Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը եւ ի՞նչ է մեր դերը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Առաջին հերթին՝ անկրկնելի Վահանին բառերով, «կասեցնել մայրամուտը»։ Որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի «մայրամուտ», ու ա՛յդ է, որ կ՚ուզէ կասեցնել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

ՔԻՉ ՄԸ ԵՏԵՒ

Բողոքի ալիքը, որ ծայր առաւ Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 9ի յանձնուողական-պարտուողական յայտարարութենէն վերջ, շատերու մօտ (այսօրուան դրութեամբ) ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, որ կարծէք ամէն ինչ «տանելի», «բնականոն», «հասկնալի» ու «ընթացիկ» էր երկրին մէջ՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 27ը. մինչեւ պատերազմին սկսիլը։ «Հարց չէր», որ վարչական ապիկարութիւնները ներքուստ կրծեցին պետական վարչամեքենան՝ մաքստան սովորական պաշտօնեան «ոտքի վրայ» գործէ արձակելու ազդանշանով, դատարանները շրջափակելով, դատաւորներու հասցէին անուանարկումներով, Արցախի ազատագրական պայքարի ղեկավարները սուտ զրպարտութիւններով դատարաններ քաշկռտելով, «ասֆալտին փռելու», «թաթիկներ կտրելու» մանկամիտ սպառնալիքներով, «կոռուցիայի» դէմ պայքարի մեծաշռինդ յայտարարութիւններով ու հռետորաբանութեամբ (հոգ չէ թէ մինչեւ այսօր ոչ մէկ դատական վճիռ կայ), անդադար տեսարաններ բեմադրելով (ու դեռ մինչեւ քանի մը օր առաջ Գորիսի մէջ), արտաքին յարաբերութիւններու մէջ մանկամիտ վերաբերումներով («աշխարհը պէտք է հաշտուի նոր Հայաստանով») եւայլն։

«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» խօսքերուն ընկերացան հանրութիւնը երկփեղկելու, ներքին թշնամանքի խրամատներ ստեղծելու ու խորացնելու բացայայտ քայլեր, որոնք մտածուած վարքագիծ մը կը հետապնդէին։ Տարբեր բան կարելի՞ էր ակնկալել երկրի գործադիր իշխանութեան ղեկը զաւթած (ներողութիւն… «լեգիտիմ» կերպով ընտրուած) մարդէն, որ 2008ի Մարտի 1ի դէպքերուն ի լուր աշխարհին կը յայտարարէր. «Մեր մայրաքաղաքը պէտքա մաքրենք ղարաբաղցի տականքներից»։ Տարբեր բան կարելի չէր սպասել անձէ մը, որ խմբագրական աշխատանքը վերածած էր հաարակ դրամաշորթութեան՝ գումարներու դիմաց յօդուածներ լոյս ընծայելով, կամ… չընծայելով։ Այդքան գռեհիկ։

Տակաւին չենք խօսիր բանակէն ու ապահովական զգայուն կառոյցներէն ներս պատասխանատուներու, հրամանատարներու, տնօրէններու անդադրում փոփոխութիւնները, յաճախ ալ ապիկարներու նշանակումները՝ զգայուն պաշտօններու վրայ (Արգիշտի Քյարամեանի, կամ Արմէն Գրիգորեանի նմանները, օրինակ), որոնք թուլացուցին տուեալ բոլոր կառոյցները, իրենց հետ տկարացնելով ամբողջ պետական համակարգը, բայց մանաւանդ՝ պետութեան պաշտպանունակութիւնը։

Հապա՞ Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» գոռոցը, որ ինքնին ափսէի վրայ Պաքուին հրամցուած խաղաքարտ մըն էր ։

Այս բոլորը աննկատ չանցան մեր թշնամիներու մայրաքաղաքներուն մէջ՝ Պաքու եւ Անգարա։

Աննկատ չանցաւ նաեւ ընդդիմութեան մօտ, որ զգալով երկրին գլխուն գալիք վերահաս վտանգը, փորձեց ժողովրդային դժգոհութեան ալիքը ղեկավարել ու Հոկտեմբերի 8ին համար յայտարարեց համապետական հանրահաւաք, համարելով որ վաղուց եկած է այն ժամանակը, երբ պէտք էր տուն ղրկել այս իշխանութիւնները։ Եւ շատ արդարացիօրէն՝ մանաւանդ վերի պատկերին լոյսին տակ։
Այս բոլորը աննկատ մնացին միայն անոնց մօտ, Սփիւռքի թէ Հայաստանի կարգ մը շրջանակներ, որոնք մակերեսային կերպով կը շարունակէին պնդել՝ «Թողէք թող աշխատեն» (ներկայիս աղէտը նաեւ այդպիսիներուն վիզին է)։

