Սփիւռքի մասին մտորումներ
- (0)

ԴՈԿՏ․ ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Սփիւռքը իբրեւ քաղաքական հաւաքականութիւն ճանչնալու եւ հայրենիքին հետ կապուած անոր զարգացման հարցը քննելու նախադրեալ յօդուած մըն է այս գրութիւնը։ Անշուշտ, մասնագիտական երկար նիւթ է Սփիւռքը իբրեւ ոչ-պետական եւ անդրազգային հաւաքականութիւն քննարկելու եւ անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ զանազան մարզերու գոյութիւնը մեկնաբանելու եւ արժեւորելու գործը։ Այս գործին մէջ Խաչիկ Թէօլէօլեան եղած է ռահվիրան եւ Սփիւռքի մասին քաղաքական մտածողութեան դպրոց մը ստեղծողը, որուն կը հետեւինք բոլորս։ Առիթը եւ պատիւը ունեցայ զրուցելու Խաչիկին հետ 14էն 15 մարտին տեղի ունեցած Սփիւռքին նուիրուած խորհրդաժողովին։
Կը հաւատամ, որ բացատրողական հիմնական հինգ հոլովոյթներու մէջ կարելի է պարփակել քաղաքական երեւոյթի մը կամ հաւաքականութեան մը ամբողջական հասկացողութիւնը։ Իւրաքանչիւրը ուսումնասիրութեան առանձին տարածք մը կը բանայ եւ մասնագիտական առանձին նիւթեր կը ստեղծէ քաղաքական տուեալ գոյութեան մը, ներառեալ Հայկական Սփիւռքին, յարաբերութիւններու մեկնաբանութեան ուղղութեամբ։
Իրենց ամփոփ եւ պարզ պարունակին մէջ, բացատրողական հինգ հոլովոյթները կարելի է ներկայացնել իբրեւ՝ 1. կառոյց, 2. անհատականութիւն, 3. քաղաքական մշակոյթ, 4. կենսաբանական կազմուածք, 5. Վարուելակերպ կամ կեանքի ընթացք մը, որ կը յառաջանայ տուեալ հաւաքականութեան մը քաղաքական կառոյցին, ներառեալ ենթակառոյցին մէջ։
Այս յղացքներէն իւրաքանչիւրը ինքն իր մէջ յառաջացուցած իւրայատուկ տուեալներով, ուսումնասիրական եւ լուսաբանական առանձին միջոց եւ ուղղութիւն կը զարգացնէ՝ Սփիւռքը միաձոյլ եւ ճկուն համակարգային տրամաբանութեամբ մը մեկնաբանելու իմաստով։ Հետեւաբար, Հայկական Սփիւռքի բազմակողմանի հասկացողութիւնը կը կարօտի նաեւ վերոյիշեալ հինգ բացատրողական հոլովոյթներուն ուղղութեամբ ուսումնասիրական զարգացումներու։
Առ այդ, Հայկական Սփիւռքը՝ իբրեւ քաղաքական իւրայատուկ մէկ երեւոյթ, իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնելու եւ անոր քաղաքական իրավիճակին ծանօթանալու համար, պէտք է վերոյիշեալ հինգ բացատրողականներու լոյսին տակ ուսումնասիրութիւններ կատարել։ Պարզ խօսքով՝ Սփիւռքը ճանչնալու համար պէտք է ծանօթանալ անոր քաղաքական կառոյցին, ուսումնասիրել սփիւռքահայ անհատը իբրեւ քաղաքական անհատականութիւն եւ վերլուծել անոր քաղաքականացման ընթացքը՝ տարբեր տարիքներու մէջ, ուսումնասիրել Սփիւռքի մէջ զարգացող քաղաքական մշակոյթը, քննարկել կենսաբանական տուեալները սփիւռքահայ անհատին (թէ կենսաբանական իմաստով ի՞նչ են տուեալները, որոնք սփիւռքահայ անհատը կը մղեն դերակատար ըլլալու քաղաքական կեանքին մէջ՝ իբրեւ ղեկավար, նախաձեռնող, կրաւորական կամ հետեւող եւ այլն) եւ, վերջապէս, ուսումնասիրել Սփիւռքի կառոյցին մէջ զարգացող քաղաքական վարուելակերպը, գործունէութիւնը եւ ընթացքը։
Այսօր կրնանք տարտամ եւ անորոշ տպաւորութիւններ տալ Հայկական Սփիւռքի քաղաքական մշակոյթին մասին։ Տակաւին կան հիմնական եւ զարգանալի յատկանիշներ այդ մշակոյթին մէջ, օրինակ՝ վարանոտ ազատականութիւն, անհատականութիւն, պատկանելիութեան տարտամ գիտակցութիւն եւ ենթարկուած կամ պարտադիր համակերպում։
