«… Սփիւռքը պէտք է վերադառնայ իր կազմակերպական կառոյցները հզօրացնելու ու հայութիւնը քաղաքականացնելու վարքագիծին»

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս եզրայանգումին կու գայ Տիգրան Ճինպաշեան իր «Արարատի Համար` Կանգուն» յօդուածին մէջ (Ազդակ, 29 Յուլիս 2026): Առաջարկը ուշադրութեան արժանի է նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար, որովհետեւ կու գայ սփիւռքեան սերունդներու դաստիարակութեան նուիրուած հանրային գործիչէ մը, որ ղեկավար դեր ունեցած է ե՛ւ Ցեղասպանութեան Յիսնամեակին յաջորդած Սփիւռքի քաղաքականացման, ե՛ւ 1988-էն յետոյ Դէպի Երկիր գործընթացին մէջ: Ոչ միայն որպէս յանձնառու վկայ, այլ՝ տասնամեակներու փորձառութեան ձայն:

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ, որովհետեւ յօդուածը դուրս կու գայ սփիւռքեան մամուլին մէջ հայաստանեան գործընթացները հայաստանեան ներքաղաքական հայելիին ընդմէջէն մեկնաբանելու տարածուած սովորութենէն, եւ պատգամը կը յղէ Սփիւռքին եւ ոչ թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը այդ գործընթացներուն մասնակից ենթադրող ինչ որ հաւաքականութեան մը: Այդ իմաստվ ալ կ’արժէ վեր առնել եւ զարգացնել յօդուածին մէջ արծարծուած կարգ մը գաղափարներ, անոնց շուրջ բանաձեւել նոր հարցադրումներ եւ բանավէճը զարգացնել այս գրառման վերնագրի ձեւով դրուած առաջարկին կիզակէտով, որպէս այլընտրանք հայաստանեան գործընթացներուն մասնակցութեան Սփիւռքի երեւակայութիւնը խթանող հանրային խօսոյթներու:

Այդ կէտերէն առաջինը ջրբաժանն է խորհրդայնացման յաջորդած չորս տասնամեակներուն համասփիւռքեան կառոյցներ ստեղծելու փորձերու ապարդիւնութեան եւ Ցեղասպանութեան Յիսնամեակին յաջորդած հաւաքական հոգեփոխութեան: Հայ Դատի պահանջատիրութեան հասարակաց յայտարարը անցեալ դարու եօթանասունականներէն սկսեալ իրարու մօտ բերաւ դասական կուսակցութիւնները եւ աշխուժացուց համասփիւռքեան ցանցով օժտուած տարբեր կառոյցներու նախաձեռնութիւններու բարձրացումը միջ-համայնքային մակարդակի: Արդիւնքով՝ «Սփիւռքը վերածուեցաւ արտերկրային պետականութեան մը, որ օրինակելի կերպով համերաշխօրէն կը ղեկավարուէր երէկ հակառակորդ ու այժմ հանդուրժող զանազան կեդրոններէ:»

Մինչ այդ թուականները հիմնականօրէն ներհամայնքային ոլորտներու մէջ զարգացող սփիւռքեան գործընթացի այս համասփիւռքացումը, այսինքն՝ համայնքներու միջեւ հորիզոնական յարաբերութիւններու աշխուժացումը, տեղի ունեցաւ միջազգային բեմահարթակին վրայ տիրապետող միջ-պետական տինամիքի յարաբերական թուլացման եւ համաշխարհային գործընթացներու եւ ոչ-պետական դերակատարներու հրապարակ գալու պատմական ժամանակաշրջանի մը: Լատին Ամերիկայի, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ յեղափոխական շարժումներն ու զինեալ պայքարը եւ անոր զօրակցութիւնը՝ տիրապետող երեւոյթ էին այս ոչ-պետական տինամիքին մէջ, բայց ծնունդ առին եւ ինքնահաստատուեցան նաեւ՝ միջավայրի պահպանման, Մարդկային Իրաւանց եւ խաղաղասիրական շարժումներ, որոնք համամարդկային հարցեր դրին միջազգային օրակարգին եւ զօրաշարժի ենթարկեցին յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներ եւ անհատներ: Այս բոլորէն ծնունդ պիտի առնէր այն ինչ այսօր արդէն ծանօթ է որպէս համաշխարհայնացում իր ամենաընդարձակ իմաստով:

