Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին պատգամը՝ ուղղուած Սփիւռքի զօրաշարժի նուիրուած խորհրդաժողովին

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ներկայ համագումարին մասնակիցները: Կ’ապրինք տագնապալից ժամանակներու մէջ: Հայաստանը ու Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն իրատես ու համապարփակ քննարկումներու նուիրուած ներկայ նախաձեռնութիւնը կը նկատենք այժմէական ու հրամայական:

Մեր խօսքը կ’ուզենք սկսիլ հարցադրումով մը, որ մեկնակէտը ու մղիչ ոյժը հարկ է որ դառնայ համագումարի մօտեցումներուն ու արժեւորումներուն.- Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը՝ յարաբերաբար ինքն իրեն, Հայաստանին եւ մեր ազգին ընդհանրական տագնապներուն ու իտէալներուն: Իրապաշտ ինքնահայեցողութիւնը ու առարկայական ինքնաքննութիւնը, հեռու զգացական ու միակողմանի դատումներէ, էական են մեր դիմագրաւած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն ճիշդ ախտաճանաչումը կատարելու եւ համապատասխան ուղեգիծ մը ճշդելու համար:

Անուրանալի իրողութիւն է, որ ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդի ցրուած ու անօթեւան զաւակները կազմակերպ համայնքներու վերածելու եւ եկեղեցւոյ, դպրոցի, ակումբի ու մշակոյթի ճամբով եւ ծով զոհողութեամբ հայու ինքնութիւնը պահելու եւ մեր պահանջատիրութիւնը հետապնդելու գծով, եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու միութիւնները ճշդորոշիչ դեր կատարեցին:

Այսօր տարբեր պատկեր կը պարզէ Սփիւռքը: Ան տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց է համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, ուր արժէքները նահանջի մէջ են ու ազգային ինքնութիւնները կորուստի ենթակայ: Հետեւաբար, Սփիւռքի ինքնաքննական արժեւորումը ու մեր կառոյցներուն նպատակի ու գործունէութեան վերատեսութիւնը ու վերակենսաւորումը կը նկատենք անյետաձգելի: Այլեւս չենք կրնար կարծրատիպերով, մաշած մտածելակերպերով ու հինցած գործելակերպերով մեր հաւաքական կեանքը կազմակերպել, երիտասարդութիւնը մեր շուրջը պահել, նոր սերունդներուն ազգային շունչ փոխանցել ու ազգային իտէալներով շաղախել, երբ մեր մօտեցումները համահունչ չեն ներկայ պայմաններուն ու պահանջներուն: Այս մտահոգութենէն մեկնած 2023 եւ 2024 տարիները Մենք հռչակեցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման տարիներ: Այս գործընթացքը հարկ է շարունակուի՝ մէկ կողմէն կառչած մնալով մեր արմատներուն, եւ միւս կողմէն՝ նոր աշխարհահայեացքներու ու հորիզոններու բանալով մեր կեանքը:

Սփիւռքը երբեք իր իւրայատուկ օրակարգը չէ ունեցած, բացի Ապրիլ 24-ի եւ ճակատագրական պահերուն համայնքային պատասխանատուներուն միջեւ կատարուած հաւաքական խորհրդակցութիւններէն ու միացեալ յայտարարութիւններէն: Համասփիւռքեան օրակարգի մը ձեւաւորումը ու մտածողութեան մշակումը, պահելով հանդրց իրենց իւրայատկութիւնը, կը նկատենք անհրաժեշտ, որոնք պէտք է անանջատելի ու լրացուցիչ մասը դառնան համահայկական օրակարգի ու մտածողութեան:

Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը նպատակասլաց չեղաւ երբեք: Ան չունեցաւ ամուր խորք ու հէնք, յստակ մեթոտ ու նպատակ, Փաստօրէն, ան մնաց բարեսիրական, պիզնէսային ու թուրիստական ոլորտներուն մէջ ու չդարձաւ յատկապէս՝ մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս ծրագրուած ու համապարփակ գործակցութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւն: Հայաստանը չկրցաւ ճիշդ կերպով օգտագործել Սփիւռքի ներուժը ու անոր քաղաքական կարեւոր գործօն ըլլալու իրողութիւնը: Միւս կողմէն, Սփիւռքը հսկայ ներդրում կատարեց Արցախին եւ Հայաստանին: Սակայն, հայրենաշինութեան բերած իր գործօն մասնակցութիւնը արժանի գնահատանքի չարժանացաւ պետութեան կողմէ:

