Սպանիոյ Խորհրդարանականները Յայտարարութեամբ Դատապարտած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Սպանիոյ խորհրդարանի 7 խմբակցութիւններ 17 հոկտեմբերին որդեգրած են յայտարարութիւն մը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ գործուած յարձակումին վերաբերեալ, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ խմբակցութիւնները խստօրէն դատապարտած են «Ազրպէյճանի` արդարացում չունեցող յարձակումը, որ սպառնալիք կը ստեղծէ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար»:

Խմբակցութիւնները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են այն փաստին առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի կատարել 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքի չի կոչեր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները:

Սպանիոյ օրէնսդիրները պահանջած են Ազրպէյճանէն անյապաղ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները` յիշեցնելով, որ այդ պետութիւնը ժամանակին վաւերացուցած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրը:

Անոնք դատապարտած են ազրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով հայկական կողմին մէջ արձանագրուած մարդկային կորուստները` իրենց համերաշխութիւնը յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ եւ պէտք է նպաստէ տագնապի բանակցային ու տեւական լուծման որոշումներուն:

Comments are closed.