Շրջափակման Ընթացքին Արցախի Տնտեսութեան Հասցուած է Շուրջ 240 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Վնաս

Արցախի կառավարութիւնը հրապարակած է շրջափակման 128-րդ օրուան վիճակագրական տուեալները: Ըստ այդմ՝

  • Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 1100 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն՝ վերջին 4 օրուան ընթացքին աճելով շուրջ 20 դէպքով։
  • Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 326 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։ Ի դէպ՝ հնարաւոր չէ հիւանդները տեղափոխել պառկած վիճակով, քանի որ ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ Արցախի շտապօգնութեան մեքենաներուն շարժը, իսկ Կարմիր խաչը չունի շտապօգնութեան մեքենաներ եւ սովորական մեքենաներով կ՝իրականացնէ հիւանդներուն տեղափոխութիւնը՝ բոլորը նստած վիճակով։
  • Շրջափակման հետեւանքով իրենց տուները չեն կրցած վերադառնալ ընդհանուր առմամբ շուրջ 3900 անձ, ներառեալ՝ 570 երեխայ, որոնց մէկ մասը արդէն վերադարձած է տուն՝ Կարմիր խաչի եւ ՌԴ խաղաղապահներուն աջակցութեամբ:
  • Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով ոչ մէկ քաղաքացի ազատօրէն կ՝երթեւեկէ, եւ մարդոց երկկողմանի տեղաշարժի դէպքերը նուազած են շուրջ 184 անգամով, եղածն ալ միայն Կարմիր խաչի ու ՌԴ խաղաղապահներու աջակցութեամբ (128 օրուան ընթացքին մարդոց 313,600-ի փոխարէն՝ 1,705 մուտք եւ ելք՝ վերջին 4 օրերուն աճելով 49 դէպքով):
  • Արգելափակուած ճանապարհով Արցախի քաղաքացիներու ոչ մէկ մեքենայ անցած է, իսկ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու մեքենաներուն շարժը եղած է գրեթէ 49 անգամ աւելի քիչ, քան պէտք է ըլլար առանց շրջափակման (128 օրուան ընթացքին 117,760-ի փոխարէն՝ 2394 մեքենայի մուտք եւ ելք, այն ալ՝ միայն Կարմիր խաչի եւ ՌԴ խաղաղապահներուն կողմէ): Ատիկա կը նշանակէ, որ վերջին 4 օրուան ընթացքին արձանագրուած է մեքենաներու միայն 16 մուտք եւ ելք:
  • Շուրջ 12 անգամ աւելի քիչ կենսական նշանակութեան ապրանք ներկրուած է միայն Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, քան իրականութեան մէջ պէտք է ըլլար առանց շրջափակման (128 օրուան ընթացքին մօտ 51,200 թոնի փոխարէն՝ 4174 թոն, որուն վերջին 4 օրուան ընթացքին՝ միայն 42 թոն):
  • Շրջափակման ընթացքին ազրպէյճանը հանրագումարային 62 օր շարունակ ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, իսկ ելեկտրամատակարարումը ամբողջութեամբ խափանուած է արդէն 99 օր շարունակ: Ատիկա յանգեցուցած է ամենօրեայ հովհարային ու լրացուցիչ վթարային անջատումներու եւ բազմաթիւ հիմնարկներու գործունէութեան փակման կամ կրճատման:
  • 860 տնտեսվարող կեդրոն (ընդհանուրի 20,1 %-ը) շրջափակման պայմաններուն մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացեալ տնտեսվարողները կը գործեն մասնակի ծաւալով կամ պետական աջակցութեամբ։
  • Շրջափակման եւ կենսական ենթակառուցուածքներու խափանման պատճառով շրջափակման սկիզբէն առ այսօր փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 10,300 մարդ (ներառեալ՝ պետական աջակցութեամբ աշխատատեղի ժամանակաւոր պահպանման դէպքերը), որ մասնաւոր հատուածի մէջ աշխատողներու 50 տոկոսէն աւելին է։
  • Դադրած են 32,6 քիլոմեթր ճանապարհի, տասնեակ քիլոմեթր ջրագիծի, հազարաւոր հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համակարգերու, 3,717 բնակարաններու, աւելի քան 40 հասարակական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները։
  • Շրջափակման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան հասցուած է շուրջ 240 միլիոն ԱՄՆ տոլարի վնաս՝ յանգեցնելով մօտ 27 տոկոսի չափով ՀՆԱ-ի կանխատեսուած տարեկան ցուցանիշի (903 միլիոն տոլար) չապահովման:

Comments are closed.