Նախիջեւանի սահմանին բախումները կը շարունակուին

– Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը բացայայտ նոր պատերազմով կը սպառնայ Հայաստանին

– Հայկական զինուած ուժերը Ապրիլ 17 – Մայիս 7 ժամանակահատուածին Նախիջեւանի ուղղութեամբ յառաջացած են 750 մեթր

Ատրպէյճանի հետ պէտք է խօսիլ միայն ուժի լեզուով։ Այս մասին ասուլիսի ժամանակ յայտնեց Razm.info ռազմական հարթակի վերլուծաբան Տարօն Յովհաննիսեանը։

Յովհաննիսեան նշեց, որ Պաքուն լայնածաւալ մարտական զօրավարժութիւններ սկսած է` ԵԱՀԿ–ին նախապէս չզգուշացնելով։ Ընդ որում` զօրավարժութիւններու մէջ ընդգրկուած են յարձակողական գործողութիւններու ռազմափորձեր, ինչ որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական մտադրութիւններուն մասին իւրօրինակ ուղերձ է։

Բացի այդ, Յունիս 26–ի ռազմական շքերթին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտնած էր, որ արցախեան հակամարտութեան լուծման ուժային տարբերակը դեռ ուժի մէջ է, եւ որ միջազգային իրաւունքը հիմա չի գործեր։

«Երբ հարեւան պետութեան առաջնորդը բացայայտօրէն կը խօսի պատերազմի մասին, միակ բանը, որ Հայաստան պէտք է ընէ` ռազմական գործողութիւններուն աւելի թափով պատրաստուիլն է։ Ի հարկէ, կարելի չէ անվերջ ենթարկուիլ հակառակորդի սադրանքներուն, սակայն պէտք չէ նաեւ թոյլ տալ, որ ան ինքզինք անպատիժ զգայ», համոզուած է Յովհաննիսեան։

Նախիջեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպը, երբ ՀՀ բանակը թոյլ չտուաւ, որ ատրպէյճանական բանակը ամրապնդուի ու հեռահար ռմբակոծումով հրկիզեց անոնց նոր դիրքը, թշնամիի յաւակնութիւններուն համարժէք պատասխան կը համարէ Յովհաննիսեան։ Ան նաեւ կը կանխատեսէ, որ յառաջիկային հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ այդպիսի բախումները շարունակուին։

Յիշեցնենք, որ Յունիս 30-ի երեկոյեան եւ Յուլիս 1-ի առաւօտեան ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները նախիջեւանեան ուղղութեան որոշ տեղամասերու մէջ փորձեր էին դիրքային ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել։ Ասոր ի պատասխան, ՀՀ զինուած ուժերը պատասխան կրակ արձակեր էին, թոյլ չտալով որ հակառակորդը կատարէ իր խնդիրը: Հայաստանի զինուած ուժերուն արձակած կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած էր հակառակորդի դիրքերէն մէկը:

Ըստ Ռազմինֆոյի, հայկական զինուած ուժերը Ապրիլ 17 – Մայիս 7 ժամանակահատուածին Նախիջեւանի ուղղութեամբ յառաջացած են 750 մեթր եւ նոր դիրքեր գրաւած են։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.