Յունիս 28-ին կը վերաբացուին Քէպէգի եկեղեցիները
1706
0
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնէ, որ հրամանաւ եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, պետական օրէնքներու եւ առողջապահութեան ապահովման կանոններու հիման վրայ պիտի վերաբացուին Քէպէգի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դռները։
Քէպէգի պետական օրէնքներու հիման վրայ, կը վերաբացուին Մոնթրէալի եւ Լաւալի Թեմիս եկեղեցիները իւրաքանչիւրը 50 հոգիի իրաւունքով եւ հիմնուած եկեղեցւոյ յարմարութեան վրայ։
Կը խնդրենք մեր հաւատացեալներէն, որ հետեւին եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն ցուցմունքներուն, որոնք պարտաւոր են որդեգրել պետական օրէնքները։
ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