Նախարարուհի Մելանի Ժոլիի ներկայութեամբ կայացած «Հորիզոն»ի 40-ամեակի նուիրահաւաքէն գոյացաւ 60 հազար տոլար

Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հորիզոնի հիմնադրութեան 40-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրիի, Գանատայի Զբօսաշրջութեան, լեզուի եւ ֆրանսախօսութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլիի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Արամ Էլակէօզի, Լաւալի Վիմի շրջանին Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Աննի Քութրաքիսի, Ազգային Իշխանութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի, ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն, յարակից միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ «Հորիզոն»ին աջակցող բարերարներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, ապա օրուան բեմավարներ Կորիւն Գոյունեան (հայերէն) եւ Տիանա Սքայա (անգլերէն) ողջունեցին ներկաները եւ հակիրճ անդրադարձ կատարեցին «Հորիզոն»ի 40-ամեայ գործունէութեան: Անոնք յայտնեցին. «Ազգային-հասարակական նիւթերու իր հրատարակումներով, բայց մանաւանդ գանատահայ գաղութի վերջին 40-ամեայ պատմութեան ժամանակագրութիւնը կատարելով, «Հորիզոն» դարձած է գաղութային կեանքի հարազատ հայելին: «Հորիզոն» նաեւ այն բեմը եղաւ, ուր արտացոլաց Դաշնակցութեան մտածողութիւնը, ուր ծաւալեցան համահայկական խնդիրներու շուրջ մտքերու փոխանակումներն ու բանավէճերը, ուր հնչեց ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի խօսքը եւ գրուեցաւ Հայ Դատի գծով մեր պայքարի օրագրութիւնը»:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավարութեամբ տիկին Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանի, նուագակցութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի, մեկնաբանելով «Ով մեծասքանչ», «Մայրենի լեզու» եւ փունջ մը ժողովրդական ու ազգային երգեր: «Հորովել» երգով հանդէս եկաւ գանատահայ երգիչ Էլի Պէրպէրեան, նուագակցութեան տուտուկահար Վաղօ Ադամեանի:

Խօսք առաւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ շնորհաւորելէ ետք «Հորիզոն»ի աշխատակազմն ու աջակիցները՝ յայտնեց. «Հորիզոն»ը կը պատկանի մամլոյ այն մեծ ընտանիքին, որ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն կը կոչուի դաշնակցական մամուլ, այն յանձնառու, մարտունակ, իր խօսքն ու ըսելիքը չծամող մամուլին, որ իր ձայնը լսելի դարձուցած է գրաւեալ Հայաստանէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, սփիւռքէն՝ ամէնուրեք, պատնէշի վրայ կեցած այն ընտանիքին, որ կը կոչուի դաշնակցական մամուլ եւ կը մնայ անոր առաջատար ներկայացուցիչներէն մին»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Գաղափարը ինքնին զէնք է, եւ մեր ծնած օրէն մենք անոր հաւատացած ենք. մէկ գաղափար մը բաւարար է, որ ամբողջ համայնք մը, ամբողջ ազգ մը շարժէ դէպի յատուկ ուղղութիւն. եւ մենք գաղափարը իբրեւ զէնք, իբրեւ մեր ազգագրական պայքարի ուղղութիւն ունենալով՝ պիտի շարունակենք, «Հորիզոն»ի դրօշով, մինչեւ մեր երազներու ամբողջական իրականացումը, հոսկէ մինչեւ Արցախ, մինչեւ ամբողջական Հայաստան»:

Նախարարուհի Մելանի Ժոլի իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց գանատահայ գաղութն ու Հորիզոնի մեծ ընտանիքը՝ նման կարեւոր լրատուամիջոց մը ունենալուն եւ անոր 40-ամեակին առթիւ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Գանատայի մէջ խօսքի ազատութեան կիրակումն ու ընկերվարական օրէնքներու համաձայն գործելը՝ «Հորիզոն»ի ճամբով, նաեւ յայտնեց, թէ «Հորիզոն»ը գանատահայ գաղութին համար այն կարեւոր հարթակն է Գանատայի հասրակական ու քաղաքական կեանքին մասնակից դառնալու: Նշենք, որ նախարարուհին չորս տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի ամառնային աշակերտական վարժողական ծրագիրը:

Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի ողջոյնի խօսքը տեսերիզով փոխանցուեցաւ ներկաներուն, որուն մէջ ան յայտնեց. «Շաբաթաթերթի մշտապէս թարմացուող նիւթերով է՛լ աւելի է ընդլայնում ընթերցողների շրջանակը: Անառարկելի է «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աւանդը՝ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի, հայրենի պատմութեան ու մշակոյթի տարածման գործում»: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մաղթում եմ, որ գալիք տարիները դառնան լրատուական նորանոր հորիզոններ նուաճելու, ստեղծագործական եւ հայրենանուէր ծրագիրներ իրագործելու տարիներ»: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»ի 40-ամեակին առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզ մը, որուն ձեւայղացքը կատարած էր 2019 տարուան վարժողական ծրագրին գործակատար Յովիկ Կէտիկեանը:

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի շնորհաւորական ուղերձի ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

