Սփիւռքի Համար Կարեւոր է Նախարարութիւն Ունենալը. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. OTV-ի հեռուստակայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարարութեան՝ յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ առաջնային պիտի ըլլայ Սփիւռքը:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նշած է է, որ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին լուրը սփիւռքահայութեան մէջ կը դիտուի իբրեւ Սփիւռքի վերաբերեալ ոչ բարենպաստ որոշում։
Արամ Ա. ընդգծած է, որ Սփիւռքի համար կարեւոր է ունենալ Սփիւռքի նախարարութիւն: Վեհափառը նշած է, որ անցեալ տարիներուն նախարարութիւնը հսկայական գործ ըրած է ու պէտք է գնահատել զայն։
«Կարեւոր համարելով Սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան ռազմավարական իմաստը՝ միաժամանակ, պէտք է նկատի ունենալ, որ երբեմն խորհրդանշական իմաստը աւելի կենսական է, քան ռազմավարականը կամ քաղաքականը։»,- ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։
Ըստ Արամ Ա.-ի, Սփիւռքի սպասելիքները մեծ են, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ գործել: Կաթողիկոսի կարծիքով՝ Սփիւռքի դուրս մղումը կառավարութեան կազմէն կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ Սփիւռքի մէջ։