Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Տունը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծը

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու տունը 14 մայիսին միաձայնութեամբ (74 թեր քուէ` 74 ներկայ երեսփոխաններէ) հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՏիարիօԱրմենիա»-ն:

Կը նշուի, որ այս նախաձեռնութիւնը Ծերակոյտին կողմէ հաւանութեան արժանացած էր 7 մայիսին, ուստի, եթէ գործադիր իշխանութեան կողմէ որեւէ դիտարկում չըլլայ, անիկա իբրեւ օրէնք պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն:

Հաւանութեան արժանացած օրինագիծը իր միակ յօդուածով սահմանէ, որ իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ը կը յայտարարուի «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր»` ձայնասփիւռի եւ բաց պատկերասփիւռի տեսալսողական բովանդակութեան հեռարձակման, բաժանորդներու համար` պատկերասփիւռի սեփական ազդանշաններով եւ պատկերասփիւռային ծառայութիւններով:

Նախագիծը ներկայացուցած են երեսփոխաններ Նազմի Քամերկոն, Մարիա Եւկենիա Ռոսելոն, Խուան Մարթին Ռոտիրկեսը եւ Միքայէլա Մելկարը:

Երեսփոխաններ Փետրօ Ճիստոնիանը, Քարլոս Վարելան, Ռաֆայէլ Մենենտեսը, Իւան Փոսատան, Մարիա Եւենիա Ռոսելոն, Ֆելիփէ Ալկորթան, Ուկօ Քամարան, Ուպալտօ Այթան եւ Խուան Մարթին Ռոտրիկեսը մասնակցած են խորհրդարանական բանավէճին` յօգուտ նախագիծին:

Անոնցմէ մէկ քանին իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտած են այն ձեւը, որով Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը եւ անոր անպատժելիութիւնը խթանած են Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն նկատմամբ վերջին տարիներուն, ներառեալ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:

Ըստ աղբիւրին, երկու պալատներուն կողմէ հաստատուած նախագիծը հիմնուած է Աւետարանական եկեղեցւոյ դոկտոր Կուսթաւօ Վանեսքահեանի նախաձեռնութեան վրայ, որ հրապարակային դառնալէ ետք ստացած է հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու, ներառեալ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը:

Comments are closed.