Պատմական Յիշողութեան Անժամանցելիութիւնը Եւ Մեր Պայքարը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

35 տարիներ առաջ Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ կիրարկուեցաւ ցեղային զտման, հաշուեհարդարի, ջարդերու ու խոշտանգումներու, փոկրոմի եւ հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանութեան կազմակերպուած եւ ցեղային ատելութեան հրահրումով հայերու հալածանքն ու բնաջնջումը, ընդհուպ գաղթը` դէպի Խորհրդային Հայաստան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան երիտթուրքերու իշխանութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջումն ու պատմական Հայաստանի հողէն հայ ժողովուրդի արմատախլումն ու տեղահանութիւնը. այնպէս ինչպէս, 1909-ին, Ատանայի մէջ հայ բնակչութեան դէմ հրահրեցին ու ջարդեցին 30, 000 հայեր, մոլեռանդ ու քինախնդիր թուրք եւ քիւրտ բնակչութեան ձեռքերով. այնպէս` ինչպէս 1895-ին սուլթան Համիտ Բ. կազմակերպեց ու գործադրեց Կիլիկիոյ հայերու ջարդը` խլելով 300.000 հայերու կեանքը: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, իսկ թրքական քաղաքականութիւնը` վերացնելու Հայաստանն ու հայութիւնը, իր փանթրքական եւ փանթուրանական քաղաքականութեան սիսթեմաթիք ծրագիրն է, որ կը գործադրէ: Փաստը` Արցախի դէմ սանձազերծուած եւ միջազգային լուռ կեցուածքէն քաջալերուած պատերազմը, 27 սեպտեմբեր  2020-ին, միջազգային հանրութեան «Քորոնա»-ի համաճարակի շփոթած իրավիճակին մէջ, երբ պետութիւններ կը պայքարէին կենաց մահու այդ վարակը զսպելու իրենց ճիգին մէջ: Սա է թուրքին պատմութիւնը, ատելութեան եւ ջարդի պատմութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ: Օգտուիլ պատմական առիթներէն` իր ծաւալողապաշտական քաղաքականութիւնը յառաջ մղելու ծրագրին մէջ: Թուրքն ու անոր եղբայր ազերիին համար մարդկային իրաւունքն ու արդարութիւնը եւ միջազգային կանոնները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Խորամանկ իր քաղաքականութեամբ եւ ճկուն դիւանագիտութեամբ, թուրքը յաջողած է եւ կը շարունակէ խուսանաւել` օգտուելով Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հակադրութիւններէն, տարածաշրջանի իր դիրքէն ու առաւելութիւններէն եւ խուսանաւել մեծապետական բախումներու ոլորտին մէջ` ի խնդիր իր քաղաքականութիւնը պարտադրելու եւ շահերը ապահովելու, ընդհուպ` երբեմնի Օսմանեան կայսրութիւնն ու այլ ժողովուրդներու տարածքներուն վերատիրանալու իր երազներէն ու մոլուցքէն մղուած:

600 տարուան ստրկութիւն ապրած արեւմտահայութիւնը, երբ մարդկային նուազագոյն իրաւունքը կը պահանջէր, ենթարկուեցաւ սիսթեմաթիք բնաջնջման քաղաքականութեան: 1988-ին, երբ Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ ծնունդ կ՛առնէր Ղարաբաղի ինքնորոշման եւ Հայաստանին միանալու շարժումը, Խորհրդային իշխանութեան օրուան վերակառուցման շարժումի խոստումէն օգտուելով, նոյն թուրքը կը հրահրէր Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի ատելավառ մոլուցքը` ընդդէմ հայ ազգաբնակչութեան: Արդիւնքը շուրջ 300.000 հայերու գաղթն էր դէպի Հայաստան եւ այլուր, շուրջ 100.000 հայերու ջարդը: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, սիրելիներ, նոյն թուրքին ձեռքով, նոյն մեթոտներով, նոյն ատելավառ եւ հայատեաց մոլուցքով այսօր, Արցախի ազգաբնակչութեան դէմ: Արցախի պաշարում եւ հայը սովամահ ընելու եւ իր բնօրրանէն գաղթի մղելու քաղաքականութիւն` անտեսելով Արցախը ապաշրջափակելու միջազգային բոլոր կոչերն ու որոշումները: Խաղաղասէր հաjը, դժբախտաբար, միամտօրէն կը հաւատայ, որ ժամանակը կրնայ բարեփոխած ու մարդկայնացուցած ըլլայ մեր երբեմնի ու միշտ նոյն թշնամին: Աւա՛ղ, այդ մէկը խաբկանք է, երանելի, բայց անկարելի ցանկութիւն: 2 ամիսէ ի վեր նոյն թշնամին, որ համայն  աշխարհին կը քարոզէ, թէ տէր ու պահապանն է Ղարաբաղի հայերուն, զրկած է արցախահայութիւնը, իրենց բառերով, «իրենց քաղաքացիները» տարրական ու մարդկային նուազագոյն կարիքներէն, Արեւմուտքի` Ուքրանիոյ պատերազմով զբաղած միջազգային հանրութեան աչքերուն դիմաց եւ նոյն խաբէական խոստումներով խաղաղութեան պայմանագիրներ կնքելու եւ նոր դարաշրջան մը բանալու շնական արտայայտութիւններով եւ նորանոր սադրանքներով: Եթէ առարկայական ակնոցով դիտենք իրողութիւնը, պիտի տեսնենք, որ տարօրինակ բան չկայ եղածին մէջ: Թշնամին նոյնն էր երէկ, նոյնն է այսօր, նոյնը պիտի մնայ վաղը: Եզրակացնենք պատմական իրողութիւններու այս ընթացքը եւ հաստատենք  քանի մը ճշմարտութիւններ, որոնք անառարկելի են.

