Ռոպերթ Քոչարեանի Մամուլի Ասուլիսը Տեղի Չունեցաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամուլի ասուլիսը, որ նախատեսուած էր ժամը 12:00-ին, տեղի չունեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

ասուլիսի մեկնարկէն առաջ, Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը վերացնելու որոշումին դէմ բողոքող քաղաքացիները ներխուժած էին «Էրեբունի պլազա» հիւրանոցի մամուլի սրահ, ուր պիտի կայանար Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսը:

Բողոքի ցոյցին մասնակցողները որոշ ժամանակ մնացին սրահին մէջ, այնուհետեւ յայտարարեցին, որ իրենք նպատակ ունէին տապալելու ասուլիսը, որ յաջողցուցած էին: Անոնք լքեցին սրահը, այնուհետեւ՝ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք՝ որոշում կայացուցին երթով շարժելու դէպի գլխաւոր դատախազութեան շէնք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.