Նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի գրասենեակ

Փետրուար 27-ին, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի գրասենեակ։ հանդիպման ընթացքին նախարար Ժոլի գնահատեց ՀՕՄ-ի բարեսիրական առաքելութիւը եւ յայտնեց, որ նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու Գանատայի տարածքին գործող բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն։

Հանդիպման աւարտին, նախարար Ժոլի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ Լիւսի Շահինեանին յանձնեց Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ նպաստ մը։ Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Նայիրի Ֆռունճեան եւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատու Անահիտ Տէր խաչատուրեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.