Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
21 մարտին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ցեղասպանական քաղաքականութեան 100-րդ օրը Արցախի երիտասարդները անգամ մը եւս ցոյց տուին իրենց հաստատակամութիւնը` այդ հողին մէջ ապրելու ու արարելու` ի հեճուկս համայն աշխարհի եւ բոլոր դժուարութիւններուն:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպած էր ցոյց` վերահաստատելու այդ կամքը, արցախցիի ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին, պայքարի վճռականութիւնը արտայայտելու եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը ապացուցելու համար:
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր կան դաշնակցական կառոյցներ եւ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ, ինչպէս Փարիզի, Սթոքհոլմի եւ Պէյրութի մէջ, նմանատիպ ցոյցեր տեղի ունեցան` փաստելով, որ դաշնակցական երիտասարդները դիւանագիտական մակարդակով, հանրային բեմերու վրայ չեն մոռցած Արցախը եւ ամէն առիթով միջազգային հարթակներու մէջ կը ներկայացնեն Հայ դատն ու հայկական պահանջատիրութիւնը: Երէկ խորհրդանշական օր էր, պայքարի 100-րդ օրը: Արցախը կը դիմակայէ եւ իր դիմակայութեամբ թշնամիին ոչ կ՛ըսէ` պարտադրելով յարգանք եւ ակնածանք: