«Նոր Ծաղիկ»ի յառաջիկայ համերգը նուիրուած է Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ 25-ամեակին

Հարցազրոյց «Նոր Ծաղիկ»ի Խմբավար՝ Տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեանի Հետ

Հորիզոն.- «Նոր Ծաղիկ»ը Շաբաթ, 29 Սեպտեմբերին իր նոր համերգը պիտի տայ: Ծանուցուած է, թէ համերգը ձօնուած է Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ 25-ամեակին: Այսպիսով՝ «Նոր Ծաղիկ»ը անգամ մը եւս հրապարակ կու գայ թէ՚ իբրեւ հայ երգի դպրոց եւ թէ՚ իբրեւ յանձնառութեան դպրոց: Կը խնդրենք, որ այս մասին աւելի լուսաբանէք մեզ:

Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան.- Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հովիւը եւ Հոգաբարձութիւնը խնդրեցին, որ »Նոր Ծաղիկ»ը համերգով մը իր մասնակցութիւնը բերէ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակին: Ուստի, այս համերգը ձօնուած է անոր 25-ամեակին:

«Նոր Ծաղիկ»ը իր 45 անդամներով ելոյթ պիտի ունենայ՝ գեղեցիկ յայտագիր մը հրամցնելով: Այս երգչախումբը ծնունդ առաւ 2006-ին Արժ. Տ. առնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի գաղափարով ու ճիգերով եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հովանաւորութեամբ:

Մինչեւ օրս երգչախումբին մաս կազմած են 220 փոքրիկներ: Կ՚ուզեմ յիշել նաեւ, թէ խումբը տարուայ ընթացքին տօնական կիրակիներու երգած է Մակար Եկմալեանի Պատարագը, երբեմն համարկելով Կոմիտասի Պատարագէն երգեր, միշտ ժողովուրդին կողմէ բացառիկ գնահատանքի արժանանալով: Մինչեւ այսօր «Նոր Ծաղիկ»ը տուած է 11 համերգներ, տարբեր երգացանկերով:

Սրտի մեծ գոհունակութեամբ կþուզեմ ըսել, թէ այս գործով մենք սատարեցինք մանուկներուն եւ պատանիներուն «հայեցի դաստիարակութեան»: Անոնք սորվեցան միաձուլուած երգել՝ իրար մտիկ ընելով, երգեցողութեան պայմանները յարգելով, օրինաւոր շնչելով, խօսքերը յստակ արտասանելով եւ հասկնալով, որ երգելը՝ պոռալ ըսել չէ:

Հոս կ՚ուզեմ շեշտել, որ մեր փոքրիկներուն եթէ միայն մեր Պատարագը սորվեցնէի, կրկնելով եւ կրկնելով, վստահ եմ որ դիւրին պիտի չըլլար անոնց յարատեւման ապահովումը: Ուրեմն, պէտք էր շարժում դնէի փորձերու մթնոլորտին մէջ: Այս մեթոտով է, որ անոնք ծանօթացան մեծ թիւով եկեղեցական, ազգագրական եւ ազգային երգերու:

Պէտք է արձանագրել, որ «Նոր Ծաղիկ»ի բոլոր երգեցողութիւնները իրագործուած են շաբաթական մէկ փորձով, եւ երբեմն՝ իմ տանս մէջ մասնակի փորձերով:

Հ.- Ի՞նչ է պատկերը երգչախումբին. վարչական եղանակը, դաշնակահար, նոր անդամներ, անցեալի անդամներ:

Է.Պ.Հ.- Ինչպէս կþըսէ առածը՝ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: Իմ աջ բազուկս, դաշնակահարուհիս՝ Դալար ալլօղլեանն է, դուստրս: Ան իր մեծ ներդրումը ունի այս գործին յաջողութեան մէջ: Դաշնակի ընկերակցութեամբ ան հրապուրիչ կը դարձնէ եւ կը փայլեցնէ «Նոր Ծաղիկ»ը: Իսկ երէցկին Նինա Գոյունեանի նուիրեալ ու գործնական աջակցութիւնը զանազան աշխատանքներու համար՝ գերազանց գնահատելի է: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր ծնողներուն, որոնք մեր եռանդը միշտ վառ պահած են: Անոնք այս տարի եւս, նոյնիսկ ամառնային արձակուրդին գործակցեցան, որպէսզի մեր փորձերը հեզասահ ըլլան:

Մանկապատանեկան երգչախումբի մը անդամները իրենց տարիքի բերումով յաճախ կը փոխուին եւ նոր անդամներով կը հարստանայ երգչախումբը: Այս տարի արդէն 10 նոր անդամներ միացան երգչախումբին: 2007-ի համերգին մասնակցող անդամներէն խումբ մը, իրենց փափաքով, մաս պիտի կազմեն այս համերգին:

Հ.- Ի՞նչ է համերգին յայտագիրը:

Է.Պ.Հ.- Յայտագիրը կը բաղկանայ երկու բաժինէ: Առաջինը կþընդգրկէ յայտնի երաժիշտ եւ երգահան Արեգ Լուսինեանի սքանչելի եռաձայն «Մանկապատանեկան Պատարագ»ը որ կազմուած է 17 երգերէ: Անիկա գրուած է երգեհոնի ընկերակցութեամբ: Այս 17 երգերէն 16-ը աշխարհաբարով են, միայն վերջինը՝ որ կնքիչ «Հայր մեր»ն է, գրաբար է: 16 երգերէն առաջինը դարձեալ «Հայր մեր»ն է, բայց աշխարհաբարով, ինչպէս ըսի. երկրորդը՝ սաղմոսի մը օգտագործմամբ՝ Պատարագը սկսելու երգ մըն է, երրորդը՝ Մեծարենցի «Արդի Մարդուն Հայր Մեր»էն տուներ են՝ թեթեւ փոփոխութեամբ, իսկ մնացեալները՝ աւանդական Պատարագին գլխաւոր երգերուն պատշաճեցումներ են: Այս բոլորը կատարուած են առնիկ Աւ. Քահանայի կողմէ: Իբրեւ մանկապատանեկան Պատարագ՝ ասիկա աննախընթաց է մեր մշակոյթին մէջ: Առաջին ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ 2017-ին, ի ներկայութեան հեղինակին: Այս ստեղծագործութիւնը ունի հրեշտակային ոլորտներ եւ արտայայտութեան զգայուն կերպեր: Արուեստի ազնուական գործ մըն է: Յայտագրին երկրորդ մասը կազմուած է ազգագրական եւ ազգային գեղեցիկ ու ներշնչիչ երգերէ, որ »«Նոր Ծաղիկ»ի անդամները կþերգեն մեծ հրճուանքով եւ հաճոյքով:

Հ.- Ամառնային արձակուրդէն գրեթէ անմիջապէս ետք, երգչախումբը ո՞րքան պատրաստ է համերգին:

Է.Պ.Հ.- Ամառնային արձակուրդին մեր փորձերը շարունակեցինք, որովհետեւ անկարելի էր դադար առնելը՝ Սեպտեմբերի համերգին յաջողութեան համար: Ուստի ամէն ճիգ թափեցինք եւ մեծ բծախնդրութեամբ աշխատեցանք: Իսկ խումբին անդամները խանդավառութեամբ եւ պատասխանատու ներկայութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ամառնային փորձրուն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է հայ երգը սիրցնել:

Է.Պ.Հ.- Մանկապատանեկան երգչախումբ կազմելը եւ յարատեւելը մեծ մարտահրաւէր է, սակայն հաւատացած եմ, որ ամէն դժուարութիւն ունի իր լուծումը: Նախ ուրախ մթնոլորտ մը պէտք է ստեղծել, որպէսզի փոքրիկները հաճոյքով հետեւին երգչախումբի փորձերուն: Երկրորդ, հայկական աշխոյժ ու հրապուրիչ երգեր ներմուծել փորձերուն մէջ, որպէսզի անոնք ուրախութեամբ երգեն մեր գեղեցիկ երգերը: Որքան մեծ հաճոյքով անոնք երգեն՝ այնքան աւելի ու յաճախ բծախնդրութեամբ կ՚ուզեն կրկնել եւ սրբագրել: Մեր փոքրիկները իրենց երգացանկին մէջ ունին երգ մը, որ կ՚ըսէ՝ «Երաժշտութիւն ով չի սիրում, նա կիսատ մարդ է այս աշխարհում», նաեւ՝ «Արուեստով լի օրը համեստ, թանկ է քան դարը մի անարուեստ»: Արդ, 11 տարիներու ընթացքին, այս օտար ափերուն վրայ, մենք յաջողեցանք Պատարագ եւ բազմաթիւ տոհմիկ ու ազգային երգեր սորվեցնել ու սիրցնել 220 հայ մանուկներու եւ պատանիներու, որպէսզի անոնք զերծ մնան հայ երգի, ուստի՝ հայ հոգիի աղաւաղումներէն:

Հ.- Կրնայի՞նք խնդրել, որ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ հայ երգին դերը բացատրէք:

Է.Պ.Հ.- Ինչպէս յիշեցի, հայ նոր սերունդը օտար ազդեցութիւններէն տարուելով՝ շատ դիւրութեամբ կը ձուլուի, եւ հեռու կը մնայ Հայ մշակոյթէն: Ուստի, բոլորս՝ Հայ դպրոց, Հայ եկեղեցի, Հայ ակումբ, հայ կեդրոններ, մշակութային եւ մարզական զանազան կազմակերպութիւններ պէտք է մեր կարելին ընենք՝ առաւելագոյն ձեւով, արդիականացած մօտեցումներով հրապուրիչ եւ քաշողական դարձնենք մեր եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ մարզական միջավայրը, որպէսզի հայ մանուկը եւ պատանին ինքնակամ եւ սիրայօժար մաս կազմեն հայկական որեւէ մէկ գործունէութեան: Կը կարծեմ որ «Նոր Ծաղիկ»ը իր փոքրիկ բայց կարեւոր բաժինը կը կատարէ այս մեծ առաքելութեան մէջ՝ փոխանցելով յատուկ սէր, որակաւոր ճաշակ եւ յարգանք հայ երգին, հայ երաժշտութեան, եւ վերջապէս հայ մշակոյթին հանդէպ:

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.