ՊԱՆԾԱԾՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

2025 թուականի մայիս 18-ը Մոնթրէալի մեր տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս անմոռանալի օր մը։

Արդարեւ, այդ օր է, որ Սերգէյ եւ Լուսինէ Խաչատրեանները առինքնեցին ու հմայեցին երաժշտասէր հասարակութիւնը, որ խուռներամ փութացած էր Pierre-Mercure համերգասրահը՝ ունկնդրելու Pro Musica ընկերակցութեան եղանակի վերջին յայտագիրը, ամբողջութեամբ կազմուած ջութակի ու դաշնամուրի սոնաթներէ՝ Ludwig Van Beethoven, no 1 en ré majeur, op. 12, no 4 en la mineur, op. 23, Claude Debussy, en sol mineur, L 140 եւ Առնօ Բաբաջանեան, en si bémol mineur, այս վերջինը նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան՝ որպէս բողոքի մեծ պոռթկում։

Համերգէն առաջ, քովնտի սրահի մը մէջ, երաժշտագէտ ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպիչ Maurice Rhéaume տուաւ կարճ դասախօսութիւն մը՝ ծանօթացնելով եղբայր-քոյր երաժիշտները, երաժշտահաններն ու նուագուելիք երկերը։ Այնտեղ թէ տպուած յայտագրին մէջ նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ առաջին անգամ ներկայացուող՝ Բաբաջանեանի այդ գործը, որ նաեւ հայկական դուդուկի ալ ոգեկան ձայնեղութիւնը կը յիշեցնէ եւ ուժգնօրէն կ՚արտայայտէ ցեղասպանութեան արհաւիրքը բայց իր աւարտով կ՚ուզէ վառ պահել վերապրումի յոյսը։

Ներկայ հասարակութիւնը կը հաշուէր շուրջ 600 հոգի, հաւանաբար 400-ը՝ հայեր, որոնց ներկայութիւնը ապահովուած էր կազմակերպիչներուն կողմէ հայկական կազմակերպութիւններու՝ ՀԲԸՄ-ին, Թէքէեանին, Պոլսահայոց ու մանաւանդ «Համազգային»-ին կատարուած դիմումով եւ անոնց քարոզչական աշխատանքին շնորհիւ։ Այդ աշխատանքին մէջ իր դերակատարութիւնը բերած էր երաժշտագէտ, երաժշտահան ու խմբավար Պետրոս Շուժունեան, որմէ ալ խնդրեցի ու ստացայ համերգին մասնագիտական գնահատումը։ Ահա թէ ինչ գրեց ան.

«Սերգէյ Խաչատրեանի կատարողական արուեստը իր իւրայատկութեամբ գրաւած է միջազգային բոլոր երաժշտասէր հանդիսատեսները, որովհետեւ ան անթերի է տիրապետում գործիքին, ունի նուագուող գործի կատարեալ ըմբռնում եւ նոյնքան կատարեալ մեկնաբանում: Գործի առաջին իսկ նոտայից լսում ենք իր իսկ իւրայատուկ անհատականութիւնը ունեցող արտայայտման էութիւնը, որը հազուադէպ երաժիշտների մօտ կարելի է գտնել եւ այդ իսկ պատճառով իրեն դասում են միջազգային առաջին տասի մէջ տեղ գտած մենակատար ջութակահարների ցանկում:

«Հրաշալի է նա ներկայացնում է գործի ժամանակագրական մեկնաբանական բոլոր օրէնքները եւ զուգահեռ՝ իր իսկ տեսլականը: Ինձ համար Սերգէյ Խաչատրեանը այն քիչ երաժիշտներից է, որ լսելիս թողնում է այն տպաւորութիւնը, թէ այդ պահին նուագուող գործը գրուած է յատուկ իրեն համար եւ միայն մի քանի վայրկեան առաջ դուրս է եկել երգահանի հետ ունեցած իր հանդիպումից…

«Գալով Լուսինէին, շատ յստակ է, որ ան ունի երաժշտական կատարեալ պատրաստութիւն, տիրապետում է գործիքին, լաւ լսում է մենակատարին եւ զգում նրա ամեն մի երաժշտական նախադասութիւնը, լուծուելով անոր հետ՝ վերարտադրում մի հիանալի երաժշտական պատկեր: Իմ տեսանկիւնից՝ նրա մեկնաբանութիւնը այնքան կայուն է ու ազդեցիկ, որ կարծես մենակատարի մէջքին մի ամբողջ նուագախումբ է նստած…»։

Բոլորս լաւապէս զգացինք քոյր-եղբօր այդ նոյնացումը, համատեղումը։

Անոնք յայտագրի աւարտին մեզի շնորհեցին նաեւ Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ի այնքան իւրայատուկ եւ հոգեհարազատ ունկնդրութիւնը։
Երկար կեանք ու նորանոր նուաճում