Ո՞ւր հասցուցինք Հայաստանը, կամ ինչպէ՞ս դուրս գալ փապուղիէն

Յ. Պալեան

«Ո՞նց կարող ես գնաս, 18 օր պահես այդ դիրքը,

վերջում ասեն՝ այդ դիրքը մերը չէ»։

Վահրամ Սաղաթէլեան*

            Սրտցաւ հայեր, կիրակի օրեր, եկեղեցիին բակը կամ արուարձանի հայկական նպարեղէնի վաճառատան առջեւ, հառաչելով եւ գլուխ օրերելով, ճակատագրապաշտ ֆաքիրի պէս կ’ըսեն. «Ո՞ւր հասաւ Հայաստանը»:

            Հարցում՝ որ կը թարգմանէ կրաւորական դարձած ամբոխային մտայնութիւնը: Կը խօսինք այնպէս, որ կարծէք Հայաստանը մեզմէ դուրս, մեզի համար օտար աշխարհ մըն է, մեզի չառնչուող մարդոցմով բնակուած:

            Ֆրանսայի հեծելանիւի ամենամեայ մէկ ամիս տեւող մրցավազքի օրերուն, երեկոյեան, սուրճի կամ գարեջուրի բաժակին առջեւ, մարդիկ իրարու կը հարցնեն, թէ ո՞ւր հասաւ ֆրանսացի, պելճիքացի կամ խրուաթ ախոյեանը:

            Փոլը թէ Փիէրը ըլլան օրուան յաղթականները, ոչ ոքի կեանքի ընթացքը կը խանգարուի: Մրցավազքը տեղի կ’ունենայ ծանօթ կամ անծանօթ ճամբաներու վրայ: Աւանդութիւնը կը շարունակուի տօնախմբութեան նոյն պատկերներով:

            «Ո՞ւր հասաւ Հայաստանը»: Հանդիսատեսի հարցում, որուն կը հետեւին վերլուծումներ, ինչպէս այդ կ’ընենք Թայլանտի, Թիպէթի կամ Նիքարակուայի մեզ չանհանգստացնող կռիւներու մասին, երբ հեռատեսիլէն կ’իմանանք:

            Հեռուէն եկող լուրեր: Հայաստանի եւ Արցախի լուրերը կը թուին նուազ հեռուէն ըլլալ: Կրնա՞ն այդպէս չըլլալ: Ի՞նչ պէտք է ըլլայ կացութիւնը, ի՞նչ պէտք էր որ ընէինք, ո՞ւր ըլլայինք, որպէսզի այդ լուրերը հեռուի լուր չըլլային:

            Այսինքն չըսէինք՝ ո՞ւր հասաւ Հայաստանը: Ազգի լիիրաւ անդամը պիտի ըսէր, պէտք է որ ըսէ՝ ո՞ւր հասցուցինք Հայաստանը: Պատասխան սպասող քաղաքացիի եւ յանձնառու հայու հարցումը այս կ’ըլլայ:

            Եւ ինչպէս միշտ, հարցումը կը թուի աւելի կարեւոր ըլլալ քան ամէն կարգի որձեւէգ ճառերը, սոփեստութիւնները, որոնք իրականութենէն խուսփելու միտող հոգեբանական հիւանդագին կուրութիւններ են: Աստղերու թիւով կարծիքներ:

            Հարցումը ուղղել շարքային, մտաւորական, քաղաքական գործիչ, նախարար, նախագահ, կրօնապետ, դրամատէր, արուեստագէտ, Հայաստան բնակող կամ համաշխարհային ազգ ըլլալու սնապարծութեամբ ապրող հայերուն:

            Ո՞ՒՐ ՀԱՍՑՈՒՑԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

            ԻՆՉՊԷ՞Ս:

            ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՊԷՍ ԵՂԱՒ:

           Վերեւ արձանագրուած լրագրողի կատարած պարզ մէջբերումը խիստ բարացուցական է, ճառ չէ, մանուածապատ վերլուծում չէ, ինքնարդարացում կամ տեսութիւն չէ: Կրկին պէտք է կարդալ, ողջախոհութեամբ. «Ո՞նց կարող ես գնաս, 18 օր պահես այդ դիրքը, վերջում ասեն՝ այդ դիրքը մերը չէ»։

          Կը յիշեմ ամերիկեան ժապաւէնը. « Is there a pilot on the plane ?», «Օդաչու մը կա՞յ օդանաւին մէջ»: Արդարեւ, ինչպէ՞ս մարդիկ կը հասնին-կը ղրկուին դիրք, երեք շաբաթ կը պահեն դիրքը, որպէսզի իրենց ըսուի, որ «այդ դիրքը մերը չէ»:

          Հայաստանցին կ’ըսէ՝ աբսուրտ, անհեթեթ:

           Ի՞նչ հասկնալ: Ի՞նչ եզրակացնել:

          Միթէ՞ պատերազմը տիկնիկային թատրոն է:

          Միթէ՞ այս չի վկայեր ղեկավարութեան սիրողականութեան, amateurismeի մասին, գումարած անփութութիւն, անպատասխանատուութիւն, խօսելէ առաջ Հայաստանի լրատուամիջոցներէն յորդող այլ «յանցագործութիւններ»ու մասին, որոնց ճիշդն ու սխալը անպայման պէտք է բացայայտել: Կարեւոր՝ անմիջակային ներկային համար, վերջ տալու համար ամէն կարգի պղտորութիւններու, կարեւոր՝ վաղուան վերականգնումին համար: Մշուշներու մէջ ուղղութիւն չի ճշդուիր: Մանաւանդ երբ կան դաւաճանութեան ամբաստանութիւններ: Բացայայտումներ պէտք է ըլլան  հետա-խուզութեամբ եւ օրէնքով, որպէսզի դաւաճանութեան ամբաստանութիւնը, կամ զրպար-տութիւնը, ճշդուին:

          Օրէնք յարգող երկիրներու մէջ, երբ պետական դէմքերու մասին ամբաստանու-թիւններ կ’ըլլան,- երեսփոխանի, նախարարի, վարչապետի, նախագահի,- անոնք պարտաւոր են դատարանի առջեւ բացատրութիւններ տալ, պաշտպանուիլ եւ դատ-ուիլ, համապատասխան օրէնքներով, պաշտպանել իրենց պատիւը:

          Հինգ միլեառ տոլարի հարց, սպառազինման հարց, պատերազմ սկսելու-կասեց-նելու հարց, ինքնագլուխ, առանց նախագահի, նախարարի եւ Ազգային Ժողովի համա-ձայնութեան անձնատուական համաձայնութիւն (կապիտուլացիա) ստորագրել անընդունելի է ժողովրդավարական եւ օրէնքներով կառավարուող  երկրի մը մէջ: Կամ այն է, որ այդ երկրին մէջ հաստատուած է ինքնակալական իշխանութիւն (դիկդատուրա):

          Հազարաւոր զոհ տուած եւ այսօր հազարաւոր հաշմանդամներու տիրութիւն ընելու կոչուած ժողովուրդին պէտք է բացատրել, թէ «Ո՞նց կարող ես գնաս, 18 օր պահես այդ դիրքը, վերջում ասեն՝ այդ դիրքը մերը չէ»… Հրամանատար, սպայակոյտի պետ, նախարար, վարչապետ-գերագոյն հրամանատար, այս պարզ հարցով նախ պէտք է հրաժարին-հեռանան իշխանութենէն, եւ ապա դատուին: Յաջորդ հանգրուանին կը ճշդուին յանցանք, պատասխանատուութիւն եւ անմեղութիւն: Իշխանութիւնը եւ իշխանաւորը չեն կրնար իրենց հանգամանքները պահել եւ այդպէս ներկայանալ դատարան:

          Այս պարզ, տրամաբանական եւ բարոյական ըմբռնումները պիտի թելադրէին, որ ողջախոհութեամբ եւ իրաւ հայրենասիրական գիտակցութեամբ տեղի ունենար իշխանափոխութիւն: Խնդիրներու պարզաբանութեան եւ արդարադատութեան վճիռէն ետք, ժողովուրդին կոչ կ’ըլլայ ընտրելու օրինաւոր նոր իշխանութիւն, որուն համար թեկնածու կրնան ըլլալ նաեւ ամբաստանուած-արդարացուածները:

          Բայց մէկ բան որոշ է. տեւաբար բերման ենթարկելասֆալտին փռելԱԱԾ կանչել, արդէն աւելի քան երկուքուկէս տարի բացարձակ մեծմասնութեան իշխանութեամբ գործելէ ետք տեւաբար նախկիններու մասին խօսիլ եւ արդարացումներ փնտռել, կը վկայեն այն մասին, որ իշխանութիւնը չի յաջողիր երկիրը վերականգնել, չէ հաստատուած:

          Ի վերայ ամենայնի, ժողովուրդին եւ պատմութեան առջեւ Հայաստանի ներկայ  իշխանութիւնը պէտք է ըսէ, թէ ինչպէս ազգին եւ հայրենիքին հագցուց խայտառակ պարտութեան եւ զիջումներու զսպաշապիկը, եւ դեռ շարունակուող զիջումներու: Կը հպարտանայինք,- իրաւ հպարտութեամբ,- որ պատմութեան մէջ տեւաբար հող կորսնցնելէ ետք հող կը վերանուաճէինք, կորսնցուցինք աւելի քան տասը հազար քիլոմեթր հող:

          Ազգովին պատրաստեցինք մեր անփառունակ պարտութիւնը, քանի որ բռունցք չեղանք եւ Հայաստան-Արցախ հայաշխարհը չբնակեցուցինք մեր տասը կամ տասնըհինգ միլիոնով: Այս կ’ըլլա՞յ յաջորդ իշխանութիւններու ռազմավարական մեծ ծրագիրը:

          Յաջորդ իշխանութիւն, իշխանութիւններ: Վերջ տալով յանպատրաստիցին (իմպրովիցիա) եւ սիրողականութեան (ամաթէօրիզմ), նապատակադրել իրաւ եւ լիարժէք համահայկականը, զօրաշարժի ենթարկելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր բոլոր կարողականութիւնը (potentiel):

          Որպէսզի օր մը ոչ ոք կարենայ կրկնել Մեղրաշատի վարչական ղեկավարի զարմացնող եւ յուսահատական բացագանչութիւնը. «Ո՞նց կարող ես գնաս, 18 օր պահես այդ դիրքը, վերջում ասեն՝ այդ դիրքը մերը չէ»։

Ամասիա խոշորացուած համայնքի Մեղրաշատ բնակավայրի վարչական ղեկավար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.