Սուրիահայութիւնը միասնական շարքերով մասնակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն

15 Յուլիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը, իր համայնքապետներով, հայկական կազմակերպութիւններու, բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային խիտ շարքերով, Սուրիոյ զանազան նահանգներուն մէջ մասնակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն։

Հալէպի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական, մշակութային, մարզական բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկի (Գաբրիէլեան) եւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ու վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ ուղղուեցան ընտրական կեդրոն` մասնակցելու քուէարկութեան:

Ընտրական կեդրոններէն ներս քուէարկութեան աշխատանքի հեզասահ ընթացքին, ինչպէս նաեւ ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն կամաւորաբար կը մասնակցէին հալէպահայ միութիւններու երիտասարդ-երիտասարդուհիները։

Ընտրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։00։

Comments are closed.