«Պիտի ծառայեմ հայրենիքիս». Հայաստանի մէջ մեկնարկուեցաւ ամառնային զօրակոչը

Հայաստանի մէջ Յուլիս 2-ին մեկնարկուեցաւ 2018 թուականի ամառնային զօրակոչը:

առաւօտեան կանուխ ժամերէն ընտանիքներ եկած էին Հայաստանի հանրապետական հաւաքակայան` տղաքը բանակ ճանապարհելու։ Հարազատները ներկայ էին վիճակահանութեան, որուն ընթացքին կ՚որոշուի, թէ իւրաքանչիւրը ո՛ւր պիտի ծառայէ։

ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտատի պետ, զօրաբաժինի ընդհանուր զօրավար Արտակ Դաւթեան նոյնպէս եկած էր հաւաքակայան։ Ան զրուցեց նորակոչիկներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ, ծանօթացաւ բժշկական յանձնաժողովի արդիւնքներուն եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն։

Ամառնային զօրակոչը կը տեւէ մինչեւ Յուլիս 31։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.