Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի Անուան Վերականգնողական Կեդրոնը Վերաբացուած Է Երեւանի Մէջ

Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը վերաբացուեցաւ Հայաստանի մէջ: Անիկա շահագործման պիտի յանձնուի 2025 թուականին:

Հոկտեմբեր 30-ին կեդրոնի վերաբացումն էր, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, եւ արարողութիւնը կատարուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեամբ:

Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի նախագահ Վարդան Թադեւոսեան նշեց, որ վերաբացումը հրամայական դարձած է 2023 թուականին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած վառելանիւթի կայանի պայթումէն ետք: Անկէ ետք` 1 տարուան ընթացքին, արդէն Հայաստանի մէջ աւելի քան 200 արցախցիի այցելած ու օգնութիւն ցուցաբերած են, 60-էն աւելի տուժածներ ալ տեղաւորած են Այրուածքաբանութեան կեդրոնին մէջ:

«Բնոյթով եւ կառուցուածքով պիտի տարբերի այս կեդրոնը, բայց չեմ կարծեր, թէ աւելի քիչ մարդոց պիտի աջակցինք: Արցախի մէջ մենք տարեկան աջակցութիւն կը ցուցաբերէինք 2000-է աւելի ծանր հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց 500-ը տնային, իսկ 1500-ը` հիւանդանոցային տարբերակով», նշեց Թադեւոսեան:

Յիշեցնենք, որ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը 25 տարի շարունակ գործած է Ստեփանակերտի մէջ:

Comments are closed.