Պարոնուհի Քոքս Պատասխան Նամակ Մը Յղած Է Բրիտանիոյ Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանին

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս 10 սեպտեմբերին նամակ մը յղեց Բրիտանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Թահիր Թաղիզատէին` պատասխանելով վերջինիս 7 սեպտեմբեր թուակիր նամակին: Պարոնուհի Քոքս նշեց, որ այդ նամակը կը բովանդակէ բազմաթիւ սխալ կարծիքներ` աւելցնելով, որ ան մասնաւորաբար կ՛ուզէ ընդգծել չորս լուրջ մտահոգութիւններ:

Պարոնուհի Քոքս ներկայացուց «95 առ հարիւր հայկական բնակչութեամբ» Արցախը իբրեւ «ինքնավար շրջան» Ազրպէյճանին յանձնելու Ստալինի որոշումը, 1991-1994-ի պատերազմը, որ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած էր Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ:

«Կը կարծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը, որոնք 1991-ին իրենց անկախութեան հոլովոյթին ձեռնարկեցին Ազրպէյճանի համահաւասար իրաւական ենթահողի վրայ, Ազրպէյճանի ցեղային մաքրագործման փորձով արդարացուած ինքնորոշման  նոյն իրաւունքը ունին ինչպէս Թիմոր Լեսթի, Էրիթրիոյ եւ Քովոսոյի ժողովուրդները, որոնք նոյնպիսի ցեղային մաքրագործման փորձէ տառապելով ինքնորոշումով պարգեւատրուած են», գրեց ան:

«Կը հաւատամ, որ հայերը իրաւունք ունին Նախիջեւանին վերատիրանալու: Կամ, թերեւս, Ազրպէյճան պատուաւոր այլընտրանք մը կրնայ ներկայացնել` Լեռնային Ղարաբաղի իբրեւ հայկական հող ճանչցուելու իրաւունքը, եւ հայերը կ՛ընդունին Ազրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի բռնագրաւումը», կը գրէ պարոնուհին:

«Կը շարունակէ նկատառելի մտահոգութիւն մնալ Ազրպէյճանի` հայերու նկատմամբ ատելութիւն ջատագովելու հաստատ քաղաքականութիւնը, ներառեալ` դպրոցներուն մէջ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սորվեցնել եւ Հայաստանը «Թիւ մէկ թշնամի» հռչակելը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրահրիչ  յայտարարութիւնները. «Հայերը պէտք չէ մոռնան, թէ մեր բանակին ունեցած գերարդիական հրթիռային համակարգերը կարող են ճշգրիտ հարուած հասցնել Մեծամօր հիւլէական կայանին»: Այսպիսի թշնամական քաղաքականութիւն մը կ՛ընդգծէ համատարած մտահոգութիւնը, թէ Ազրպէյճան պատերազմի եւ անգթութեան յանձնառու է` երկխօսութեան եւ իրապէս արդար լուծումի փոխարէն: Կը հաւատամ, որ բոլոր կողմերուն համար հրատապ կարիք կայ կառչելու բարոյական արդարութեան հիմնական սկզբունքներուն, եւ մեծապէս պատրաստակամ եմ հանդիպելու այս ողբերգական կացութիւնները քննարկելու համար», կ՛եզրափակէ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.