Սամուէլ Կարապետեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ եւս երկու ամիս
- (0)

Արդէն հինգ ամիսէ ի վեր կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ եւս երկու ամիս։
Կարապետեանի փաստաբանները նշեցին, որ Կարապետեան դատարանին առջեւ կրկին հաստատած է իր անմեղութիւնը եւ պահանջած է ազատ արձակել զինք։ Սակայն դատաւոր Սարգիս Դադոյեան ընդունած է քննիչներու եւ դատախազութեան ներկայացուցած տեսակէտը, ըստ որուն՝ Կարապետեանը ազատութեան մէջ մնալով կրնայ խանգարել դատաքննութեան ընթացքը։
Նշենք, որ Սամուէլ Կարապետեանի բնակարանի խուզարկութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 17-ին՝ այն պահէն անմիջապէս ետք, երբ ան հրապարակաւ պաշտպանած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ հայտարարելով, թէ «փոքր խումբ մը, մոռնալով հայոց պատմութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ հազարամեայ ընթացքը, յարձակած է հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի վրայ»։ Յաջորդ օրը՝ Յունիս 18-ին, Կարապետեան կալանաւորուեցաւ երկու ամսուան համար։ Օգոստոս 15-ին դատաւոր Տիգրան Դաւթեան եւս երկու ամիս երկարաձգեց անոր կալանքի ժամկէտը։