Ուսուցչաց Տօն. Ապրող Հերոսներ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Անհանդուրժելի պայմաններու մէջ է, որ կը տօնենք Ուսուցչաց տօնը Լիբանանի մէջ:

Կրկնակի տառապալից կացութեան մէջ կը տօնենք Հայ ուսուցիչի տօնը:

Խօսքը միայն տնտեսական-ելեւմտական պայմաններու մասին չէ: Հայ ուսուցիչին հանդէպ հայ մարդուն, պարզ հայրենակիցէն մինչեւ պատասխանատու մարդուն լուռ, յաճախ անտարբեր, երբեմն ցաւսիրտ ու հազիւ թէ հիմնական արժեւորում կատարող վերաբերումն է ահաւորն ու քանդիչը հայ ուսուցիչին նկատմամբ:

Օտարամոլութեամբ եւ միաժամանակ մեծամտութեամբ ու ամենագիտութեամբ բարդոյթաւորուած «հայ» մարդը, իրեն յատուկ պատրուակներով, իր չկատարածը պարտկելու մտադրութեամբ կամայ թէ ակամայ կը հարուածէ հայ ուսուցիչը` մոռնալով, որ այդպիսով անհատը չէ որ կը հարուածէ, այլ առաքելութիւնը, ծառայութիւնը, հայը հայ պահելու կամքը:

Հայ ուսուցիչը հիմն է հայապահպանման:

Առանց հայ ուսուցիչի չկայ հայ դպրոց, չկայ հայապահպանում, չկայ հայութիւն:

Կ՛ուզենք հեռանալ հայութենէ, կը պատրուակենք հայ դպրոցը:

Կ՛ուզենք հեռանալ հայ դպրոցէ, կը պատրուակենք հայ ուսուցիչը:

Կը մոռնանք, որ եթէ մեր ծնողները յաջողած են մեզ հայ պահել, որովհետեւ հաւատացած են հայ ուսուցիչին եւ հայ դպրոցին:

Անամօթաբար կ՛ուրանանք, որ եթէ հասած ենք համալսարան, յաջողած ենք կեանքի ասպարէզին մէջ, դարձած ենք հանգիստ պայմաններու տէր, այդ կը պարտինք այն դպրոցին եւ այն հայ ուսուցիչին, որ ամէնօրեայ դրութեամբ հետեւած է մեր քայլերուն, սրբագրած սխալները, ուղղած մեր երազները, կերտած մեր անհատը, եւ մեզ դարձուցած մարդ ու հայ, արժէք ունեցող անհատ մեր կեանքին մէջ:

Պատիւ մեր բոլոր հայ ուսուցիչներուն, որոնք պաշտօնեայ չեն, այլ մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքեալներ:

Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն տքնիլ ու նեցուկ կանգնիլ հայ դպրոցի եւ հայապահպանումի սիւնը եղող հայ ուսուցիչին:

Այլ գործ չկարենալ կատարող անձ չէ հայ ուսուցիչը, այլ` հաւատաւոր զինուորը հաւաքական մեր պայքարին, ամէնօրեայ նահատակը` մեր գոյութեան կռիւին:

Բոլորս անխտիր պարտինք գիտակցիլ հայ ուսուցիչի արժէքին: Պարտինք ո՛չ միայն հաւատալ, գիտակցիլ ու ծափահարել անոր համար, այլեւ գործով ցուցաբերենք հայ ուսուցիչով հայ դպրոցը պահելու մեր պայքարը:

Մոռցած ենք տօնակատարել, մոռցած ենք հանդիսութիւն կազմակերպել, մոռցած ենք պարգեւատրել: Պարզապէս կը կարծենք, որ ամսաթոշակ ու նիւթական պարգեւ տալով կատարած կ՛ըլլանք մեր պարտականութիւնը:

Հայ ուսուցիչը իր աշակերտին երախտապարտութեան արժանի է, իր պատասխանատուներէն շնորհակալական ձեռքսեղմումի, ծնողներէն իրենց բեռը թեթեւցուցած ըլլալու ու իրենց զաւակներուն կրթութիւն տուած ըլլալու երախտագիտական ժպիտի արժանի է:

Լրջանանք ուսուցիչի հանդէպ մեր ընդհանրական վերաբերումին մէջ:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ,

Դուք իսկական հերոսներ էք:

Ապրո՛ղ հերոսներ:

Ձեզ երբեք չենք կրնար մոռնալ:

Պարտաւոր ենք, հաւաքաբար, սրտի ու մտքի խորքերէն շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի:

Առանց ձեզի մենք արժէք պիտի չունենայինք այսօր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.