Ա.- Թշնամիին հետ կարելի է խօսիլ միայն ուժի դիրքերէ:

Բ.-  Ուժը կ՛ենթադրէ ուժեղ բանակ եւ միասնական ճիգերու լարում: Հայկական բանակի վերականգնումը անհրաժեշտութիւն է այսօր անկասկած:

Գ.- Դիւանագիտական խոհեմ, բազմակողմանի, ճկուն եւ եռուն գործունէութիւն:

Դ.- Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնաբար գործելու եւ պայքարելու անհրաժեշտութիւն: Պատմութեան դասերը անառարկելի են. երբ հայութիւնը միասնական է, արտաքին թշնամին անզօր է յաղթելու մեզ:

Ե.- Միջազգային հարթակներու վրայ կուռ եւ միասնական գործելաոճ` մատնացոյց ընելու թուրքին եւ ազերիին հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի անժամանցելիութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` մեկնելով նոյնինքն շրջափակման եւ 120.00 հայու գաղթի մղելու Ազրպէյճանի ծրագիրը խարանելով որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր եւ միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում:

Զ.- Արցախի կորուստը Հայաստանի կորուստն է: Սիւնիքի միջանցքի ծրագիրը Հայաստանի կործանումն է: Փանթուրանական ծրագիրը նոյնքան այժմէական է այսօր, որքան` երէկ: Համայն հայութիւնը պիտի հասկնայ, որ թուրքին խոստացած խաղաղութիւնը պատրանք է եւ աչքի փոշի: Հարկ է գործել ամէնուրեք` միշտ այս ըմբռնումը մեր ժողովուրդին մտքին ու գիտակցութեան մէջ ամրագրելով:

Սումկայիթի վարքագիծը դրսեւորեց ինքզինք բոլոր հանգրուաններուն` թէ՛ քառօրեայ պատերազմին եւ թէ՛44-օրեայ պատերազմին ու նաեւ` հետագային: Ամէն առիթով փաստեցին, որ իրենք չեն հրաժարած սումկայիթեան վարքագիծէն, թէ՛ ջարդելով, թէ՛ ցեղային զտումներով վերջնականապէս լուծելու համար արցախեան հարցը: Սումկայիթի կոտորածները քաղաքական գնահատականի կը սպասեն առ այսօր: Միջազգային ընտանիքը լռութիւն պահեց այդ անմարդկային կոտորածներուն առջեւ:

Պիտի պայքարինք` պահելու մեր Արցախն ու փոքր հայրենիքը, որ այսօր վտանգուած է: Սա մեր վերջին ճիգն է գոյատեւելու` որպէս ազգ եւ պետութիւն: Մեր յոյսը դնենք մենք մեր վրայ միայն: Հիւսիսէն ու Արեւմուտքէն պատրանքներ հիւսելով` կը կորսնցնենք այն, ինչ որ ունինք այսօր, ի խնդիր վաղուան մեր նորանոր յաղթանակներու տեսիլքը գրկած: Մենք ապրելու իրաւունք ունինք, աստուածատուր իրաւունք: Պիտի ճեղքենք ամօթի պատը, որ մեր դիմաց բարձրացաւ, եւ մեր նահատակներուն թանկ արեան ուխտով վերանորոգենք մեր պայքարը, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին տեսիլքը եւ Արարատի խորհուրդը գրկած:

Պէյրութ, 26 փետրուար 2023

Խօսք` արտասանուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին նուիրուած Պէյրութի մէջ կայացած ժողովրդային ոգեկոչում հաւաքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.