Բայց Սեպտեմբեր 27ը աւելի շուտ հասաւ, քան Հոկտեմբերի 8ը։

Հետեւաբար, նիկոլենք «ճիշդ» էին երբ կը պնդէին, թէ «պատերազմը անխուսափելի էր», ինքնարդարացումի մանկապատանեկան ոճով։ Վերոնշեալ բոլոր ապիկարութիւնները երբ դիտենք մեծ պատկերի մը մէջ, բանականաբա՛ր անխուսափելի պիտի ըլլար պատերազմը։ Ի վերջոյ ապուշներ չէին Անգարայի ու Պաքուի մէջ նստողները։ Անոնք ճի՛շդ վերլուծեցին ու յանգեցան այն եզրակացութեան, որ Հայաստանը տկարացուած է թէ՛ ներքնապէս՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ թէ՛ արտաքին յարաբերութեանց իմաստով։
Ու եղաւ այն ինչ որ եղաւ։

Հիմա յստակացուցինք, թէ այս իշխանութեան նկատմամբ Դաշնակցութեան ընդդիմութիւնը ի՞նչ հիմքեր ունէր։ Բայց կայ այլ հանգամանք մը եւս՝ մեր պարագային։

Ի՞նչ Է այդ հանգամանքը

Կուսակցութիւնը (որեւէ կուսակցութիւն) քաղաքական-գաղափարական նոյն տեսլականները բաժնող մարդոց խումբն է, որուն նպատակն է տուեալ երկրի ղեկին տիրանալ, որպէսզի զայն ղեկավարէ ըստ իր սկզբունքներուն, գաղափարաբանութեան ու ճշդած քաղաքական թիրախ-նպատակներուն։ Սա նորութիւն չէ. սահմանումն է կուսակցութիւն բառին։

Դաշնակցութեան պարագային, շատ աւելի բարդ է «կուսակցութիւն» հասկացութեան սահմանումը։ Որովհետեւ երկիր ու պետութիւն ղեկավարելու համար, նախ պէտք է ստեղծե՛լ զայն։ Հետեւաբար, Դաշնակցութեան պատմութեան առաջին 3 տասնամեակներու պայքարը եղաւ յանուն այդ երկիր-պետութեան ստեղծումին՝ տրուած ըլլալով, որ մեր հայրենիքը կիսուած էր Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութիւններուն միջեւ։

1919էն ի վեր, Դաշնակցութեան քաղաքական անփոփոխ նպատակն է ստեղծել Հայաստան մը, որ ըլլայ անկախ, ազատ ու մանաւանդ՝ միացեալ։ Այս նպատակը հիմնաւորուած է մեր Ծրագիրով, ուր խտացուած են մեր գաղափարաբանութիւնը, աշխարհահայեացքն ու քաղաքական նպատակները։

Հետեւաբար, բնական պիտի ըլլայ ակնկալելը, որ Դաշնակցութիւնը կը միտի տիրանալու Հայաստանի ղեկին, որպէսզի կարենայ իրագործել իր գաղափարական-ընկերվարական սկզբունքները եւ քաղաքական նպատակները։ Այս մէկը իրագործելու համար, Դաշնակցութիւնը դիմած է զանազան մարտավարական քայլերու, երբեմն գործակցելով, երբեմն ընդդիմանալով օրուան տուեալ իշխանութիւններուն՝ անկախ անկէ, որ երկու պարագաներուն ալ գին վճարած է։ Գին վճարած է, երբեմն ալ շատ սուղ, բայց չէ զիջած իր սկզբունքներէն։ Օրինակի համար, Արցախի ազատագրական պայքարի պարագային, Դաշնակցութիւնը զայն կը զետեղէր Միացեալ Հայաստանի կերտումի ռազմավարական նպատակին մէջ. տարբեր խօսքով՝ մեզի համար Արցախի ազատագրումը քայլ մըն է այդ Միացեալ Հայաստանը ստեղծելու ճամբուն վրայ, բան մը, որ կը բխի մեր Ծրագիրէն։ Նաեւ ասո՛վ կը բացատրուի Լ. Տ. Պետրոսեանի կողմէ մեր դէմ շղթայազերծուած հալածանքը 1992էն սկսեալ։