Իսկ վերջին տարիներուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը ահաւոր վայրէջքի մէջ է: Պատճա՞ռը՝ Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն է՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ, որ անվարան կարելի է բնորոշել որպէս ապազգային, անհեռատես ու վտանգալից: Այսօր, փաստօրէն հայ ժողովուրդի արժեհամակարգը սկսած է խախտիլ՝ նոյնինքն զայն պաշտպանելու կոչուած պետութեան կողմէ: Արդարեւ, ինչպէս կարելի է լուռ ու անտարբեր մնալ երբ իշխանութեան կողմէ հետեւողական ճիգ կը թափուի՝ ցեղասպանութիւնը անցեալի փոշիներուն տակ թաղելու, Արարատը Արագածով փոխարինելու, Արցախը անցեալի մէջ պահելու ու եկեղեցին սոսկ պետական կառոյց նկատելու, երբ, այսպէս կոչուած յանուն «իրական Հայաստանի» կը շարունակուի ազգային ու կրօնական խորհրդանիշերն ու արժէքները անտեսելու ու նոյնիսկ արհամարհելու քաղաքականութիւնը: Բազմազան վտանգներով յղի այս երեւոյթին դիմաց, Սփիւռքի յուսախաբութիւնը ու անտարբերութիւնը սկսած է դառնալ տիրական:

Ներկայ իշխանութիւնը նաեւ կ’անտեսէ Սփիւռքը: Օրինակները բազմազան են ու այլազան: Եւ աւելին, ան կը փորձէ բաժանարար գիծեր ստեղծել ու բեւեռացումներ յառաջացնել Սփիւռքէն ներս՝ յիշեցնելով Սովետական Միութեան ժամանակները: Նման ազգակործան քաղաքականութիւն Մեզի համար անընդունելի է ինչպէս յաճախ շեշտած ենք:

Եզրակացնելով Մեր պատգամը, կ’ուզենք յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել հետեւեալ կէտերը.-

1) Յետ-ցեղասպանութեան եւ ապա յետ-Հայաստանի անկախութեան յառաջացած սփիւռքներու ներդաշնակումը առաջնահերթ հրամայական է: Արագ մաշումի ենթակայ Սփիւռքի ազգային ինքնութեան վերանորոգումը՝ համայնքային կառոյցներու այժմէականացումով ու հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործումով, աւելի քան անյետաձգելի է: Այս գծով առանցքային է դերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

2) Ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ Սփիւռքի մը վախճանը կրնայ երկար չտեւել: Սփիւռքի կեանքը հարկ է դառնայ հայաստանանպատակ, սակայն ո°չ հայաստանակեդրոն: Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր ազատ ու իւրայատուկ մտածողութիւնը: Ոչ Հայաստանը պէտք է փորձէ միջամտել Սփիւռքի ներքին կեանքին, ոչ ալ Սփիւռքը՝ Հայաստանին:

3) Համազգային, պետական եւ համասփիւռքեան օրակարգերը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել, ինչպէս նաեւ իրարու հակադրել: Անհրաժեշտ է պահել իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը: Անոնք իրենց առաջնահերթութիւններով ու շեշտաւորումներով հարկ է տարբեր ըլլան. սակայն խորքային ու վախճանական իմաստով զիրար ամբողջացնող, յատկապէս համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:

4) Համասփիւռքեան օրակարգի մը մշակումը գէթ այս հանգրուանին, կրնայ դժուարութեան հանդիպիլ՝ նկատի ունենալով Սփիւռքեան կառոյցներու ունեցած տարբեր դիրքորոշումները Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութեան նկատմամբ: Սակայն, կը խորհինք թէ անհրաժեշտ է ժամանակաւոր բնոյթ ունեցող դժուարութիւնները շրջանցել եւ համա-Սփիւռքեան օրակարգի մը հիմը դնել: Նման արդիւնաշատ փորձեր վերջին տարիներուն կատարուեցան Անթիլիասի կողմէ:

5) Համազգային խնդիրներու շուրջ Սփիւռքը ըսլիք եւ ընելիք պէտք է ունենայ: Ուժեղ Հայաստանի կերտումը՝ ուժեղ պետութեամբ, ուժեղ բանակով ու տնտեսութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր ազգին միութեան ու ամբողջականութեան ամուր պահպանումը, ռազմավարական խորունկ նշանակութիւն ունի եւ հետեւաբար, համազգային օրակարգի էական մասը կը կազմէ:

6) Անհրաժեշտ է՝ աշխարհաքաղաքական նոր զարգացումներու լոյսին տակ ազգային պահանջատիրութեան ներառեալ Արցախի մեր ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները ու շեշտաւոումները վերատեսութեան ենթարկել: Այս գծով Էական է դերը Սփիւռքին թելադրէ, որ ան համադրուած ըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ:

Յաջողութիւն՝ համագումարի աշխատանքներուն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