Սուրիահայ Օգնութեան խաչը կը փութայ արաբ քաղաքացիներու օգնութեան

18 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը մարդասիրական առաքելութեամբ այցելեց երկրաշարժին հետևանքով տնազուրկ դարձած և վրաններու տակ ապաստանած արաբ քաղացիներուն։ Երկրաշարժին հետեւանքով անօթեւան մնացած էին շատեր, սննդամթերքի եւ դեղորայքի կարիքը ակնյայտ էր։

Հալէպի Պոստան Փաշայի և այլ շրջաններու բնակչութեան տրամադրուեցան աւելի քան 300 ակրատ (սէնտուիչ) եւ թիւով 200 կնոջական ծրարներ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.