Սուրիոյ Մասնատումը Տակաւին Կարելի՞ Է
Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան փորձագէտ Էլիյա Ճ. Մուղնայէր արաբական «Ալ Ռայ» թերթին մէջ կը գրէ, թէ Հալէպի անկումով եւ Սուրիոյ կեդրոնական կառավարութեան վերահսկողութեան վերադառնալով՝ այլեւս ժիհատականներու եւ այլ ըմբոստներու իշխանութեան տակ չի գտնուիր սուրիական կարեւոր քաղաքներուն մեծամասնութիւնը, որ կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը: Այս ռազմավարական դէպքը ցոյց կու տայ գերակայութիւնը Ռուսիոյ, որ Պիլատ ալ-Շամի մէջ պարտութեան մատնեց ամերիկեան վարչակազմը, թէեւ պատերազմը տակաւին աւարտած ըլլալէ շատ հեռու է: Սուրիոյ մէջ պատերազմի աւարտը սկիզբ առած է:
Սուէյտա, Տարաա, Դամասկոս, Հոմս, Թարթուս, Լաթաքիա, Համա, Հալէպ, Տէր Զօր (մասամբ) եւ Հասիճէ քաղաքները ժիհատականներու եւ ըմբոստներու վերահսկողութենէն դուրս են: Սուրիան մասնատելու ծրագիրը այսօր նուազ առիթներ ունի շնորհիւ աւելի քան մէկուկէս տարի առաջ տեղի ունեցած ռուսական միջամտութեան: Ռուսիան միացեալ Սուրիա մը պարտադրեց: Ականահարեց հիւսիսի մէջ (Հասիճէէն Աֆրին երկարող) քրտական դաշնակցութիւն մը, Տէր Զօրի, Ռաքքայի, Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ «Սիւննիական միջերկիր» մը եւ Սուրիոյ հարաւը Սուրիա-Իսրայէլ սահմանի երկայնքին Տարաայէն Քունէյթրա երկարող «արգելակիչ գօտի» մը ստեղծելու ամերիկեան ծրագիրը:
Այսօր Ռաքքան իր 300-400 հազար բնակիչներով կը մնայ ՏԱԷՇի վերահսկողութեան տակ, Իտլիպը՝ Քայիտայի ժիհատականներուն եւ տարբեր երկիրներու (Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Միացեալ Նահանգներ) առնչակից այլ ըմբոստներու, որոնք նաեւ կը վերահսկեն երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ կարգ մը գիւղական շրջաններ: Ուստի սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի կառավարութեան իշխանութեան տակ:
Ռուսիա սուրիական պատերազմին միջամտել որոշեց 2015ի կիսուն, երբ սուրիական բանակն ու իր դաշնակիցները (Իրան եւ Հըզպալլա) յայտարարեցին որ սահմանափակ շրջաններ ու քաղաքներ պիտի պահեն իրենց վերահսկողութեան տակ՝ արտօնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մնայ Սուրիոյ մէջ դերակատարներէն մէկը: Իրողութեան մէջ, 2015ի կիսուն Հըզպալլան իր ուժերը հեռացուց Հալէպէն՝ պարզապէս քաղաքական բանակցութեան պայմաններ բարելաւելու համար յաւելեալ մարդկային կորուստներ չունենալու համար: Անիկա ընդունեց սուրիական ուժերուն եւ ժիհատականներ-ըմբոստներուն միջեւ դաշինքին մէջ գոյութիւն ունեցող իրողական սահմանագծումները:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Եթէ քիչ մը դէպի ետ նայինք՝ դէպի Սուրիոյ մէջ պատերազմի սկիզբը, Ասատ միշտ ալ Հալէպի եւ Դամասկոսի իր վերահսկողութեան տակ պահելու կարեւորութիւնը շեշտեց: Քաղաքի բնակիչները չհետեւացան ժիհատականներուն կամ շրջանային հովանաւորներու: Հալէպի շուրջ գտնուող գիւղական շրջանի բնակիչները Յուլիս 2012ին՝ ըմբոստութենէն մէկ տարի ետք, հրահրեցին ըմբոստութիւնը երբ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող այդ օտարականները Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը նկատուող այս քաղաքը ներխուժեցին: Անգարա կը ծրագրէր Հալէպը կցել որովհետեւ շրջանային ու միջազգային ծրագիրները երկիրը պիտի մասնատէին, եւ Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնը կը թուէր մահուան դատապարտուած ըլլալ:
Սակայն, Ասատ չյաջողեցաւ Հալէպը պաշտպանել: Քաղաքը ինկաւ ժիհատականներուն եւ դուրսէն ղեկավարուող այլոց ձեռքը, եւ ան ինքզինք գտաւ Դամասկոսը պաշտպանելու հարկադրանքին տակ, որովհետեւ «Ժապհաթ Նուսրան» կը գտնուէր քաղաքին սիրտին մէջ՝ Ապպասիին հրապարակին վրայ:
Այդ ատեն էր, որ Ասատ Մարտ 2013ին մայրաքաղաքը փրկելու համար Հըզպալլայի եւ Իրանի օգնութիւնը խնդրեց: Հակառակ նկատառելի միջամտութեանը Ասատի դաշնակիցներուն, որոնք յաջողեցան Քուսէյրը, Հոմսը, Համան, Քալամունը եւ Զապատանին առնել իրենց վերահսկողութեան տակ՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ շրջանային այլ երկիրներէ զէնքերու դրամի եւ զինեալներու հոսքը ինքզինք պարտադրեց:
Ասատ եւ իր դաշնակիցները ամրապնդեցին կառավարական ուժերուն դիրքերը, սակայն չյաջողեցան վերատիրանալ Սուրիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ բազմաթիւ շրջաններու: Ուստի, որոշուեցաւ դէպի գլխաւոր քաղաքներ նահանջելով լճացած ճակատ մը ընդունելէ առաջ խաղալ վերջին խաղաքարտը: 2015ի ամրան, իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի ղեկավար Քասեմ Սոլէյմանի մեկնեցաւ Մոսկուա՝ ներկայացնելու համար գետնի վրայ զինուորական կացութիւնը: Իրան բացատրեց սուրիական պատերազմին մէջ գլխաւոր դերակատարները դարձած Միացեալ Նահանգները (ու անոր միջինարեւելան դաշնակիցները) եւ Թուրքիան դիմակայելու իր կարողութիւնը: Թուրքիա Սուրիան մասնատել վճռած ըլլալով՝ ժիհատականներուն (ներառեալ օտար զինեալներու) եւ իրեն առնչակիցներուն կը տրամադրէր զէնքեր, մարդուժ եւ գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԽԱԼՆԵՐԸ ՆՊԱՍՏԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԹԱՑՔԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ առաջին եւ մեծագոյն սխալը եղաւ ժիհատականներուն եւ իր փոխանորդներուն 2014ի սկիզբը Լաթաքիոյ դէմ յարձակիլն ու Քեսապ ու Միջերկրական ծով հասնիլ արտօնելը: Անոնք ռմբակոծեցին Լաթաքիան եւ Թարթուսը ուր ոչ միայն ամբողջ Սուրիայէն տեղափոխուած միլիոնաւոր սուրիացիներ կը բնակէին, այլ նաեւ՝ Ռուսիան ունի շատոնց հաստատուած ռազմակայան մը եւ Միջերկրականին բացուող պատուհան մը:
Թուրքիա մաս կը կազմէ ՆԱԹՕի: Միացեալ Նահանգներ շուրջ 50 «Պի.61» հիւլէական ռմբաձիգներ կը պահէ հարաւային Թուրքիոյ «Ինճիրլիք» ռազմակայանին մէջ: Սուրիոյ վրայ թրքական վերահսկողութիւնը կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կարողութիւնը պիտի ունենայ Դամասկոսի նոր իշխողին վրայ իշխանութիւն ունենալու, ով որ ալ ըլլայ ան, եւ վերահսկողութիւն պարտադրելու Թարթուսի ռուսական ռազմակայանին վրայ, եւ ռուսերը մղելու երկրէն հեռանալու: Մոսկուա պիտի կորսնցնէր Միջերկրականի վրայ ռազմավարական պատուհան մը:
Աւելին, 2011ին լիպիական վարչակարգի փոփոխութեան նկատմամբ ռուսական կրաւորական կեցուածքը Մոսկուան զրկեց միջինարեւելեան հարցերու մէջ կարեւոր դերակատարութենէ: Նոյնպէս ալ, «դիմադրութեան առանցքի», ներառեալ Սուրիոյ կորուստը, Ռուսիան պիտի զրկէր 1971ին պաասական Սուրիոյ հետ համաձայնութեան հիման վրայ Պիլատ ալ-Շամի մէջ մնալու կարելիութիւններէն: Այդ մէկը հանգուցեալ նախագահ Հաֆեզ Ասատի կողմէ որդեգրուած որոշում մըն էր եւ ոչ թէ իր զաւակին՝ Պաշշարին կողմէ:
Եւ վերջապէս Ռուսիա Սուրիոյ մէջ պատերազմը նկատեց ընթացող պատերազմի մը մէջ իր զինուորական կարողութիւնը ցոյց տալու ոսկի առիթ մը: Մոսկուա կրնար սորվիլ, դասեր քաղել պատերազմէն եւ արդիականացնել իր զինուորական կարողականութիւնը՝ յարմարելով դասական-կերլիլայական միացեալ ու նոր տիպի կռիւի մը, որ հին ու արդի պատմութեան մէջ երբեք չէ եղած: Աւելին, ռուսական օդուժը կրցաւ մարզել եւ պատրաստել արհեստավարժ նոր օդաչուներ, որոնք փոխանակ կեղծ թիրախներու՝ իրագործեցին իսկական թիրախներու դէմ յարձակումներ՝ անոնցմէ սորվելու համար:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրուած տարեկան պիւտճէն տրամադրուեցաւ Սուրիոյ մէջ «մաքուր պատերազմ»ին՝ հակառակ արեւմուտքցի վերլուծաբաններու մեծամասնութեան սուրիական տիղմին մէջ անոր անխուսափելի անկումին մասին նախատեսութեանց: Այդ վերլուծաբանները աւելի շատ ցանկութիւններ կ՛արտայայտէին քան՝ իսկական մտածումներ: Ռուսիա մերժեց Հալէպի դէմ յարձակում գործելու Ասատի պահանջը որովհետեւ այդ մէկը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն եւ նպատակներէն չէր: Ռուսիա կը փորձէր «գաւազանը մէջտեղէն բռնել»՝ Իսրայէլի հետ իր լաւ յարաբերութիւններուն, Սէուտական Արաբիոյ հետ իր հոյակապ կապերուն եւ Թուրքիոյ հետ կարեւոր փոխադարձ առեւտուրին միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելու համար:
Ահա՛ թէ ինչո՛ւ Փութին պատերազմը մղեց օդէն, ցամաքային քիչ ուժերով վերատիրանալու համար Թարթուս-Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Տարաայի շուրջ ապահովական գօտիին: Անիկա վերատիրացաւ հնագիտական Փալմիր քաղաքին եւ առանց ռուսական զոհերու, արագ պատերազմի մը մէջ իր յաղթանակը տօնեց երաժշտական ձեռնարկով մը: Ռուսիոյ յաղթանակը, դարձեալ, պարտութեան մատնեց սպասումները (կամ ցանկութիւնները) բոլոր վերլուծաբաններուն, որոնք նախատեսած էին, որ քանի մը ամիս ետք պիտի ձախողի: Փալմիրը վերագրաւուեցաւ ՏԱԷՇի կողմէ, սակայն ատիկա մարտավարական մանրամասնութիւն մըն է, հաւանաբար «շարժական պաշտպանութեան քաղաքականութեան» ծիրին մէջ (լայնածաւալ յարձակումի դիմաց քաղաքէն նահանջել եւ հակառակորդին մեծ կորուստներ պատճառելու համար հետագային կազմակերպուիլ եւ հակայարձակում շղթայազերծել):
Սակայն Թուրքիա Ռուսիան հարուածելու առիթի կը սպասէր եւ կը հաւատար, թէ կարելի է ռուսական արջին հետ խաղալ եւ անվնաս դուրս գալ: Էրտողան նաեւ կ՛ուզէր ցուցադրել իր «իսլամական ղեկավարութիւնը»՝ իբրեւ մէկը, որ Սուրիոյ մէջ իսլամականներուն տեղ իսլամական դատը կը պաշտպանէ: Անոր օդային պաշտպանութեան ուժերը Նոյեմբեր 2015ին վար առին «Սու-24»ը, եւ Թուրքիոյ կամակատարները սպաննեցին ռուս օդաչուն, երբ ան անկարգելով էջք կը կատարէր: Այս մէկը հաստատեց, որ Թուրքիա չէ տիրապետած պատերազմի արուեստին, ոչ ալ այսպիսի վտանգաւոր խաղ մը խաղալէ առաջ ճշգրիտ կերպով նախատեսած է Ռուսիոյ հակազդեցութիւնը:
Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր նպատակները փոխեց, զարգացնելով մտածուած, սակայն աւելի յարձակողական քաղաքականութիւն եւ նպատակներ՝ անտեսելով նախկին հաւասարակշռութիւնը: Ռուսիոյ վարկը վտանգուած էր: Թուրք-ամերիկեան քայլը մէջտեղ բերաւ զայրացած, սակայն ռազմավարական մտածողութեամբ ռուսական արջ մը, որ պատրաստ էր Սուրիոյ մէջ ամէն բան շրջելու: Մոսկուա Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատեց եւ քանի մը շաբթուան մէջ քանդեց այն, ինչը Թուրքիան իր կամակատարներուն հետ Սուրիոյ մէջ շինած էր հինգ տարուան ընթացքին:
Ռուսիա որոշեց ազատագրել Հալէպը եւ զայն վերադարձնել Դամասկոսի, կանգնեցուց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի եւ արեւմուտքի (Հասիճէէն Աֆրին) քրտական դաշնակցութիւն մը ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրը եւ Իսրայէլը զրկեց իր «ապահովութեան գօտիէն»: Մոսկուա Սուրիոյ մէջ կանոնները թելադրեց եւ նուազ ուշադրութիւն դարձուց Օպամայի վարչակազմին, հակառակ ամերիկեան եւ բրիտանական լրատուամիջոցներու մէջ ծաւալած բուռն քարոզչութեան: Անիկա ՄԱԿի մէջ վեթոյի ենթարկեց Սուրիոյ վերաբերող ամերիկեան բոլոր որոշումները: Այդ նպատակի իրագործման համար Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջոցները ծաւալեցան:
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսիա Թուրքիան կանգնեցուց հիւսիսային Պապ քաղաքի դարպասներուն առջեւ՝ անոր կամակատարներուն արգելք հանդիսանալու՝ Հալէպի դարպասներուն առջեւ կապի մէջ մտնելու Սուրիոյ բանակին հետ: Սակայն շաբաթներ ետք արտօնեց, որ Պապ ներխուժէ, որպէսզի ինք ապահովէ ռազմավարական գետնի վրայ աւելի կարեւոր ձեռքբերում մը՝ Իտլիպը:
Մոսկուա Ասատի օրինականութիւն պարգեւեց՝ միջազգային ընտանիքին ստիպելով Սուրիոյ ապագան քննարկելու համար Ժընեւի մէջ բանակցիլ Դամասկոսի ներկայացուցիչներուն հետ: Միայն շնորհիւ ռուսական ամբողջական աջակցութեան էր, որ Ասատ տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սպառնաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Ռուսիա նաեւ բանակցեցաւ յանուն Դամասկոսի եւ Թեհրանի (ճիշդ ինչպէս Միացեալ Նահանգները բանակցեցաւ յանուն ժիհատականներուն եւ ըմբոստներուն), որովհետեւ թատերաբեմը արդէն կը պատկանէր Քրեմլինին, Ուաշինկթընի ուժերուն եւ դաշնակիցներուն:
Ասիկա Թուրքիայէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Քաթարէն կազմուած ճամբարին եւ Ասատի ու Իրանի ճամբարին միջեւ պատերազմ մը չէ: Անիկա պատերազմ մըն է Ռուսիոյ եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ: Օպամա Սուրիոյ մէջ ճակատամարտը կորսնցուց (ոչ պատերազմը) այն պահուն, երբ ընդունեց Մոսկուայի զգուշացումը, թէ «առանց ռուսական ռազմակայանին հետ նախօրօք համակարգումի, սուրիական օդային տարածքին մօտեցող որեւէ օդանաւ վար պիտի առնուի»: Ռուս-ամերիկեան լարուածութիւնները ներկայիս աշխարհը առաջնորդած են վտանգաւոր հանգրուանի մը:
ԻՐԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇԱՀԵՐԸ
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, անոր ուժերը Սուրիոյ մէջ ներկայ են 1982էն ի վեր երբ Իմամ Խոմէյնի իր յեղափոխական պահակագունդը ուղարկեց Զապատանիի շրջան, 1982ի իսրայէլեան ներխուժումէն ետք կազմելու եւ մարզելու համար լիբանանեան Հըզպալլան: Ուստի, Հալէպի մէջ այս յաղթանակը Ասատի համար անձնական յաղթանակ մը չէ, այլ Ռուսիոյ եւ «դիմադրութեան առանցքի» յաղթանակը (թէեւ Ռուսիա այս առանցքին մաս չի կազմեր): Անիկա նաեւ ահաբեկչութեան վրայ եւ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի կամակատարներուն վրայ սուրիական կառավարութեան յաղթանակն է: Ռուսիոյ միջամտութիւնը խնդրելով՝ Իրան յաջողեցաւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլան պաշտպանել, այլապէս ժիհատականներու եւ ըմբոստներու յաղթանակը Իրան-Հըզպալլա զինուորական աջակցութիւնը շատ աւելի պիտի դժուարացնէին: Ժիհատականներն ու ըմբոստները 2012էն ի վեր կոչ ուղղած են բոլոր արդիական զէնքերու եւ հրթիռներու կանոնաւոր մատակարարման համար պարտադիր անցք եղող Դամասկոսի ճամբով Թեհրանի եւ Հըզպալլայի միջեւ պորտալարը կտրելու: Առանց զէնքերու այս շարունակական հոսքին Հըզպալլայի համար դժուար պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակը դիմակայել, ինչպէս կատարեց 2006ի պատերազմին: Իրան 1982էն ի վեր օգտուեցաւ Դամասկոսի ճամբով Լիբանան մուտքի դիւրութենէն: Այսօր անիկա ներկայ է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԻՆՉՈ՞Վ ՆՊԱՍՏԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Անիկա Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծեց ռուսական ազդեցութեան ուժեղ շրջան մը որուն մասին հազիւ թէ կրնար երազել Քրեմլինը:
Ռուսիոյ արտօնեց, հարկ ըլլալու պարագային, մահաբեր զինուորական ուժ գործադրել, համաչափ ռազմական կարիքներ, եւ մանաւանդ ՄԱԿի մէջ պաշտպանութիւն տրամադրելով, իր գործընկերներն ու բարեկամները պաշտպանելու կարողութիւնը փաստեց:
Ռուսիոյ արտօնեց սուրիական պատերազմը օգտագործել իբրեւ իր զինուորական ուսման լաւագոյն բեմը՝ փաստելով իր զինուժի տարողութիւնը եւ իր ուժերուն արտօնելով սորվիլ ժիհատականներուն օգտագործած դասական-կերիլլայական (հրոսակային-Խմբ.) ոճի մարտավարութիւններէն: Այս մէկը իւրաքանչիւր բանակի երազն է:
Անիկա Ռուսիոյ առիթ ընծայեց ցուցադրելու իր սպառազինութիւնը՝ իր ռազմավարական օդանաւներն ու հրթիռները օդանաւակիրները եւ հեռուէն թիրախներ հարուածելու կարողութիւնը, եւ այդպիսով Մոսկուայի համար զէնքերու նոր շուկաներ յառաջացուց:
Հըզպալլայի կազմակերպուած սակայն անկանոն ուժերուն առիթ ընծայեց կերիլլայական պատերազմի մէջ իր ամէնէն լաւ մարզուած մասնայատուկ ուժերու ճամբով դասական զէնքեր օգտագործել: Հըզպալլան փորձառութիւնը շահեցաւ հրետանիի կամ օդային հարուածներու տակ իր ուժերը տեղափոխելու եւ կռուեցաւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն կողմէ մարզուածներուն դէմ՝ անոնց, որոնք 1979ին Աֆղանիստանի մէջ կռուած էին ռուսական ուժերուն դէմ եւ Իրաքի մէջ՝ ամերիկեան ուժերուն դէմ: Հըզպալլան կրցաւ փորձառութիւն շահիլ սուրիական բանակին հետ կողք-կողքի կռուելով, վերջիններուս ուժեղ եւ տկար կէտերը տեսնելու ինչպէս նաեւ իսկական ճակատամարտերու մէջ անոնց վստահելիութիւնը վայելելու:
Յստակ է, թէ Հըզպալլան անպայման այս իւրայատուկ փորձառութենէն պիտի օգտուի իր յաւիտենական թշնամիին՝ Իսրայէլի դէմ յաջորդ պատերազմին ընթացքին:
Իրան կրցաւ դարձեալ ինքզինք հաստատել Սուրիոյ մէջ՝ ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրելով եւ իր կամակատարները կռուելու համար բերելու այդ երկիրը: Անոր ապագայ ներկայութիւնը կրնայ աւելի հանդուրժելի ըլլալ բնակիչներուն համար, քան ինչ որ էր այս պատերազմէն առաջ:
Սուրիական բանակը վերածուեցաւ իր ժամանակին մեծամասնութիւնը զօրանոցներու մէջ անցնող բանակէ մը մարտական լայն փորձառութիւն ունեցող զինուորութեան այլ թեւերուն հետ (օդուժ ծովուժ ցամաքային ուժեր զրահապատ մեքենաներու ուժեր եւ անկանոն ուժեր) ներդաշնակ կերպով գործելու կարող արհեստավարժ բանակի մը:
Դամասկոսի կառավարութեան ստիպեց ստեղծել Ազգային պաշտպանութեան ուժ մը եւ մասնայատուկ ուժերու 16 յաւելեալ զօրամասեր որոնք 1.5 տարուան մարզումի կ՛ենթարկուին, կարողութիւնը ունին ամէն տեսակի զէնքեր օգտագործելու, զինուած են կուռ գաղափարաբանութեամբ եւ խանդավառ Հըզպալլայի նման գաղափարապաշտներու կողքին կանգնելու: Այս ուժը, անկասկա, պիտի օգտագործուի Իսրայէլէն բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներու վերադարձը պահանջելու համար:
ԻՐԱՆՆ ՈՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ
Ռուսիան պիտի չմիջամտէ Իրանի եւ Հըզպալլայի ի նպաստ, եթէ վերջիններս իրենց զէնքերը ուղեն Իսրայէլի դէմ կամ հարաւային Սուրիոյ ճակատէն յարձակում գործեն իսրայէլեան ուժերուն դէմ: Ռուսիա չէ հետաքրքրուած այդ պայքարով, ուստի, Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ ոչ մէկ անակնկալ յարձակում կը նախատեսուի, մինչեւ այն ատեն, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի զինանոցին դէմ իսրայէլեան օդային հարուածներուն ընթացքին Հըզպալլայի զինեալներու կորուստներ չեն արձանագրուած:
Սակայն, Ասատ կրնայ այդ հողին վերատիրանալու մասին մտածել, որովհետեւ այժմ Հըզպալլայի նմանող ուժեր ունի: Ասատ այլեւս կարիքը չունի քիմիական զէնքերու, որոնք իրենց ազդեցութեան անհամեմատ աղմուկ կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին: Բաւարար քանդիչ ուժով հեռահար հրթիռներ եւ Հըզպալլայի ոճով կերիլլայական պատերազմ մղելու կարող ուժ մը. մահացու զուգորդութիւն մը են այս երկու տարրերը, որոնք Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար կը ստեղծեն լուրջ մտավախութիւններ:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ
Սուրիոյ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, սակայն, անոր ընթացքով, հաւանական որեւէ փոփոխութենէ կամ բարդութենէ անկախ, պատերազմը շահելու Ռուսիոյ վճռականութիւնը հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ: Ասատի մահը կամ իշխանութենէն հեռացումը հեռաւոր ապագայի դէպքերու զարգացման մէջ կը դառնայ անկարեւոր:
Ռուսիա Սուրիոյ այս արարին մէջ յաղթանակ արձանագրեց: Եթէ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կառավարութիւններ տապալելէ զգուշանալու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր յայտարարած քաղաքականութեան հետեւի, կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ չէ պարտուած: Փոխարէնը, ռուս-ամերիկեան նպատակները պիտի համընկնին՝ տարիներու ընթացքին «նոր պահպանողական» վարչակազմերու ամերիկեան միջամտութիւններուն պատճառով արձանագրուած հարիւր հազարաւոր զոհերու ու միլիոնաւոր տեղահանուածներու պատճառ դառնալէ ետք: Երբ երկու գերուժեր Միջին Արեւելքի մէջ կը կռուին, աշխարհի այդ մասին մէջ յաղթողներ չկան, այլ միայն քանդում, կեանքերու եւ կալուածներու կորուստ: Ի վերջոյ, Սուրիա դարձած է ռուսական եւ ամերիկեան ազդեցութիւններու միջեւ բաժնուած հողամաս մը, անոնց վէճերը հարթելու բեմահարթակ մը:
Թարգմանութիւնը «Հորիզոն»ի