Խօսք առաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքը սկսաւ յիշելով «Հորիզոն»ի այն գործընկերները, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, ապա յիշեց նախկին խմբագիրներն ու գործընկերները, ապա ողջունեց ներկաներն ու «Հորիզոն»ի մեծ ընտանիքը: Ան անդրադառնալով գանատական քաղաքական գետնի վրայ, շաբաթաթերթին հանրային յարաբերական գործունէութեան՝ յայտնեց. «Այսօրուան դրութեամբ, «Հորիզոն» երկու անգամ հրաւիրուած է Գանատայի վարչապետին հետ մամլոյ ասուլիսի, աւելի քան 10 գանատացի նախարարներու հետ հարցազրոյց կատարած է, ինչպէս նաեւ նահանգային վարչապետներու եւ քաղաքապետներու հետ»: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան դէմ «Հորիզոն» իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ սուր կերպով հակադարձած է, որուն իբրեւ արդիւնք մի քանի տարի առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ բողոք արձանագրած է «Հորիզոն»ի դէմ։ Անդրադառնալով Արցախի գոյամարտին խմբագիրը յայտնեց, թէ «Հորիզոն» Արցախի հետ է լրագրական ծիրէն ներս թէ դուրս, գործնապէս եւ բարոյապէս: «Արցախի գծով «Հորիզոն»ը ունի մէկ ու միակ քաղաքական բանաձեւում. ՈՉ ՄԷԿ ԶԻՋՈՒՄ», ըսաւ ան: Խմբագիրը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հորիզոն»ի առաջին թիւով, Մայիս 28, 1979-ին, առաջին խմբագրականով յայտարարած ենք, որ պիտի աւետենք Հայաստանի անկախութիւնը։ Այսօր, կը վերահաստատենք այդ խոստումը, եւ ձեզի կը յայտնենք, որ վստա՛հ եղէք, թէ «Հորիզոն»ի էջերով կ՚աւետենք նաեւ միաւորուած Հայաստանի աւետիսը»:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրումներ, ձեռամբ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի, վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Պաշըքճեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: «Հորիզոն»ի կողմէ գնահատագիր ստացան Մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմի անդամներ՝ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, Սալբի Էլէյճեան Քելլէեան, Թալիա Ճապրայեան, Շողիկ Սաֆար, Արիանէ Թասլաքեան եւ Յուշիկ Բաբուճեան, ինչպէս նաեւ կամաւոր աշխատակիցներ՝ Կորիւն Գոյունեան, Լէլակ Ոսկեան, Դուին Տօնապետեան, Աստղիկ Աբրահամեան, Թալիա Պաշըքճեան Թորոսեան, Արեւիկ Աֆարեան, Անահիտ Չորպաճեան, բժիշկ Օհան Թապաքեան, Տիանա Սքայա, Նարէ Նոխուտեան, Նորա Մարգարեան Եագուպեան, Նորա եւ Զաւէն Կէօնճեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան: Յատուկ գնահատագիր յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու Միութեան: Գնահատագիր ստացաւ նաեւ Յակոբ Փափազեան, որ «Հորիզոն»ի մասին վաւերագրական տեսերիզ մը պատրաստած է, եւ որ պիտի հրապարակուի շուտով:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս: Ան նախ ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին Օրհնութեան գիրը, որ Ազգային Առաջնորդարանի Օրհնութեան գիրին հետ յանձնուեցաւ խմբագրին, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ յայտնեց. «Մամուլը խօսք է, մամուլը պատգամ եւ դաստիարակութիւն է, մամուլը նաեւ հայ լեզուի ու պատմութեան ուսուցում է, որ պէտք է հասնի ու դրոշմուի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս նոր սերունդին մտքին ու խղճին մէջ»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հորիզոն»ը 40 տարիէ ի վեր կը գործէ եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ մեր բոլորին զօրակցութեան ու աջակցութեան»:

«Հայ մամուլի տարուան» առթիւ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ Գիր Օրհնութեան ստացան երկար տարիներ հայ մամուլին ծառայած մշակներ՝ Զեփիւռ Ասատուրեան եւ Վրէժ Արմէն Արթինեան: Գրական յաւելուածի, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բաժիններու խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան այս առթիւ արժանացաւ «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին: Գեղեցիկ արուեստի գործ մը շնորհուեցաւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Պաշըքճեանի: Սրբազան Հօր խնդրանքով եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակով «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհուեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի՝ իր 25-ամեայ հետեւողական ու նուիրեալ ծառայութեան առթիւ:

Ընթացքին շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Պատանեկան Միութեան անդամներուն, որոնք կամաւորաբար կատարեցին ճաշի սպասարկութիւնը, չորս կամաւոր խոհարարներուն՝ Ռաֆֆի Անտոնեանին, Շանթ Մանկէլեանին, Լեւոն Գաբրիէլեանին, Ռաֆֆի Ապրաքեանին եւ սպասարկութիւնը համադրող Մանուկ Պաշըքճեանին, տիկին Շաքէ Կէօնճեանին, որ Daron’s Kitchen-ի պատրաստութեամբ 40-ամեակի կարկանդակը նուիրած էր, Trik trak ռատիոկայանի պատասխանատու Սեդրակ Կարապետեանին, որ ուղիղ եթերով սփռեց հանդիսութիւնը:

Նշենք, որ սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 60 հազար տոլար, իսկ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Զեփիւռ Ասատուրեանի թոռները՝ Սոֆիա, Առէն, Մայքըլ եւ Քրիստափոր կը հովանաւորեն Մանկապատանեկան յաւելուածի գունաւոր մէկ թիւ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.