Փխրուն է Սփիւռքի քաղաքական մշակոյթը, նաեւ՝ կառոյցը։ Գիտենք, որ կը պակսին առարկայական առումով պետականութեան տուեալները, հետեւաբար, կը մնայ բարոյական արժէքներով յառաջացող եւ անկապակից պատմութիւն մը գաղութներու դաշնակցութեան մէջ, առանց պայմանաւորուելու կեդրոնական հեղինակութեան մը գոյութեամբ։
Քննարկումի հիմնական նիւթ է անշուշտ Սփիւռքի պատմութիւնը։ Նախ, ընդունինք, որ Հայկական Սփիւռքը շօշափելի իրականութիւն մըն է եւ ունի իր պատմութիւնը՝ նախքան անոր «Սփիւռք» ճանչցուիլը։ Սփիւռքի պատմութիւնը բազմակողմ փորձառութիւն մը ունի՝ կորուստէն վերապրում, կրօնականէն աշխարհական, տեղայնականէն անդրազգային եւ, հետեւաբար, նաեւ կարողութիւնը ունի բարոյական դատումներ ընելու իր գործունէութեան մասին եւ բանական ուղղութիւն մը ճշդելու իր բազմատարած պատմութեան։
Չեմ կարծեր, որ Սփիւռքը պատմական ուղեցոյց մը ունի իր գլխուն վրայ, կամ ուղղութիւն մը իր ազգային զարգացման ընթացքը ճշդող։ Բայց նաեւ, դժուար է Սփիւռքին հետ ըլլալ եւ անոր մարմինին դպնալ կամ հոգին տեսնել առանց ազգայինի բաղադրութեան։
Սփիւռքի պատմութիւնը կրնայ հաճելի պատկեր մըն ալ ներկայացնել։ Ազգային ոգիէն բացի այնտեղ կայ նաեւ բանբասանքը, որ վերջին հաշիւով սփիւռքահայը իրար կապող ընկերային փակցնելիքը եղած է։ Հասարակաց եւ կպչուն են գաղութներու նոյնանման նիւթերը։ Այդ պատմութիւնը ունի իր բարոյականութիւնը, առաւելութիւնները եւ իր դրական հիւսուածքը, որ մինչեւ այսօր պահած է Սփիւռքը ։
Սփիւռքի բարոյական պատմութիւնը իր շօշափելի գոյութիւնը ցոյց տուած է գաղութներու շինարարական եւ կազմակերպական աշխատանքին մէջ։ Չենք կրնար տարբեր դատում ունենալ այդ մասին, այլապէս կը հանդիպինք պարզապէս իր միջավայրին համակերպող տարտամ եւ տխուր, կրաւորական պատմութեան մը։ Նոյն ատեն, Սփիւռքը յարմարիլ եւ համակերպիլ սորվեցուցած է հայուն իր միջավայրին մէջ շինարարական աշխատանքը շարունակելու եւ գոյատեւելու համար։ Համակերպումը եղած է Սփիւռքի քաղաքական մշակոյթի յատկանիշ մը։ ։
Վերջին հաշիւով, Սփիւռքի պատմութիւնը, կամ Սփիւռքը ինքնին կը գոյատեւէ, բայց կրնայ դադրիլ իբրեւ քաղաքական միաւոր գոյութիւն ունենալէ։ Հետեւաբար, Սփիւռքը կրնայ երկար գոյատեւել, բայց դժուար թէ երկար դիմանայ ազգակերտման գործին մէջ։ Երիտասարդութիւն մը կայ այս իրականութեան մէջ ապրող։ Դժուար է գրել այդ մասին, որովհետեւ խառն են երիտասարդներու յարաբերութեան պատկերը եւ հոգին։
Առ այդ, ո՛չ նուիրապետական կառուցուածք, ո՛չ պետական օրէնքներ, ո՛չ սահման, այլ՝ միայն ազատութիւն եւ անհատական հնարամտութիւններ եւ նաեւ ճկուն համակերպում, որոնք կեանք կու տան Սփիւռքի գոյութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան։
Հայկական Սփիւռքին համար պարունակութիւնը եղած է կարեւորը, ոչ ձեւը կամ կառոյցը։
Վերջապէս, երկիր-պետականութենէն անջատուած՝ Սփիւռքը ինքն իր կեանքին ընթացքը առած է եւ կը փորձէ դէմ դիմաց հաստատուիլ երկիր-պետութիւն համաշխարհային ներկայ կառուցուածքին մէջ, եթէ անշուշտ երկիր-պետութիւն ըսուածը տակաւին կրնայ պահել քաղաքական իր արժէքը համաշխարհային այս դասաւորումին մէջ։