Շաբթուան ամփոփումը (28 մայիս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
Գանատա Եւ Սփիւռք
– Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը յայտարարած է, թէ մարտին կազմակերպուած «Թելեթոն 2026» տարեկան նուիրահաւաքը հանգանակած է 614,309 տոլար՝ զգալիօրէն գերազանցելով նախատեսուած 500,000 տոլարի թիրախը։ Վարժարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուած է բոլոր նուիրատուներուն, աջակիցներուն եւ հովանաւորներուն՝ ընդգծելով, որ այս յաջողութիւնը թորոնթոհայ համայնքի միասնականութեան, առատաձեռնութեան եւ վարժարանի առաքելութեան հանդէպ վստահութեան արտայայտութիւն է։ Վարժարանը նաեւ շեշտած է, թէ հանգանակուած գումարը պիտի ծառայէ աշակերտներուն կրթական ապագային եւ նոր սերունդներուն ազգային ու ակադեմական դաստիարակութեան ամրապնդման։
– Կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Parti Québécois կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ձայներ եւ տեսակէտներ․ զրոյց հայ համայնքին եւ Փօլ Սէն Փիեռ Փլամոնտոնի միջեւ» խորագրով հանրային հանդիպումը։ Parti Québécois-ի ղեկավար Փօլ Սէն Փիեռ Փլամոնտոն իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Քեպէգի քաղաքական եւ հասարակական մարտահրաւէրներուն, միաժամանակ վերահաստատելով իր կուսակցութեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, Հայաստանի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Քեպէգի հայ համայնքին։ Ան նաեւ յստակացուց, որ Parti Québécois-ի քաղաքականութիւնը չի թիրախաւորեր Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի նման կրթական հաստատութիւններու տրամադրուելիք ֆինանսական աջակցութիւնը եւ շեշտեց կուսակցութեան աջակցութիւնը վարժարանի կրթական ու համայնքային առաքելութեան։ Երեկոն շարունակուեցաւ բաց հարց-պատասխանի մթնոլորտի մէջ, համայնքի անդամներու եւ երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ։
– Շաբաթ, 23 մայիս 2026-ին, Մոնթրէալի Collége Beaubois-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբի տարեկան համերգը՝ նուիրուած մեծանուն երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Սարգիս Պարսեմեանի խմբավարութեամբ եւ զանազան երաժիշտներու նուագակցութեամբ կայացած համերգին ընթացքին ներկայացուեցան Աւետիսեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ հայկական ժողովրդական երգեր։ Ձեռնարկին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, հոգեւորականներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը։ Երեկոն յատկանշական էր երգչախումբի բարձրորակ եւ ոգեշնչող կատարումներով, իսկ ձեռնարկի աւարտին Սրբազան Հայրը գնահատեց «Քնար» երգչախումբի մշակութային առաքելութիւնը՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւններով հայ ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ կենսունակ։
– Երկուշաբթի, 25 մայիսին, Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ժառանգութեան ամսուան 4-րդ տարեկան ընդունելութիւնը, կազմակերպութեամբ նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեանի։ Ձեռնարկին մասնակցեցան հոգեւորականներ, համայնքային ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ եւ բարձրաստիճան հիւրեր։ Օնթարիոյի վարչապետ Տակ Ֆորտ եւս միացաւ հանդիսութեան՝ արժեւորելով Օնթարիոյի կենսունակ հայկական համայնքի ներդրումը նահանգի հասարակական կեանքին։
– Մոնթրէալի Վանիէ Քոլէճը յայտարարեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեանի նշանակումը որպէս հաստատութեան Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ երեք տարուան ժամկէտով։ 2021-էն ի վեր Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2025-ին վերընտրուած Նազարեան կը զբաղի քաղաքի միջազգային կապերու, տնտեսական գրաւչութեան եւ զարգացման հարցերով։ Քոլէճը ընդգծեց, թէ անոր քաղաքական եւ մասնագիտական փորձառութիւնը արժէքաւոր ներդրում պիտի ըլլայ հաստատութեան ղեկավար մարմինին համար։ Իր հերթին, Նազարեան յայտնեց, թէ կրթութիւնը կենսական դեր ունի ներառական եւ ապագայամէտ համայնքներու կերտման մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով Քեպէգի Բարձրագոյն Կրթութեան նախարարութեան եւ վերահաստատելով իր պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Վանիէ Քոլէճի առաքելութեան եւ յաջողութեան։
Հայաստան եւ Արցախ
– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Truth Social-ի վրայ հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, զայն բնորոշելով որպէս «մեծ բարեկամ եւ առաջնորդ»։ Թրամփ բարձր գնահատեց Հայաստան–ԱՄՆ TRIPP նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, թէ անիկա պիտի «վերափոխէ Հարաւային Կովկասը» եւ ընդլայնէ ամերիկեան տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շահերը տարածաշրջանին մէջ։ Ան նաեւ Փաշինեանին յայտնեց իր «ամբողջական եւ լիակատար աջակցութիւնը»։
– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիո կարճատեւ այցով ժամանեց Երեւան, ուր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյանի հետ նախաստորագրեց «Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծին վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։ Կողմերը ստորագրեցին նաեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւն եւ կարեւոր հանքանիւթերու ու հազուագիւտ հանածոներու մատակարարման շղթաներու ապահովման վերաբերեալ յուշագիր։ Այցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրարշաւի ընթացքին, իսկ Ռուպիո իր ելոյթին մէջ բացայայտ կերպով իր աջակցութիւնը յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան։
– Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, թէ առանց յստակ երաշխիքներու համակարգի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը չի կրնար տեւական եւ կենսունակ ըլլալ։ Ան նշեց, թէ իրենց քաղաքական ուժը իշխանութեան գալու պարագային պիտի չմերժէ արդէն գոյութիւն ունեցող նախաստորագրուած փաստաթուղթը, այլ պիտի փորձէ զայն լրացնել յաւելուածներով եւ միջազգային երաշխիքներով։ Քոչարեան կարեւոր նկատեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի յստակ դիրքորոշումը՝ համաձայնագիրը խախտող կողմին նկատմամբ հետեւանքներ սահմանելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ երաշխաւոր պետութիւններու ներգրաւումը։ Քոչարեանի համաձայն՝ նման երաշխիքներու բացակայութիւնը պայմանաւորուած է այն իրողութեամբ, որ Ատրպէյճանը նման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, մինչ հայկական կողմը հարցը բաւարար կերպով չի բարձրացներ իսկ։
– Պաքուի մէջ սկսած է Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս հայ գերիներուն դէմ շինծու դատավարութիւններու վերաքննութիւնը։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, մայիս 26-ին Պաքուի վերաքննիչ դատարանը քննութեան ենթարկած է Արայիկ Յարութիւնեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Դաւիթ Պապայեանի, Լեւոն Մնացականեանի եւ միւս հայ գերիներուն վերաբերող բողոքները։ Նշենք, որ Պաքուի ռազմական դատարանը նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Իշխանեանը եւ Դաւիթ Պապայեանը դատապարտած էր ցկեանս ազատազրկման, մինչ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուած էին 20 տարուան բանտարկութեան։ Միւս հայ գերիներուն դէմ եւս երկարատեւ ազատազրկման վճիռներ արձակուած էին։