Շաբթուան ամփոփումը (9 յուլիս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա»-ի վարժողական ծրագրի մասնակիցներէն Սահակ Մուտարիկեան կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ Եւ ՍՓԻՒՌՔ
– Յուլիս 3-5-ին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը կազմակերպեց միջմասնաճիւղային սեմինար մը՝ համախմբելով Մոնթրէալ-Լաւալի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն 30 ընկերներ։ Երեք օրերու ընթացքին մասնակիցները հետեւեցան դասախօսութիւններու, մասնակցեցան զրոյցներու եւ պտոյտներու, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Վանգուվըրի մասնաճիւղի գործունէութեան։ Սեմինարը գնահատուեցաւ իբրեւ միջմասնաճիւղային կապերը ամրապնդող յաջող նախաձեռնութիւն։
– Յուլիս 4-ին թորոնթոհայութեան նոր ձեռք բերած «Նարեկ» հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային երեկոյ մը՝ շարունակելու նորահաստատ կառոյցի եւ Երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման ծրագիրներուն աջակցութիւնը։ Ձեռնարկին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ նոր կեդրոնի անուանակոչումը՝ ի պատիւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, իսկ բանախօսները ներկայացուցին ծրագիրին նշանակութիւնն ու նոր շէնքին ընձեռած կրթական, մշակութային եւ համայնքային կարելիութիւնները։ Հանգանակային յանձնախումբը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց գլխաւոր նուիրատուներուն՝ Հասըրճեան ընտանիքին (5 միլիոն տոլար), Տիար Վարուժ Լափոյեանին (1 միլիոն տոլար), ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին (700,000 տոլար), Գոլոլեան ընտանիքին (250,000 տոլար), եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերել սոյն ծրագիրին, վերահաստատելով որ հանգանակային արշաւը կը շարունակուի՝ ծրագիրի ամբողջական իրագործման համար։
– Յունիս 29-էն յուլիս 3, Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սասուն» Ճամբարը՝ մասնակցութեամբ 5-13 տարեկան 24 երեխաներու։ Հինգօրեայ ծրագիրը ներառեց հայոց պատմութիւն, երգ, ասմունք, պար, արուեստ, ձեռային աշխատանքներ եւ խաղեր՝ իւրաքանչիւր օրը նուիրելով ազգային արժէքի մը եւ հայ նշանաւոր դէմքի մը։ Ճամբարը աւարտեցաւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանով։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ
– Սահմանադրական դատարանը մերժեց յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը։ Որոշումէն ետք թէ՛ «Հայաստան» եւ թէ՛ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքները յայտարարեցին, որ պիտի ստանձնեն իրենց պատգամաւորական լիազօրութիւնները՝ ընդգծելով, որ խորհրդարանական ներկայութիւնը կը դիտեն որպէս քաղաքական պայքարի լրացուցիչ միջոց, այլ ոչ թէ գործող իշխանութեան օրինականութեան ճանաչում։ «Հայաստան» դաշինքը վերահաստատեց, որ կը շարունակէ վիճարկել ընտրութիւններու արդիւնքներն ու գործող իշխանութեան օրինականութիւնը եւ յայտարարեց, որ իր պայքարը պիտի շարունակուի թէ՛ Ազգային ժողովին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս։
– «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէ, որ կը մեղադրէ զինք առանձնապէս լայնածաւալ խարդախութեան եւ դրամներու լուացման մէջ, մինչ փաստաբաններն ու ԲՀԿ-ն մեղադրանքները կը մերժեն՝ զանոնք որակելով որպէս քաղաքական հետապնդում։ Միեւնոյն ժամանակ, ութ ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր, ներառեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտեցին Ծառուկեանի նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները՝ զանոնք գնահատելով որպէս քաղաքական հաշուեյարդար եւ ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներու շարունակութիւն։
– Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն դեր Լայէն Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ առանց մաքսատուրքերու եւ քանակական սահմանափակումներու իր շուկան բանալ Հայաստանէն արտածուող ապրանքներուն շուրջ 80 առ հարիւրին համար։ Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ԵՄ-ն Հայաստանին պիտի տրամադրէ յաւելեալ 18 միլիոն եւրօ՝ արտածման կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Մինչ ԵՄ-ն այս քայլերը ներկայացուց որպէս աջակցութիւն Հայաստանին՝ Ռուսաստանի տնտեսական ճնշումները դիմակայելու եւ երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու համար։
– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ եւ նախագահի պարտականութիւնները կատարող Աշոտ Դանիէլեան յայտարարեց իր հրաժարականը։ Ան շեշտեց, որ պաշտօնը ստանձնած էր Արցախի պետական կառոյցներու շարունակականութիւնը պահպանելու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, սակայն վերջին շրջանին իր անձին դէմ ուղղուած անհիմն մեղադրանքներն ու ստեղծուած իրավիճակը պէտք չէ ստուեր նետեն Արցախի պետական հաստատութիւններուն վրայ։ Դանիէլեան ընդգծեց, որ հրաժարականը չի նշանակեր հրաժարում Արցախի ու արցախահայութեան դատէն՝ վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ ծառայել այդ նպատակներուն նաեւ պաշտօնէն դուրս։