Ո՛չ Հայաթափման Եւ Ո՛չ Հայրենազրկման
Կասեցնե՛նք հայապատկան հողերը թշնամիին յանձնելու ընթացքը:
Մասնակցի՛նք այս ստորագրահաւաքին:
Սեղմեցէք այստեղ եւ արձանագրեցէք ձեր անունը:
Հայապատկան հողերը թշնամիին յանձնելու ընթացքը կը շարունակուի։ Այժմ հերթը Արցախը Մայր Հայաստանին կապող Բերձորին, Աղաւնոյին եւ Ներքին Սուս գիւղերուն է։
Աղաւնոն առաւելաբար լիբանանահայութեան ջանքերով կառուցուած ռազմավարական նշանակութեամբ գիւղ մըն է, որուն կառուցման եւ զարգացման համար գաղութը տարիներ շարունակ ի գործ դրաւ մեծ ճիգեր՝ հակառակ իր դիմագրաւած տնտեսական լուրջ տագնապներուն։
Աղաւնոյին եւ մնացեալ գիւղերու կորուստին գլխաւոր պատասխանատուն Հայաստանի իշխանութիւններն են։ Կը մերժենք Աղաւնոյի եւ հայկական բոլոր հողերու յանձնումը եւ կը պահանջենք անձնատուութեան շարունակուող քաղաքականութեան դադրեցումը՝
Հայաստանի իշխանութիւններու հրաժարականը։
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին