Սամուէլ Շահրամանեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ընդունած է 29-30 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նիքոլաս Պեյի, իտալացի երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «Ռեքոնքուեթ» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման մասին իր դիմատետրեան էջին մէջ գրառում կատարած է ֆրանսացի երեսփոխան Մարիոն Մարեշալը` կարեւոր նկատելով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը: Երեսփոխանը շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ազրպէյճանը կը ցանկայ բնաջնջել հայերը ու ոչնչացնել քրիստոնէութեան հետքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Միւս կողմէ, 29-30 հոկտեմբերին իրենց աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին յայտնելու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու հետ հանդիպելու նպատակով, Հայաստան կը գտնուէին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նիքոլաս Պեյի, իտալացի երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «Ռեքոնքուեթ» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած պաշտօնեաներու եւ քաղաքական առաջնորդներու հետ, որոնց հետ քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակի եւ Ազրպէյճանի Արցախ ներխուժման վերաբերեալ եւրոպական տարբեր պետութիւններու արձագանգներու հետ առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Մասիս եւ Վարդենիս քաղաքներուն մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, լսած անոնց պատմութիւնները, ծանօթացած խնդիրներուն:
Պատուիրակութեան անդամները մտադիր են շարունակել եւրոպական հարթակներուն մէջ բարձրաձայնել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը դիւանագիտական եւ տնտեսական գործուն քայլերու ձեռնարկէ ազրպէյճանական ռազմական նախայարձակումի զսպման եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Comments are closed.