Սուրէն Սրբազանի Յիշատակին. Աստուած Մոմ Մըն Ալ Մարեց…

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Երէկ իրիկուն երկու հեռախօսազանգեր մին Մոնրէալէն եւ միւսը` Պէյրութէն, գրեթէ միաժամանակ գուժեցին միաբանակից աւագ եղբօրս` Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վախճանումը:

Վստահ եմ, որ Սուրէն սրբազանի բարեմասնութիւններն ու վաստակը բազմաթիւ անձերու կողմէ բանաւոր եւ գրաւոր յիշատակութեան պիտի արժանանան երկարօրէն, որովհետեւ ան լուսավառ մոմ մըն էր Հայ եկեղեցիի ծառայութեան տաճարին մէջ եւ շատերու հայ քրիստոնէական կեանքը լուսաւորած էր իր ստանձնած պատասխանատուութիւններու ճանապարհին վրայ:

Հազիւ սրբազանին յաւիտենական հանգիստի անմիջական ցնցումը թօթափած` խղճի պարտք համարեցի փոխադրուիլ Անթիլիասի դպրեվանքի 1973-1974 ուսումնական տարեշրջան եւ ներկայացնել փոխտեսուչս` հայր Սուրէնը, եւ առնչակից դէմքեր ու դէպքեր, այդ օրերու տպաւորութիւններուս վերբերումով եւ 50 տարուան կամարումով:

Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մութ ամպերը սկսած էին դիզուիլ մայրիներու գեղեցիկ երկիրին երկնակամարին վրայ, 11 տարեկան պատանի` դպրեվանք ընդունուեցայ: Տեսչական կազմը ունէր չորս անդամ. Արտաւազդ արք. Թրթռեան` տեսուչ, Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան` փոխտեսուչ, Անուշաւան աբղ. Դանիէլեան` հսկիչ եւ Զարեհ սրկ. Էքմեքճեան` հսկիչ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նկարագրային գիծերով մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէր եւ դպրեվանեցիներս կազմաւորելու առաքելութեան մէջ իր ներդրումը կ՛ունենար: Արտաւազդ սրբազան իր խիստ եւ լուռ հովանին կը տարածէր ամէնուր ու բոլորիս վրայ, հայր Սուրէն ընդհանրապէս ընկերային էր եւ անակնկալօրէն պոռթկուն ու բարեբախտաբար շուտ մարող բնաւորութիւն ունէր, հայր Անուշաւան` իր անունին նման քաղցր, մեր աւագ եղբայրն էր, տիրացու Զարեհ` տաղանդաւոր ասմունքող, տիրական դարձած էր հայ գրականութեան ու մանաւանդ հայ բանաստեղծութեան սէրը մեր մէջ ներարկելով:

Հայր Սուրէն նոր վերադարձած էր Մոնրէալի իր հովուական ծառայութենէն եւ միաժամանակ  քանի մը պաշտօններ` փոխտեսուչ, շարականի ուսուցիչ, դիւանապետ, լուսարարապետ, կը վարէր: Ան հանդիսացաւ Կիլիկեան ուխտի այն սակաւաթիւ միաբաններէն, որ Հիւսիսային Ամերիկայի ծառայական առաւել ձեռնտու պայմանները անմիջապէս թողուց եւ մայրավանք վերադարձաւ, երբ Խորէն Ա. կաթողիկոս զինք տուն կանչեց: Անշուշտ 1973-ին այս մէկը տակաւին չէի գիտեր. սակայն այսօր, երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ մեր դպրեվանքին ու միաբանութեան յումպէտս կորսնցուցած մարդուժին վրայ, կ՛անդրադառնամ, որ հաւաքականութիւն մը, մանաւանդ` հոգեւոր-ազգային ծառայութեան կոչուած միաբանութիւն մը, որքա՜ն կարիքը ունի կարգապահութեան, որ կոչումը կը գգուէ, որդիական հնազանդութիւնը կը մշակէ, ծառայութիւնը կը խթանէ եւ եղբայրական սէրը կը զեղու:

Լիբանանը քարուքանդ դարձուցած պատերազմը ազդեց նաեւ դպրեվանքին վրայ, եւ 1973-1974 կրթական տարեշրջանի նախապատրաստական դասարանի շուրջ քսան սաներէն միայն ես մնացի: Յատկապէս արտագաղթի պատճառով, դասընկերներս հեռացան Լիբանանէն եւ դպրեվանքէն: Դժբախտաբար անոնք միայն յուշի քաղցրութեամբ յամեցող անուններ են այսօր ինծի համար. չեմ գիտեր` ո՛ր երկինքի տակ կը գտնուին եւ ի՛նչ կ՛ընեն:

Այդ երանելի օրերուն հայր Սուրէն ամէնէն շատ զիս տպաւորած է իր գերաշխուժ աշխատասիրութեամբ: Բարեբախտաբար միշտ ալ այդպէ՛ս մնաց ան: Ան ամէն տեղ էր անխափան. մայր տաճար` ամէնօրեայ աղօթական կեանքին մասնակից, վեհարան` գրասենեկային եւ յարաբերական աշխատանքով ծանրաբեռն (այդ օրերուն վեհարանը միայն երկու պաշտօնեայ եւ երկու ծառայող ունէր), սեղանատուն` դպրեվանեցիներուս ճաշերուն սեղանակից, փոխտեսուչի գրասենեակ` սաներուս առօրեայ հարցերով զբաղած եւ դեռ կարելի է երկարել շարքը` ձեռնարկներու ներկայութիւն, ժողովական կեանքի հեւք, այցելուներու հետ հանդիպում եւ այլն: Ի մի բան, կը տեսնէի, որ ան ֆիզիքապէս կը յոգնէր, սակայն գերմարդկային նուիրումով ու իր կոչումին խոր գիտակցութեամբ կը շարունակէր իրեն վստահուած պաշտօնները պարտաճանաչօրէն կատարել` դպրեվանեցիներուս եւս լաւ օրինակ ծառայելով:

Այսօր, երբ Սուրէն սրբազանի երկրաւոր կեանքը կ՛աւարտի եւ Տիրոջ կամքով գրեթէ 85-ամեայ կեանքին մոմը կը շիջի, կը մաղթեմ, որ Քրիստոսի երանական հրաւէրը իրեն համար եւս հնչէ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, … եկուր եւ մասնակից եղիր Տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ 25.21):

Սուրէն սրբազան միշտ հաւատաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի նուիրեալ մարդ պատրաստելու եզակի առաքելութեան: Ինք դպրեվանքի շրջանաւարտներու լաւագո՛յն տիպարներէն էր, եւ կը հաւատամ, որ իր կտակն է. «Հա՛յ ծնող, եթէ առողջ Հայ եկեղեցի եւ ծաղկուն հայ մշակոյթ կ՛ուզես, զաւակդ վստահէ՛ դպրեվանքին: Այսօրուան դպրեվանեցին մեր վաղուան հաւաքական կեանքին սպասաւորն է: Աստուած այսպէ՛ս միշտ նոր մոմեր պիտի վառէ…»:

18 դեկտեմբեր 2023

Comments are closed.