աշխատանքներ պէտք է տարուին: Նախարարի պաշտօնակատարին խօսքով՝ գրասենեակի խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ սփիւռքի հնարաւորինս լայն շրջանակներու ընգրկումը Հայաստան–սփիւռք գործակցութեան, համազգային օրակարգ ձեւաւորելու գործընթացներուն մէջ:

Գաբրիէլ Մոլոյեան, ողջունելով սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ստեղծման գաղափարը, նշեց, որ զգոյշ լաւատեսութեամբ կը մօտենան այս հարցին, նախաձեռնութիւնը գեղեցիկ է, որ պիտի նպաստէ խնդիրներու լուծման:

«Հայկական համայնապատկեր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Օշին Քէշիշեան ընդգծեց, որ գրասենեակի ստեղծումը կը դիտարկուի որպէս օգտակար քայլ, եւ յոյս յայտնեց, որ նոր կառոյցը սփիւռքին վերէն չնայի, հաւասար վերաբերի բոլորին հետ, որոշումներ միասնաբար կայացուին:

Լրագրողները անդրադարձան նաեւ Հայաստանէն սփիւռք ուղարկուող լրատուութեան, ցանկութիւն յայտնեցին, որ ան ըլլայ նաեւ արեւմտահայերէնով եւ օտար լեզուներով:

Տեսակապով հանդիպման աւարտին երկուստեք կարեւոր նկատեցին նման հեռակայ հանդիպումներն ու շարունակականութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.