Սաղաթէլեան․ «անօրինականը Նիկոլ Փաշինեանն է եւ անոր քաղաքական խումբը»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, թէ ընտրութիւններուն արդիւնքով ոչ թէ ընդդիմութեան, այլ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խումբի օրինականութիւնն է, որ լուրջ հարցականի տակ դրուած է։
Սաղաթելեան նշած է, որ իշխող ուժը աննախադէպ արտաքին միջամտութեան, վարչական լծակներու լայն կիրառման եւ բազմաթիւ խախտումներու պայմաններուն մէջ նոյնիսկ չէ կրցած ապահովել քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներու ձայներուն 50 առ հարիւրը։ Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ ընդդիմադիր ուժերը, հակառակ բռնաճնշումներուն եւ ընտրախախտումներուն, միասին ստացած են շուրջ 550 հազար քուէ։
Սաղաթէլեան քննադատած է Փաշինեանի այն պնդումները, թէ ընդդիմութեան ստացած քուէները կեղծուած են կամ ձեռք բերուած են ընտրակաշառքով, եւ յայտարարած է. «Եթէ այս երկրին մէջ կայ ոչ օրինական քաղաքական ուժ, ապա այդ Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր քաղաքական խումբն է»։