Նեմեսիսեան արդարահատոյց

Հարիւր տարիներ առաջ՝ այս օրը, 1921 Մարտ 15-ին Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռքով կատարուեցաւ, պատմական մէկ արարք՝
Այսպէս կը բնուդագրէ Սողոմոն թէհլիրեան Թալէաթին հասանելի պահը՝ «Կը Մօտենայինք իրարու։  Ան կուգար ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով։  Կարճ տարածութիւն մը մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն մը համակեց էութիւնս։  Հաւասարուեցանք Թալէաթը շեշտակի նայեցաւ ինծի. աչքերուն մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը։  Վերջին քայլը կտրուեցաւ գետնեն.  Քիչ մը թեքուեցաւ որ փախչի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխուն պարպելս մէկ եղաւ… Բնաւ չէի կրնար երեւակայել, որ այդքան դիւրութեամբ գետին պիտի փռուէր գազանը»։
Սողոմոն Թէհլիրեանի ձեռքով կատարուածը, պատմական արդարահատոյց էր, որ մշտապէս պիտի ապրի մեր եւ նորահաս սերունդներու արդար յիշողութեան մէջ, որպէսզի բոլորս դաստիարակուինք անոր նուիրական կեանքէն եւ հպարտութեամբ լիցքաւորուած քաջարի եւ անմահանուն հերոսի թողած պանծալի կտակէն՝ քալենք հպարտ, պայքարի, եւ յաւերժութեան ճամբաներով մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Փառք եւ պատիւ անմահանուն վրիժարու բազուկ Սողոմոն Թէհլիրեանին, Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած յայտնի եւ անյայտ բոլոր ազատամարտիկներուն, կուսակցական գործիչներուն, որոնք իրենց կեանքերը ընծայաբերեցին հայ դատի եւ հայաստանի ու Արցախ հայաշխարհի անկախութեան եւ ազատութեան սրբազան բագինին՝ Յարգանք ձեր անմեռ յիշատակին անգին Հերոսներ:
Յակոբ Ճանպազեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.