Շրջափակման Հետեւանքով Արցախի Կորուստները Կը Գնահատուին Օրական Առնուազն 1.9 Միլիոն Տոլար
- (0)

ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհի՝ Բերձորի միջանցքը արգելափակելու հետեւանքով ելեւմտատնտեսական կորուստները կը կազմեն օրական առնուազն 753 միլիոն դրամ կամ 1.9 միլիոն տոլար: Այս մասին նշուած է «Շրջափակման հետեւանքով Արցախի տնտեսութեան կորուստներու գնահատման զեկոյց»-ին մէջ, որ պատրաստուած է հանրային ելեւմտական կառավարման միջազգային խորհրդատու Վարդան Արամեանի գլխաւոր տնտեսագէտներու մասնագիտական խումբին կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ պետական նախկին նախարար, «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի պատուէրով:
Երեւանի մէջ զեկոյցի ներկայացման տեսակապով միացած էին նաեւ Ռուբէն Վարդանեանն ու «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան Արցախի նախագիծերու ղեկավար Գրիգորի Մարտիրոսեանը: «Արդէն 108 օր է, որ Արցախը շրջափակման մէջ է: Ատիկա իսկապէս Արցախի տնտեսութեան բոլոր ոլորտներուն վրայ ունեցած է ազդեցութիւն: Շատ դժուար պիտի ըլլայ վերականգնել Արցախի տնտեսութիւնը ապագային»,- ըսաւ Գրիգորի Մարտիրոսեանը՝ աւելցնելով, որ զեկոյցը պիտի ներկայացնեն միջազգային կառոյցներուն:
Զեկոյցը ամբողջութեամբ կարդալ այստեղ։