Սաղաթելեան․ Պաքուի պահանջներուն հետեւիլը բանակցութիւն չէ

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացին մէջ հրաժարած են սեփական օրակարգ ձեւաւորելէ եւ կը հետեւին Ատրպէյճանի առաջադրած պահանջներուն։

Սաղաթելեան իր հրապարակումին մէջ քննադատած է իշխանութիւններու այն մօտեցումը, ըստ որուն՝ հերթական զիջումներուն ընդդիմանալը կը ներկայացուի իբրեւ պատերազմի վտանգ ստեղծող դիրքորոշում։

«Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները կատարելու եւ պատերազմի միջեւ կայ գլխաւոր օղակը, զոր այս իշխանութիւնը ամբողջովին ջնջած է՝ պետական շահերու վրայ հիմնուած, գրագէտ ու արդիւնաւէտ բանակցութիւն վարելն ու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելը», գրած է ան։

Անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող Պաքուի պահանջներուն՝ Սաղաթելեան նշած է, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան նախաբանն ալ իր հերթին յղում կը կատարէ 1991-ի Անկախութեան օրէնքին, ուր երկիրը կը ներկայանայ իբրեւ 1918-1920 թուականներու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իրաւայաջորդը։ Անոր համաձայն՝ եթէ սահմանադրական բնոյթի հարցերը խաղաղութեան նախապայման կը նկատուին, ապա հայկական կողմը պէտք է նոյն հարցը բարձրացնէ նաեւ Ատրպէյճանի առնչութեամբ։

Սաղաթելեան նաեւ ընդգծած է, որ բանակցային օրակարգի առաջնահերթ հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ 2020-էն ետք ատրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն գրաւուած հատուածներու ապագրաւումը։

Ան անդրադարձած է նաեւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեզին՝ շեշտելով, որ հայկական կողմը անոր պէտք է հակադրէ Ատրպէյճանի քաղաքներէն բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը։

Պատգամաւորը անհրաժեշտ նկատած է նաեւ, որ բանակցութիւններու ընթացքին յստակ պահանջով բարձրացուի բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ ապօրինաբար պահուող հայերու անյապաղ ազատ արձակման հարցը։

«Քանի դեռ բանակցային օրակարգը կը թելադրէ միայն Ատրպէյճանը, անոնք կը դադրին բանակցութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուին միակողմանի զիջումներու անվերջ շղթայի», եզրափակած է Սաղաթելեան՝ շեշտելով, որ «պատերազմ կամ ամէն ինչ յանձնել» ընտրութիւնը կեղծ երկընտրանք է, եւ որ այլընտրանքային լուծումներ գոյութիւն ունին։