Եկանք հասանք մեր օրերը

Ի տես փաշինեանական քանդիչ ու աղէտաբեր սանձարձակութիւններուն, ի՞նչ դիրք կը կարծէք որ պէտք է բռնէր Դաշնակցութիւնը։ Բնականաբա՛ր պիտի ընդդիմանար ու դիրք ճշդէր, չէ՞։ Այս կեցուածքը դրսեւորուեցաւ 2019ի Մայիսի հանրահաւաքին, երբ զգուշացման «դեղին քարտ» ցոյց տրուեցաւ իշխանութիւններուն։

Պատերազմը ու անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարումը աղէտի յանգեցուցին։ Արդիւնքները ծանօթ են բոլորիս՝ մարդկային ծանր ու անփոխարինելի կորուստ, Արցախի 75 տոկոսի կորուստ, հազարաւոր տեղահանուածներ, չհաշուած նիւթական ու բնական աղբիւրներ եւ այլ կորուստները (մշակելի հողեր, ջուր, ուժանիւթ եւայլն)։ Սակայն գործընթացը, որ յանգեցուց այս աղէտին, կը պարունակէ հսկայական քանակութեամբ «ինչու»ներու եւ «ինչպէ՞ս եղաւ»ներու հսկայական կոյտ մը, որոնք առաջին հերթին կ՚առնչուին ՔՊական իշխանութեան երկուքուկէսամեայ ապիկար կառավարումին՝ ինչպէս նշեցինք մեր յօդուածին առաջին պարբերութիւններով։

Մեր երկիրը մասնատումի, մեր պետութիւնը քայքայումի, մեր հայրենիքը մայրամուտի ընթացքի մէջ է։ Եւ Դաշնակցութեան կեցուածքը տարբեր բան չի՛ կրնար ըլլալ.- Պէ՛տք է կասեցնել այս անկումը, մայրամուտը, քայքայումը։

Ու այս քայքայման ընթացքը կասեցնելու համար, ամէն բանէ առաջ պէտք է տուն ղրկել գործող իշխանութիւնները, որոնք ուղղակի պատասխանատու են այս աղէտին համար։ Տուն ղրկել զանոնք, այլ ոչ թէ «գործակցութեան» կեղծ ծեքծեքումներ դրսեւորել՝ արագացնելով երկրին կործանումն իսկ, մեղսակից դառնալով այդ գործընթացին։

Ազգը կործանումի առաջնորդած իշխանութիւններուն հետ կարելի չէ՛ գործակցիլ։ Ազգը կործանումէ փրկելու համար անհրաժեշտ է զանոնք հեռացնել։ Այլ օրակարգ չունինք այսօր։ Այս է օրուան հրամայականը Դաշնակցութեան համար, յանուն մեր երկրի փրկութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ու ազգի գոյատեւումին։ Այս ընելու համար, պէտք է գործակցիլ բոլոր այն ազգային ուժերուն հետ, որոնք կը կիսեն մեր այս կեցուածքը ու պատրաստ են գործակցելու՝ այս նպատակը իրականացնելու համար։ Այսքան յստակ։

Իսկ մեր տեսակէտները հանրային կերպով բազմիցս բանաձեւուած են Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններու (Բիւրօ, Գերագոյն Մարմին, Կեդր. կոմիտէներ), ու անոնց ներկայացուցիչներուն կողմէ, թէ՛ նախապատերազմեան եւ թէ՛ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին՝ ըլլան ատոնք յայտարարութիւններ, հարցազրոյցներ, հանրահաւաքներու ընթացքին, կամ խորհրդարանէն ներս ելոյթներ։ Ոչ միայն իւրաքանչիւր դաշնակցականի, այլ նաեւ հայրենիքի փրկութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր հայու համար, ուղղութիւն են ոչ միայն այս ելոյթները, այլեւ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար կազմին ցուցաբերած կեցուածքները եւ կատարած յայտարարութիւնները ԱԺէն ներս թէ անկէ դուրս։

Միացեալ Հայաստան ստեղծելու մեր նպատակը իրագործելու համար, ներկայ հանգրուանին նախ պէտք է ձերբազատուիլ այն բոլոր խոչընդոտներէն, որոնք կ՚արգելակեն մեր ժողովուրդի այս բնական ձգտումը. բայց ամէն բանէ առաջ՝ անոր կենսունակութեան, գոյութենական (existential), եւ վերապրելու, ողջ մնալու (survival) բնական իրաւունքը։ Ու ինչպէս տեսանք ու ամէն օր ականատես կը դառնանք, ներկայ իշխանութիւնները խոչընդոտ են մեր ժողովուրդի վերոնշեալ այս իրաւունքներուն։

Մնացածը հեքիաթներ են։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս,

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.