Հետեւաբար, այսօր երբ դէպի ետ նայինք եւ այդ օրերու սփիւռքեան գործընթացները փորձենք բանականացնել՝ անոնց ընդմէջէն ընկալելու համար այդ գործընթացներու զարգացումը մինչեւ քսանմէկերորդ դարու արդէն երկրորդ քառորդի սկիզբ, թերեւս փոխենք «արտերկրային պետականութիւն» յղացքը՝ «անդրազգային տարածքի կառավարում եւ / կամ զօրաշարժ» բանաձեւումով: Երկու պատճառով: Նախ հասկնալու համար որ համասփիւռքեան քաղաքական գործընթացները կը տեղադրուին ոչ-պետական տրամաբանութեան մէջ, իսկ դերակատարները՝ քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու անհատներ ու կազմակերպութիւններ են եւ ոչ թէ պետական գործիչներ կամ պետական մտածողութեամբ, «պետականամէտութեամբ»…, առաջնորդուող ղեկավարներ կամ խմբակցութիւններ: Ապա, խուսափելու համար համաշխարհային բեմահարթակի վրայ գործող էթնիկ իմաստով ազգային հաւաքականութեան ցանցը կաղապարելու մէկ եւ բացարձակ «ազգային արժեհամակարգ»ի մը ճակատագրապաշտ ընկալումով, երբ այդ ցանցին բազմամշակութայնութիւնը առարկայական իրողութիւն է: Փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութիւնը կը հասկցուի «զուգորդուած», ինչպէս Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը եզրակացուցած է, նկատի ունենալով մասնակիցներու մեծամասնութեան արտայայտած կարծիքը իրենք իրենց միաժամանակ հայ եւ իրենց ապրած երկրի ինքնութեամբ ներկայացնելու:

Ի լուր բոլոր անոնց, որոնք «ազգային»ով մտասեւեռուած մինչեւ իսկ վանողական կը գտնեն «անդրազգային» յղացքը, անոր առնչակից ամէն վերլուծում թերեւս նոյնացնելով «գլոբալիստական» գաղափարախօսութեան հետ, պիտի ըսել որ «անդրազգային տարածք»ին «ազգային արժեհամակարգ»ի միակ կաղապարման անկարելիութիւնը չի՛ նշանակեր համախոհութեան եւ համագործակցութեան հարթակի եւ օրակարգի բացառում: Բայց այդ մէկը կ’ենթադրէ համասփիւռքեան կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններու լայնամտութիւն, հեռատեսութիւն եւ տիալոկի պատրաաստակամութիւն, ոչ թէ Սփիւռքի ներկայացուցչութեան պիտակի մենաշնորհումին համար մրցակցութիւն: Ոչ ալ «անդրազգային տարածք»ի կառավարումը կը նշանակէ բացառում ազգային պետականութեան հետ որեւէ փոխ-յարաբերութեան: Ընդհակառակը, որպէսզի այդ փոխ-յարաբերութիւնը ձգտի ի վերջոյ ըլլալու իտէալականօրէն «փոխ-սնուցիչ», ինչպէս արդարօրէն համոզուած է որ պէտք է ըլլայ Կարօ Արմէնեան, անհրաժեշտ է, որ համասփիւռքեան բազմակողմանի հարթակ մը, որպէս շատ ընդհանրական «ներկայացուցչութիւն» ինքնակառավարման (ոչ-պետական տարածքի մը governance-ի եւ ոչ թէ պետական տրամաբանութեան government-ի իմաստով) փաստ, որուն հետ հայրենի պետութիւնը թէ պետական տրամաբանութեան մէջ գործող տարբեր միաւորումներ՝ հաշուի նստին: Միայն այդպէս Սփիւռքը հաւաքական նոր իմաստով մը ինքզինք կրնայ արժեւորել հայրենի քաղաքական դերակատարներուն մօտ եւ դուրս գալ այս վերջիններու որոշումէն թէ ե՛րբ, ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ օրակարգով տեղ պիտի տան մինչեւ հիմա ինքզինք հոգեբանականօրէն ենթակայ դերին մէջ դրած, հետեւող, բայց որոշումներու կայացման անմասնակից Սփիւռքի մը:

Իր բոլոր տարբերակներով եւ բառակազմաւորումներով «պետական» պիտակի մտասեւեռումէն ձերբազատուիլը Սփիւռքի մէջ օրինակի կարգով կրնայ Հայ Դատի անցեալի եւ մանաւանդ ներկայի գործունէութեան տալ նորովի ընկալում եւ հեռանկար: Քաղաքական զօրաշարժի, յարաբերական աշխատանքի թէ ուժական պայքարի ճամբով Հայ Դատի հետապնդումը 1965-1985/7 քսանամեակին, հակառակ իր խօսոյթին եւ քարոզչութեան որ կը նպատակադրէր հասնիլ ամբողջական արդարահատոյցի (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագրի բանաձեւումով՝ «հողահաւաք եւ հայահաւաք»), ի վերջոյ մէկ գլխաւոր յաջողութիւն արձանագրեց. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը «մոռացումէն» հանեց եւ դրաւ օրակարգի վրայ: Ատկէ աւելի չէր կրնար ընել քաղաքականացած եւ ամբողջական զօրաշարժի ենթարկուած սփիւռքահայութեան ամէնէն աւելի յանձնառու հատուածը, որպէս ոչ-պետական դերակատար, համաշխարհային ցանց եւ անդրազգային տարածք: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման շուրջ համասփիւռքեան համախոհութիւնը ինքնին փաստ է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աշխուժանալ ցանցային տրամաբանութեան մէջ գործող հաւաքական կազմակերպուածութիւն մը, երբ կայ տեսլական եւ անոր յանձնառու ղեկավարութիւն(ներ), առանց պետական հովանաւորումի եւ ոչ մէկ կարիքի: Նպատակադրուած լայնածաւալ ծրագրին, «հողահաւաք եւ հայահաւաք», բաղդատած շատ ջնջին, բայց յիսուն տարի լռեցուած եւ պետականազուրկ աշխարհացրիւ հաւաքականութեան մը համար մեծ իրագործում եղաւ բախտորոշ այդ երկու տասնամեակներու համասփիւռքեան քաղաքական զօրաշարժը:

Այդ իրագործման արժեւորումը անկախութենէն յետոյ, պետական մտածողութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման, տեղի չունեցաւ, կամ հազիւ, ամէն պարագայի առանց համապատասխան պետական հայեցակարգի առաջացման, ուր սփիւռքեան զօրաշարժն ու հայկական դիւանագիտութիւնը զիրար ամբողջացնէին անկախ օրուայ իշխանութեան քաղաքական մարտավարութենէն: Թէկուզ եւ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան յանձնառութիւն վերցուցածներուն շռայլուէին «ՀՀ անպաշտօն դեսպաններ»ու նման տիտղոսներ… Ցաւալի է նաեւ, որ Սփիւռքի մէջ ալ այդ յաջողութիւնը չզարգացաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան անկիւնադարձային այդ երկու տասնամեակներուն տիրապետած քաղաքական մտածողութենէն անդին, դէպի անկախ պետականութեան պայմաններու մէջ գործող Սփիւռքեան քաղաքական մտածողութիւն, ուր, օրինակի համար, համապատասխան գնահատանք տրուէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման իւրաքանչիւր յաջողութեան որպէս թրքական ժխտողականութեան արշաւի դէմ պայքարի ամրագրում: Ցեղասպանութեան հարցը նսեմացնելու, արարողակարգացնելու, լռեցնելու եւ թերեւս մինչեւ իսկ անոր ուրացման հասնելու վարքագիծ անցնող հինգ տարիներուն ամրագրած եւ վստահաբար շարունակելի պետական քաղաքական ուղեգիծի մը դէմ յանդիման, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի յանձնառութիւնը կրնայ կա՛մ սպասել իշխանափոխութեան, որուն Սփիւռքը դերակատար չի՛ կրնար ըլլալ, կա՛մ ալ քննական վերատեսութեան ենթարկել իր զօրաշարժի տրամաբանութիւնը, որ, առանց հրաժարելու ի նպատակներէն, արդարահատոյցը տեղադրէ ոչ-պետական տինամիքի մը իրապաշտութեան մէջ: Ինչպէս, յիշեցնենք, Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի առիթով հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը ճանապարհային քարտէս մը դրած էր:

Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան զարգացումը իր համապատասխան գործնական արտայայտութեամբ՝ կազմակերպական, զօրաշարժի եւ օրակարգային առաջնահերթութիւններու ճշդումին մէջ, տեղի չունեցաւ, որովհետեւ անկախութենէն յետոյ «համասփիւռքեան կառոյցներու սեւեռակէտը (փոխադրուեցաւ) Արցախ եւ Հայաստան»: Համասփիւռքեան տինամիքը համահայկականացաւ միակողմանիօրէն Հայաստանէն թելադրուած եւ պետականօրէն կազմակերպուած նախաձեռնութիւններով, այսինքն՝ Հայաստան-Սփիւռք ուղղութեամբ: Տիգրան Ճինպաշեան կը հաստատէ, վստահաբար կը հաւատայ, որ այդ բոլորը «ցոյց տուին հայ ազգի անքակտելի միասնութեան կենարար ճշմարտութիւնը» եւ «խորացուցին «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» հաւատամքին գաղափարական կենսունակութիւնը». հաւատամք մը, որ աւելի շատ «կոյր հաւատք» էր, անհրաժեշտ՝ որպէսզի «սփիւռքի նիւթական ու բարոյական բոլոր կարելիութիւնները» դրուէին «ի սպաս Հայաստանի եւ Արցախին»: Ինչպէս որ արդէն եղաւ, կը վկայէ Ճինպաշեան, «Սփիւռքը պէտք է կազմակերպել Հայաստանի համար» նշանաբանով:

Եւ այնքան բացարձակ էր Սփիւռքի այդ հաւատամքը, որ անտեսուեցաւ, թերեւս մինչեւ իսկ թապուի վերածուեցաւ, հակառակ ուղղութեամբ հարցադրումը. ի՞նչ տուաւ անկախ հայրենիքը Սփիւռքին: «Կրնայ տալ»ի բանաձեւումով այս հարցումը Խաչիկ Թէօլօլեանինն է, բայց անկախութեան երեսունհինգամեակի նախօրէին թերեւս լաւ կ’ըլլայ հրապարակային բանավէճի վերածել ի խնդիր Սփիւռքի Դէպի Երկիր ուղիի փորձառութեան քննական վերլուծումը, փոխանակ անկախութեան երեսունհինգամեակի առիթով արդէն արծարծուած մտքերը վերախմբագրելու, հանրածանօթ բարոյախօսական դրոյթները վերարտադրելու՝ խմբագրականներու եւ առաջնորդողներու կարգով, թէ հանրային ելոյթներով: Այլապէս, Տիգրան Ճինպաշեանի դիպուկ եզրայանգումը՝ վերադառնալու Սփիւռքեան կազմակերպական կառոյցներու հզօրացման եւ քաղաքականացման, որ աշխատանքային ամբողջ նոր դաշտ մը կը բանայ, պիտի մնայ կաշկանդուած «ինքնանպատակ սփիւռք չի կրնար գոյութիւն ունենալ» կարգախօսերու նման ուրուականներով: