Պարտաւոր Էք Գալու Եւ Ղեկը Ստանձնելու
- (0)

Ստորեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը` արտասանուած Պէյրութի մէջ կայացած ՀՅԴ ԶՈՄի 120-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, 25 մայիս 2025-ին:
120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի:
Դաշնակցութեան նազովրեցի սուրբին` Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարի եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ, այլ նաեւ յաջողեցաւ դառնալ համադաշնակցական կեանքին եւ համահայկական մտածողութեան զարգացման կարեւոր դերակատարներէն մէկը ու, հակառակ 120 տարիներու քաղաքական, պատերազմներու, տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական եւ այլ վերիվայրումներու, Լիբանանի, աշխարհատարածքի թէ համահայկական իմաստով, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը մնաց` ամուր, Քրիստափորի յարատեւ պայքարի ուղիին հետեւող, անզիջող, խիզախ, մարտունակ եւ գործունեայ:
Բնական հաստատում է ընդհանրապէս այն, որ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը հիմքն են հաւաքականութեանց ուժականութեան, կայծը` զարգացման ու յառաջդիմութեան տեսիլքին, կենդանի զինամթերքը` վճռակամութեան ու պայքարի եւ էական գործիքակազմը` տարբերութիւն յառաջացնելու, նորարարութեան ու փոփոխութեան:
Հետաքրքրական հարցադրում մը յաճախ կը դրուի մեր դիմաց:
Արդեօք տակաւին շատ երիտասարդ Քրիստափոր, Ռոստոմ եւ Զաւարեան, երբ կը յայտարարէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը, մտածա՞ծ էին, որ այս կուսակցութիւնը դուրս պիտի ելլէ հայրենական հողերէն, անոր գաղափարաբանութիւնը պիտի տարածուի աշխարհով մէկ եւ պիտի ապրի ամբողջ 135 տարի:
Նոյն ձեւով, երբ Ս. Զաւարեան Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին պիտի մէկտեղէր համալսարանական ուսանողներ Պէյրութի մէջ, կը մտածէ՞ր, որ այս միութիւնը պիտի ապրի ամբողջ 120 տարի, պիտի գործէ տարապայման կացութիւններու մէջ, իր շարքերէն նահատակներ պիտի իյնան համահայկական պայքարի զոհասեղանին, պիտի դառնայ մեր ժողովուրդին կողմէ փնտռուած ու յարգուած շարժիչ ուժ, իսկ Դաշնակցութեան մէջ պիտի վերածուի գաղափարական հնոցի, ուր պիտի մէկտեղուին տարբեր միջավայրերէ, քաղաքակրթական, քաղաքական, համայնքային զանազան ուղղութիւններու պատկանող համալսարաններէ եկած ուսանողներ` Դաշնակցութեան գաղափարական պարունակին մէջ դառնալու հայ ժողովուրդի դատին նուիրուած զինուորագրեալներ:
ԶՈՄ-ը առաջին հերթին գաղափարական միաւոր է, ուր հայ ուսանողը եկած է` իր ազատ կամքով գործելու ազատութեան, անկախութեան, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, խտրականութեան մերժումի, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ազատագրութեան պայքարի, հայկականութեան եւ հայրենիքի պահպանման գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք պաշտպանելով մեր հաւաքական կեանքին մէջ` իրականութիւն դարձնելու եւ այդ գաղափարները տարածելու ի խնդիր:
Որեւէ համախմբում, քաղաքական կազմակերպութիւն չի կրնար գոյատեւել, երբ կը զիջի գաղափարը: Գաղափարն է մնայունը, մնացեալ բոլորը գնայուն են: Գաղափարն է կուսակցութեան գոյատեւման հիմքը, իսկ երբ կը խամրի գաղափարը եւ գաղափարին հանդէպ հաւատքը, կը քանդուի կուսակցութիւնը, իսկ այլապէս, կը վերածուի շահադիտական մօտեցումներով իրարու քով եկած անհատներու ընկերակցութեան:
ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը իր գաղափարաբանութիւնն է` միատեղելով համամարդկային արժէքները հայկական արժէքներուն հետ, փոխներգործութեամբ զանոնք հարստացնելու եւ դնելու մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժութեան պահպանման համընդհանուր պայքարին ի սպաս:
ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան գաղափարի, մտքի եւ գաղափարական հարստութեան պահպանման հիմնական ներդրողն է եւ անոր պաշտպանը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ:
Դաշնակցութիւնը գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած կազմակերպութիւն է, որուն մաս կը կազմեն Հայաստան աշխարհէն ու սփիւռքացած հայութենէն բազմահազար ընկերներ: Բնականաբար տարբեր պայմաններ, մշակոյթներ, ընկերային հասկացողութիւններ, խայտաբղէտ միջավայրեր, սովորութիւններ, մօտեցումներ, յաճախ ընտրանքներ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան մեր ընկերներուն մտածելակերպին, վարուելակերպին եւ անձնական թէ հաւաքական ու հրապարակային դրսեւորումներուն վրայ: Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը իր ճկունութեամբ կը միաձուլէ այդ բոլորը կարգապահական յատուկ ձեւաւորումներով` միշտ պահելով ընկերականութեան սկզբունքը, սակայն երբեք զիջելով կազմակերպութեան ամրութիւնն ու գաղափարը վտանգող մօտեցումներուն դիմաց: Դաշնակցութեան կարգապահութեան ըմբռնողութիւնը կարելի չէ չարաշահել յանուն մարդու ազատ կարծիքի եւ անկաշկանդ կեցուածքներու: Ազատ կամքով Դաշնակցութեան շարքերուն միացողը, ազատ կամքով Դաշնակցութեան կը զիջի նաեւ Դաշնակցութենէն դուրս այլ ազատութիւններ, որոնք, երբեմն թերես արժէք ըլլալով հանդերձ, չեն կրնար դաշնակցական կազմակերպութեանը ըլլալ:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ը կազմակերպական այս ամրութեան պաշտպանը եղած է տեւաբար: Ուսանողի խառնուածքը, հարցերուն նորարար մօտեցումները, կարծրատիպերէ դուրս գալու արդար ու պահանջուած ձգտումը, կեանքի պայմաններու հետ պատշաճեցման ակնկալութիւնները միշտ ալ սուր ձեւով դրուած են ԶՈՄ-ի մէջ եւ դարձած` կարծր քննարկումներու առարկայ: ԶՈՄ-ը եւ ԶՈՄ-ի առաքելութեան հաւատացող Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմինները այս բոլորը նկատած են առողջ, հարստութիւն եւ Դաշնակցութեան զօրացման հիմնական նախապայման: Սակայն, երբ եղած են չափազանցութիւններ, քանդիչ սադրանքներ եւ դաւեր, ԶՈՄ-ը ինք միահամուռ կերպով տուած է պատասխան եւ ինքզինք բիւրեղացուցած` պահպանելով գաղափարն ու կազմակերպութիւնը:
Այսպէս եղած է ԶՈՄ-ը եւ վստահաբար այսպէս պիտի մնայ:
ԶՈՄ-ը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջին ուսանողական միութիւնն է: Իր գործունէութեամբ յեղափոխութեան հաւատացող Դաշնակցութեան ուսանողական միութիւնը տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Ու երբ յեղափոխութիւնը զէնքի լեզուն է, մեր ուսանողութիւնը դեռ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ այդ լեզուն գիտցած է գործածել ու անոնցմէ շատեր ինկած են զէնքի հասկացողութեան յեղափոխական գործին մէջ: Եւ երբ յեղափոխական նեղ ըմբռնումով զէնքը անհրաժեշտ եղած է Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան, մեր ընկերները նաեւ եղած են հոս ու ինկած ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանելու պատնէշին վրայ: ԶՈՄ-ականը նոյն հաւատքով եղած է Արցախ, ազատագրութեան կռիւի ընթացքին թէ Արցախը թուրքին յանձնելու դաւադրութեան դէմ ծառանալու համար: Ու ԶՈՄ-ականի արիւնը շաղախուած է Արցախի հողին, եւ նահատակները կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ:
Դաշնակցութեան ըմբռնողութիւնը յեղափոխութեան մասին, նիւթական հասկացողութեամբ սովորական զէնքը չէ միայն: Այլ այդ զէնքին անհրաժեշտութեան ու այդ զէնքի գործածութիւնը հաւատքի վերածելու գաղափարական հիմքին ու յեղափոխական մտածողութեան մէջ է, զայն ճիշդ ու ատենին գործածելու հոգեբանութեան, համոզումի ու կամքի թրծման մէջ է: Զէնքը` առանց գաղափարական ենթահողի, մարդ անհատն ու հաւաքականութիւնները կը վերածէ անիշխանական միլիսներու, գաղափարազուրկ հրոսակներու կամ, լաւագոյն պարագային, այլոց ընտրանքներուն ծառայող եւ այդ ընտրանքները` յաճախ իրերամերժ, գործադրելու վարձկանութեան:
Դաշնակցութեան զէնքը գաղափարական զէնքն է իր ամէնէն լայն ըմբռնողութեամբ: Իսկ Դաշնակցութեան յեղափոխական ըմբռնողութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան, մտածելակերպի, ազգային արժէքներու համակարգի, լինելիութեան պահանջի ընդհանրական յեղափոխութիւնն է, որուն զէնքերը շատ են, կարիքը` վիթխարի, եւ հաւատացողներու զանգուածի ուռճացումը` հրամայական պահանջ:
ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած: Մեր կեանքը, մտածողութիւնը, ստրկամտութիւնն ու այլոց ծառայելու սովորամոլութիւնը հիմնովին յեղափոխելու ընդհանրական ճիգին առաջին խրամին զինուորները ըլլալու կոչուած է ԶՈՄ-ը:
Ու երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն տուած է դաշնակցական ուսանողական միութեանց, իսկ Ընդհանուր ժողովներու յատուկ առանձնաշնորհումներ տուած է ԶՈՄ-ին եւ ապա միւս ուսանողական ու երիտասարդական միաւորներուն, ուրեմն արդար ակնկալութիւն է նաեւ, որ այդ միաւորները արժեցնեն իրենց գոյութիւնը, գործօն մասնակցութիւն բերեն տարբերութիւն յառաջացնելու, նորարարութեան համաշխարհային ոչ միշտ անմեղ ընթացքը ազգայինի վերածելու, փոփոխութիւն ներմուծելու եւ հետզհետէ հիւծող համաշխարհայնացումի հետեւանքները յեղափոխելու հրամայական պահանջին:
Եթէ կը տօնենք 120-ամեակ ու պիտի շարունակենք տօնել այլ ամեակներ եւս, ապա իւրաքանչիւր ամեակ իրեն հետ պարտի բերել նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ եւ նոր նուաճումներ:
Անցեալին մէջ ապրող կուսակցութիւն չի կրնար ըլլալ Դաշնակցութիւնը: Այդ իր գոյութեան իմաստին իսկ հակառակ է:
Սիրելի՛ զաւարեանական ընկերուհիներ, ընկերներ,
120-ամեակի աւարտը նշող Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ դուք` ընկերներ, հսկայ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած էք այսօր` ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ` զարգանալով յառաջ երթալու, պատնէշները քանդելու եւ մանաւանդ` սովորական դաշնակցական չըլլալու:
Մնացէք խիզա՛խ, զաւարեանական ընկերներ:
Մի՛ վհատիք ձեզ շրջապատող պայմաններուն ի տես:
Վատառողջ երեւոյթներ տեսէք, մի՛ յանձնուիք, այլ վիրահատեցէք զանոնք:
Մի՛ զիջիք ձեր սուր քննադատութիւններուն մէջ: Կրնաք սխալիլ, բայց քաջութեամբ ընդունեցէք սխալը եւ անսխալ շարունակեցէք ձեր ճանապարհը:
Թիրա՛խ դարձուցէք ամէն ինչ, որ կը տկարացնէ մեզ: Դաշնակցականի յատուկ, մարտունակ, անկախ ու խիզախ մտածողութեամբ դատեցէ՛ք:
Վանեցէ՛ք հիասթափութիւնը ձեր մտքերէն ու հոգիներէն: Մերժեցէ՛ք հաշտուիլ կատարուած իրողութեանց հետ: Դուք ենթադրուած էք իրողութիւններ հրամցնել:
Դաշնակցականի գաղափարական հիմքերէն մեկնեցէք` նորը, փոփոխութիւնը, աւելի լաւը հրամցնելու, ազգայինի ու հայկականի վերածելու, յեղափոխականացում յառաջացնելու ձեզմէ սպասուած պայքարին մէջ:
Ոչ մէկ ուժ կամ անհատ իրաւունք կրնայ ունենալ վախ ու սարսափ յառաջացնելու ձեր հոգիներուն մէջ, եթէ դուք պատրաստ չըլլաք վախնալու: Ձեր ամբողջ ուժով ու կամքով վանեցէք վախը ու մնացէք խիզախ:
Հայութեան, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման` մի՛ տկարանաք, մի՛ վհատիք, մի՛ սարսափիք:
Երիտասարդութիւնը կը շարժէ լեռները:
Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի վերածուիլ ժայռի, որ կը վանէ հարուածները ու կը շպրտէ խճաքարերը:
120 տարի փոթորիկներուն դիմացող Դաշնակցութեան ԶՈՄ-ը ձեզմով եւ գալիք սերունդներով պարտի ճառագայթել, նոր բարձունքներ նուաճել, դիմանալ, դիմադրել, ի հարկին նորը կառուցելու համար, աւելի լաւը ամրացնելու համար քանդել հինը, որպէսզի անպայման հասնինք մեր նպատակին, վերադառնանք տուն, հայրենի տուն, Արարատով ու Արցախով Հայաստան:
Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ:
Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին` ողջո՛յն ձեր 120-ամեայ գործունէութեան: Հսկայական ակնկալութիւններով դիմաւորեցէք գալիք ժամանակները:
Իսկ ես` իբրեւ նախկին զաւարեանական, կը խոնարհիմ մեզմէ հեռացած բոլոր նախկին ընկերներուն յիշատակին առջեւ ու բոլոր նախկին զաւարեանական ընկերներուս անունով կրնամ ըսել` վա՛րձքը կատար բոլորին, որոնք հաւատացին, եկան, գործեցին, տքնեցան, մնացին դաշնակցական:
Մենք ձեզի հետ ենք:
Հերթը ձերն է, դո՛ւք էք ապագան:
Մի՛ դանդաղիք ձեր պատասխանատուութեանց ստանձնման մէջ:
Պարտաւոր էք գալու եւ ղեկը ստանձնելու:
Մի՛ տատամսիք: