Շրջափակումէն մինչեւ բռնի տեղահանում. Քարէն հաց կերտող արցախցիի նկարագիրը
Նայիրի Մկրտիչեան
Մօտ ինը ամիս շրջափակումէն ետք՝ բռնի տեղահանում, ունեզրկում, գաղթի ճանապարհ… տխուր ու սոսկալի իրադարձութիւններ, որոնք եկան առաւել ընդգծելու արցախցիի ինքնատիպ նկարագիրն ու անկոտրում կամքը։
Միջազգային հանրութեան ու Հայաստանի իշխանութեան խուլ ու համր ձեւանալով հանդերձ, հակառակ ներքին ու արտաքին ամենաբարձր մակարդակի դաւաճանութեան, փոքր արցախցիէն մինչեւ տարեցը, ինը ամիսներու անմարդկային ու տարրական իրաւունքներէն զրկուիլը տարաւ համբերութեամբ, դիմացկուն, հողին կառչած, հնարամտութեամբ ու կատակելով…
Արցախցին հողէն աղ ստացաւ, սիսեռէն սուրճ պատրաստեց, օճառէն լուացքի հեղուկ պատրաստեց, թեփով հաց եփեց, փոխադրամիջոցին փոխարինեցին անոր ոտքերը, առանց կազի եւ լոյսի պայմաններուն մէջ անգամ դպրոցներն ու մշակութային կեդրոնները շարունակեցին գործել, գիտական գործունէութիւնը կանգ չառաւ եւ համալսարաններուն դռները բաց մնացին…
Ինը ամիսներու շրջափակումը չկոտրեց միայնակ ու անօգական մնացած արցախցին, ան չլքեց Արցախը, հակառակ անոր որ երկրէն դուրս ելլելու հնար կարելի էր գտնել, բայց՝ վերադարձն էր անհնար։ Արցախցին իր արմատացած ոտքերը արմատախիլ չըրաւ սրբացած հողէն, ան բռնի տեղահանուեցաւ՝ ենթարկուելով ջարդի, գերեվարութեան, հրթիռակոծման։ Այդ պայմաններէն ետք անգամ շատեր դժուար համուզուեցան հեռանալ աշխարհի ամենամաքուր քաղաք Ստեփանակերտէն, որ վերածուած էր իսկական դժոխքի… պայթում, զոհեր, այրած ու անյայտ կորսուած մարդիկ, յուղարկաւորութիւններ՝ երեխաներու, հօր, ամուսնի եւ պարզ չէր դեռ պիտի կարենայի՞ն արդեօք դարձեալ այցելել անոնց գերեզմանները… Շատեր նոյնիսկ չհասցուցին հողին յանձնել իրենց հարազատները… պէտք էր փրկուիլ հագած հագուստով եւ բռնել գաղթի ճամբան… այն ալ քանի՞երորրդ անգամ…
30 տարեկան արցախցին, արդէն 4 անգամ պատերազմի մասնակցած էր… էրիկը Մարտունիի բնակիչ էր: Չորրորդ անգամ ըլլալով չէր վարանած զէնք վերցնելու եւ կեանքի գնով պաշտպանելու Հայրենիքը: Էրիկը յոյսը չէ կորսնցուցած, որ օր մը տուն պիտի վերադառնայ՝ իր տուն…
Տասներկու տարեկան Կարէնը, քառասուն ժամ անքուն մնալով՝ մեքենայի ղեկին նստած, իր ողջ ընտանիքը Արցախէն տեղափոխեց Երեւան։
Անժէլան Երեւանէն Արցախ գնաց ֆիլմ նկարելու, շաբաթներ անց սկսաւ շրջափակումը, ապա՝ պատերազմն ու բռնի տեղահանումը։ Ան՝ արցախցի գիւղացիներու ընկերակցութեամբ անցաւ բռնագաղթի ճանապարհի բոլոր արհաւիրքներէն. «Հարտ տրայվներիցս մէկը Ստեփանակերտ էր, միւսները հետս… Մի պահ, երբ մարդիկ արդէն նկարներ էին այրում, զէնք թափում, քանի որ թուրքերն արդէն ամէն խաչմերուկում կարող էին տուն մտնել, մի պայուսակի չափով իրեր ընտրում (ճամբին երեխէքը բան պէտք է ուտէին նաեւ) ես թափեցի տեխնիկայիս կէսը եւ ուզում էի նիւթերիցս էլ ջարդել… որոշելով որն է կարեւոր պահել։ Ներքնաշորերիս մէջ թաքցրել էի ամենակարեւորը` մեզ քշելու քատրերը, մնացեալից ընտրում էի, որը ջարդեմ, որ մի մասը փրկեմ… քամեռաս էլ գցելու պատրաստ էի, գիւղացիք չթողեցին, ով մտնում էր տուն, ասում էր նիւթերդ տուր, ես կը պահեմ… էդպէս իրար մէջ բաժանելով պահեցին իրենց գիւղի նկարահանումները… ու նրանցից մէկն, ով կամուրջն անցել էր, առաջին գործը որ արել էր, զանգեց ասեց՝ հօ չե՞ս ջարդել, անպայման պահի, կ’անցկացուի ….
Այսօր էլ իմացայ Ստեփանակերտի ընկերներս էլ չեն ջարդել… հետները հանել են… չգիտեմ իրենց համար աւելի կարեւոր ի՛նչ իրի տեղ… Սէր են արցախցիները», կը պատմէ Անժէլան։
Անի Վանեանը ունի Արցախէն իրեն հասած իւրայատուկ մեղրի մասին պատմութիւն մը, որ իր խօսքերով մինչեւ հոգիի խորքը ուժ տուող է։ Ան գացած է Ստեփանակերտէն բռնի գաղթած ու Մասիս շրջանի մէջ հաստատուած իր ընկերներու ընտանիքին տեսութեան։ Երկար բարակ խօսելէն ետք, երբ տուն պիտի վերադառնայ, ընտանիքի փոքրիկ սիրելին ոգեւորուած զինք կը կանչէ կողքի սենեակ ու մեղրերու «աշխարհ» մը կը նուիրէ անոր… «Դեռ ամիսներ առաջ այդ մեղրը առել էին, որ երբ Ստեփանակերտում իրենց հիւր գնամ, նուիրեն ինձ։ Ես Ստեփանակերտ չհասայ էլ… իրենք եկան` կրկին յաղթահարելով ամենասարսափելին, երկրորդ անգամ կորցնելով տունն ու հայրենիքը։ Միայն պատկերացրէք՝ 9 ամիս զրկուած լինելով նորմալ ուտելիքներից, առաւել եւս քաղցրից, մեղրին ձեռք չեն տուել, ու երբ թողել են իրենց տունը եւ գրեթէ ոչինչ չեն վերցրել իրենց հետ (տան տղամարդը զոհուել է 44-օրեայում ու հարազատի մեքենայի մէջ նրանց ընտանիքի հետ մի կերպ տեղաւորուած են եկել), մեղրը չեն մոռացել… Էսքան սէր ես ո՞նց եմ վաստակել, երանի արժանի լինեմ… Այսօր նաեւ մեր թաղավարդցի ընկերներին էինք այցելել, որոնք ինչ-որ հագած են եղել, դրանով են դուրս եկել գիւղից ու օրեր անց՝ բռնել գաղթի ճամբան։ Իրենք էլ Թաղավարդից բերուած վերջին պնտուկը հետներս դրեցին (տանից դուրս գալուց ձեռքի տակ դրուածը վերցրել էին, որ ապաստարանում գոնէ մի բան ունենան ուտելու)։ Սէր արցախցիներ ջան։ Ես չեմ դադարում զարմանալ, թէ ինչքան ուժեղ էք դուք», կը պատմէ Անի Վանեան։
Պռոշեան գիւղի ՀՅԴ-ի գրասենեակը դռները բացաւ արցախցիները ընդունելու. ընկերուհի Սօսի Բալուլեանը միւս ընկերներուն հետ պէտք եղած դասաւորումները ըրած էին ընտանիքները տեղաւորելու… Պէտք էր ուժ հաւաքել ու հասնիլ այնտեղ… Ներս մտայ ու տառապած դէմքերու վրայ գծագրուած ժպիտներ տեսայ… ակամայ մէկ առ մէկ գրկեցի բոլոր անծանօթ հարազատներս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնն ունէր… Այնտեղ էին տարբեր տարիքի մարդիկ՝ ութ ամսականէն մինչեւ 80 տարեկան։ Թուլութիւնս՝ մանկութիւն չտեսած երեխաներն էին ու կեանքի վերջին հանգրուանին թափառական դարձած տարեցները… Բարի դէմքով, եղելութեան հետ անհաշտ, լուռ տառապող, բայց պինդ ու ժպտերես պապիկը՝ Արցախի յայտնի յուշարձանի Պապիկէն չէր տարբերեր…
Տիկին Վալանթինը մօր հետ երեք օր ճամբան մնացած էր, ընթացքին լսած էր տղուն զոհուելուն լուրը, բայց տղուն մարմինը չկար… երկուքն ալ բացարձակ լուռ կը մղկտային ու անհամբեր կը սպասէին, որ մարմինը գտնեն եւ յուղարկաւորեն ԵՌԱԲԼՈՒՐ-ի մէջ։ Երեւոյթ, որ բազում արցախցիներու համար մեծ մխիթարութիւն էր. «Ինչ լաւ է, որ Արցախում չենք թողել, գոնէ թուրքը չի պղծի եւ կը կարողանանք այցելել»։ Տիկին Վալանթինի մայրը, յայտնի յուշարձանի խօսուն օրինակն էր… երբեւէ տեսա՞ծ էք թոռնիկի կորուստի, հարազատ օճախի ու երկրի կորուստի տառապանքէն ու խոր ցաւէն շաղախուած ժպիտ… Ինչպէ՞ս տկարանալ այս ուժին դիմաց… Այսքան դառն փորձութիւն անցնիլ նման հզօրութեա՛մբ… Աստուած անպայման պիտի հատուցէ այս բոլորը… Տիկին Վալանթինի մօր դէմքին նայելով հասկցայ նաեւ Ահարոնեանի խօսքին էութիւնը. «Աշխարհը չգիտի, թէ ինչ երկաթէ կամք, ինչ անընկճելի կորով, ինչ անձնուրաց արիութիւն կայ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով, ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կոչւում է հայ կին…»:
Նորա Տատիկը ռումբերու տարափին տակ կը շտապէր ընկոյզ ու պնտուկ կոտրել, որպէսզի երբ աղջիկներուն եւ թոռնիկներուն հետ հասնի Հայաստանի Պռոշեան գիւղ, ուր կ’ապրին իր աղջիկը, թոռնիկներն ու բարեկամերը, ձեռքը «պարապ» չգայ, ամէն մէկուն արցախեան սրբացած հողի բուրմունքով օծուած մէկական փուռ քաղցրահամ պնտուկ տայ եւ ընկոյզով ալ փախլաւա պատրաստէ։ Ես նոյնպէս եղայ Նորա տատիկի բերած բարիքները ճաշակողներէն մէկը։ Ան տուն-տեղ կորսնցնելով մէկտեղ միշտ ժպիտը դէմքին փառք կու տար, որ ընտանիքի մէջ զոհ չկայ…:
Արցախցի հայ կինը նաեւ երեխայասէր է եւ բարձր ինքնասիրութիւն ունի, այս կարճ երկխօսութիւնները աւելի քան խօսուն են…
– Երեխաները ինչի՞ կարիք ունեն:
= Եթէ դժուար չի՝ վերարկուի:
– Իսկ դուք ունէ՞ք:
= Ես ոչինչ, կարեւորը երեխաները ունենան։
– Գայիանէ ջան, ինչի՞ կարիք ունէք։
= Ես ինչ իրաւունք ունեմ ասելու ինչի կարիք ունենք, ոչինչ չունենք, ինչ էլ բերէք պէտք է, շատ շնորհակալ եմ։
Արցախցին արարող է ու աշխատասէր, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 79-ամեայ պապիկը մէկ օր ետք սկսած էր կնոջ հետ հող մշակել, որ իրենց կարիքները իրենք հոգան։
Մխիթարը 12-րդ դասարան է, ան Արցախէն իր հետ բերած էր բոլոր դասագիրքերն ու շտեմարանները՝ 35 գիրք… ուրիշ՝ ոչինչ։ Ան որոշած է իրաւաբան դառնալ…:
Մէկ խօսքով՝ արցախցին հայու արժանապատիւ տեսակն է, հպարտութիւն առթող․․․:
17-րդ դարէն սկսեալ ան հայու պայքարի առաջամարտիկն ու մեզ փրկողն է։ Արցախցին հայու այն տեսակն է, որ նոյնիսկ 70 տարի թուրքի տիրապետութեան տակ մնալով, ոչ միայն հայ մնաց, այլեւ՝ արժանապատիւ հայ։
Պօղոս Սնապեանի արցախեան 1988 թուականի պատերազմի օրերուն գրած տողերը կը մնան այժմէական. «Մեր ժողովուրդը, հոն թէ հոս, ամէնուրեք, արցախեան ապրում է, արցախեան խռովք, արցախեան կանչ, արցախեան հպարտութիւն, արցախեան ողբերգութիւն, զարմանք, ապշութիւն, միասնականութեան կոչ նորէն, յարուցիչ ուժ, մենք մեզ ըլլալու հրամայական։
Այսօր այսպէս է իրականութիւնը, տարբեր չէր երեք քառորդ դար առաջ, վաղը նոյնը պիտի մնայ, որովհետեւ Արցախը դարաւոր ժառանգութիւն է մեզի համար, պատմութիւն է, կրօնք է, գրականութիւն է, արուեստ է, սխրագործ արարքներու շղթայ.- Հայաստա՛ն»։
Comments are closed.