Յարատեւ պայքար յանուն արդարութեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ընկ. Ժան Պալճեանի պատգամը, որ արտասանուած է Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գէմպրիճի «Արարատ» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակին ընթացքին:

Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնները կը հանդիսանան առիթ մեր գործունէութեան հաշուետուութիւնը ներկայացնելու, այժմէական իրադարձութիւններուն անդրադառնալու եւ մեր արժեւորումը կատարելու, ժողովուրդին ներկայացնելու մեր ապագայի ծրագիրներն ու քայլերը, եւ ի վերջոյ, դիմագրաւելու մեզ յուզող բոլոր մարտահրաւէրները:

Զուգահեռ բաղդատական մը ընենք 1905-1907 երկարող Հայ Թաթարական կռիւներուն եւ Արցախի ազատագրական ու գոյատեւման զոյգ պատերազմներուն միջեւ:

Պաքուի, Երեւան նահանգի, Շուշիի, Գանձակի, Զանգեզուրի, Արցախի եւ Թիֆլիսի հայութեան սպանդներուն ու հայկական կալուածներու դէմ խափանարարական առարքներուն, Դաշնակցութիւնը, Նիկոլ Թումանի առաջնորդութեամբ եւ Համազասպի ու  Քեռիի ղեկավարութեամբ դիմեց ինքնապաշտպանութեան միջոցներու։

Այդ օրերուն, Պաքուի նահանգապետ Միխայիլ Նակաշիձէն եւ տասնեակ մը պատասխանատու անձնաւորութիւններ զգետնուեցան, որուն իբրեւ արդիւնք տարածուեցաւ Դաշնակ փիւլեա, «Դաշնակցականի փամփուշտ է» սարսափազդու հաստատումը։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, մենք կորսնցուցինք Կարսը, Արտահանը, Նախիջեւանը, Արցախն ու Ախալքալաքը։  1989-ին խորհրդային Հայաստանի ու Արցախի գերագոյն խորհուրդները միասնաբար յայտարարեցին Հայաստանի ու Արցախի  միաւորման հռչակագիրը։ Արցախեան ազատագրական պայքարին  ՀՅԴ-ն իր մարտիկներով անզուգական բաժինը բերաւ հերոսամարտերուն։ Տուինք դաշնակցական հարիւրաւոր նահատակներ եւ վիրաւորներ։ Հայկական կողմը 1994-ին յաղթեց թշնամիին, սակայն օրուան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ազրպէյճանի զինադադարի խնդրանքը ընդունեց առանց կապիտուլանտ, յանձնուողական յայտարարութիւն եւ անկախ Արցախի հռչակագիր պարտադրելու: Այս մէկը պատճառ դարձաւ 2020-ի պարտուողական պատերազմին, ուր կորսնցուցինք Արցախի եօթանասունհինգ առ հարիւրը:

Իսկ այսօր, Նիկոլ Փաշինեանի յանձնուողական քաղաքականութեան արդիւնքով վտանգուած են նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները: Մենք բացարձակապէս կը մերժենք սահմանազատման ու սահմանագծման ազգադաւ քայլերը, որոնք կը միտին  տարանջատել Արցախը Հայաստանէն. իսկ գոյութենական պատերազմի ժամանակ, տասնամեակներու ընթացքին պէտք է օգտագործուէին հարաւային Լիբանանի դիմադրութեան օրինակով ընդյատակեայ փոխյարաբերութեանց  ու նկուղներու ընդմէջէն պատերազմելու ռազմավարութիւնը, դիմակալելու անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք  պատճառ եղան հազարաւոր նահատակներու, որնոնց կարգին դաշնակցական կամաւորներու մահուան ու հազարաւոր վիրաւորներու եւ հարիւրաւոր գերիներու անել կացութեան։

Ատրպէյճանը անմիջապէս դուրս պէտք է ելլէ հայապատկան գրաւուած մեր բոլոր հողատարածքներէն։ Պատերազմը վերջ չէ գտած։ Եւ 9 Նոյեմբերի 2020-ի կապիտուլատ ամօթալի համաձայնութիւն ստորագրողները անպայման պատասխանատութեան կանչուին։ Պէտք է մէկ քայլ անդին անցնիլ, խորհրդարանական ընդդիմութեան ու փողոքի ցոյցերուն  միջոցով պայքարելէ Հայաստանի օրուայ իշխանութեան ու Ատրպէյճանի դէմ ու մղել ծայրայեղ միջոցներով պայքար, կասեցնելու մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգը։

Հայաստանի տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն          Դաշնակցութիւնը իր մասնակցութիւնը  կը  բերէ այս օրերուն եւ  յատկանշական է մեր ընկերներուն կողքին  տեսնել Ուսանողականի եւ Երիտասարդականի անդամներու մեծաթիւ մասնակցութեան դրական ու գնահատելի երեւոյթը։

Դաշնակցութիւնը նաեւ սփիւռքի մէջ  իր կողքին ունենալով հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ, քոյր միութիւններու եւ բազմահազար համակիրներու նեցուկը, պիտի շարունակէ իր պայքարը ըլլայ ձուլումի՝ թէ Հայ Դատի պաշտպանութեան բնագաւառներուն մէջ։

Մենք  որոշած ենք, պիտի շարունակենք Հայաստան թէ այլուր, նոյն ձեւով պաշտպանել, ինչպէս  միշտ, այսօր եւս Հայ ազգի ու հայրենիքի շահերը։ Մեր պայքարը տկարութիւն չի ճանչնար, եւ հաւատարիմ մեր երդման, թեկուզ կեանքի գնով, պիտի մնանք այն յառաջատար կուսակցութիւնը, որ չի զլանար պաշտպանելու համայն հայութիւնն ու Հայ Դատը:

Մենք այսօր, անգամ մը եւս կու գանք խոնարհիլ մեր նահատակներուն ու վիրաւորներուն դիմաց ու կը խոստանանք որ մենք պատրաստ չենք զիջիլ մեր հայրենիքը ոչ մէկուն: ՀՅԴ-ն  ոգի ի բռին  պայքարեցաւ ձախողցնելու Հայ-Թուրք հաշտութեան TARC յանձնախումբի ցեղասպանութիւնը մերժելու նպատակով ստղեծուած գործունէութիւնը։ Առաւել, մենք մեր մերժողականութեամբ կրցանք ճնշում բանեցնել մեր իրաւունքները մեզմէ խլելու մտադրուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստրոագրուելիք փրոթոքոլները։ Ի վերջոյ Հայ Դատի   յանձնախումբերու տասնեակ տարիներու աշխատանքի արդիւնք, Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանն ու Սենաթը ճանչցան  Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իսկ Նախագահ Պայտընը իր խօսքին մէջ օգտագործեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Յարատեւ պայքար յանուն արդարութեան. պայքար յանուն ճշմարտութեան, Պայքար հայ իրաւազրկուած ազգին ու Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի իրաւունքներու ձեռքբերման համար։

Կեցցէ՛ Հայաստանի ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ Հայ ազգը:

Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշանակցութիւնը։

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.