Յիշողութեան կորուստն ու … Ձէնով Օհաններու ժամանակը
Ամերիկացի նշանաւոր վիպասան, Ուիլիըմ Ֆօլքնըր իր «Ձայնը եւ ցասումը» վէպին մէջ կը գրէր (the Sound and the Fury), «միմիայն ապուշ մը ցաւ չի զգար, միմիայն ապուշ մը կրնայ մոռնալ զայն» եւ Նոպէլեան մրցանակը ստանալուն առթիւ, իր խօսքին մէջ կը շեշտէր մարդու դիմանալու յատկութիւնը: Այս յղումը կը կատարեմ, որովհետեւ այս օրերու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկխօսութեան կամ բանակցութիւններու ծիրին մէջ, ինչ որ կարգ մը «քաղաքագէտ»ներու, լրագրողներու, նոյնիսկ այսպէս կոչուած գրողներու բերնէն կը լսենք՝ ոչ միայն Թուրքիոյ անցեալի Համիտեան ու Ատանայի ջարդերէն, 1915-ի Ցեղասպանութենէն, այլեւ նորօրեայ՝ Ազրպէյճանի կողքին մեր հազարաւոր զոհերու եւ հողային կորուստներու նկատմամբ իսկական վիշտի, տագնապի բացակայութիւնն է, այլեւ մոռացումը թուրք պետութեան հայութեան հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութեան, արդարութեան հերքումին եւ ուրացումին: Ի՞նչ առանց նախապայմաններու բանակցութիւն, երբ Թուրքիոյ կողմէ այդ նախապայմանները բազմիցս կրկնուած են արդէն …: Արդ, ո՞ւր է անցեալի թէ ներկայի մեր մարդկային թէ հողային կորուստներու նկատմամբ ցաւը, եւ ո՞ւր է այդ յիշողութենէն մեկնած մեր պետական կեցուածքը … ապուշներու հաւաքականութեա՞ն մը վերածուած ենք:
Յաճախ սփիւռքահայերուս կը կրկնուի, թէ մենք չէ որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողքին կ’ապրինք, եւ թէ իրենք պէտք է բնական յարաբերութիւն ունենան իրենց դրացիներուն հետ, մոռնալով թէ ի՞նչ բնական կամ բարի դրացնութիւն է սա, երբ «դրացիդ» ամէն օր յաւելեալ հողային զիջում եւ պատմական իրաւունքներէդ հրաժարում կը պահանջէ: Յաճախ կը կրկնուի նաեւ, որ պարտուած կողմ ըլլալով, գոնէ նուազագոյնը հարկ է փրկել կամ նուզագոյն վնասներով դուրս գալ, անտեսելով այն իրականութիւնը, որ անկախ մեր երեք տասնամեակներու բացթողումներէն, աւելի զօրաւոր բանակ չկազմելու թերացումէն, փտածութենէն, կաշառակերութենէն, զորս պէտք չէ անտեսել, մասնաւորաբար Փաշինեանի իշխանութեան ձախող քաղաքականութիւնը եւ Արեւելք-Արեւմուտքի միջեւ որձեւէգ, անփորձ ղեկավարումի քայլերն էին, որոնք մեզի հոս հասցուցին, որուն դիմաց նոյնինքն այս իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարներն էին, որոնք չուզելով բաժնել այս աղիտալի քայլերուն պատասխանատուութիւնը՝ հրաժարեցան: Այնպէս որ Սփիւռքը չայպանեն, թէ չենք հասկնար իրենց վիճակը: Չեն կրնար Սփիռքահայութեան դիմել, երբ պատերազմի կամ տագնապի կացութեան մէջ են, սակայն անտեսեն զայն երբ համահայկական տարողութեամբ կացութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Փաստօրէն Թուրքիան նման բանակցութիւններով կը փորձէ փոշիի վերածել սփիւռքահայութեան տասնամեակներու պայքարը: Վաղը, որեւէ երկրի մէջ, հայ դատի գծով որեւէ աշխատանք կրնայ բախիլ հետեւեալ պատասխանին, երբ Հայաստանի պետութիւնը, իբրեւ հայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, փաստօրէն կը հրաժարի նման պահանջներէ՝ իրենք ի՞նչ կրնան ընել:
Այս կացութեան դիմաց կամ այս իրավիճակի կողքին, թերեւս նաեւ «յեղափոխական» իշխանութիւններու քաղաքականութենէն մեկնած՝ Միջազգային խաղ մը կար, որուն դերակատարներն էին թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները: Երբ Միացեալ Նահանգները կ’ողջունեն Ռուսիոյ մէջ հայ եւ թուրք երկխօսութիւնը, չենք մոռնար Սերժ Սարգսեանի օրով դարձեալ այսպէս կոչուած առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները եւ անոնց արդիւնքը:
Այսօր, իշխանութեան պատգամաւորներու կողքին, Աշոտ Բլէյեաններէ, Թաթուլ Յակոբեաններէ կամ Յակոբ Մովսէսներէ սկսեալ մունետիկներու ամբողջ խումբ մը մէջտեղ ինկած է փաշինեանական իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը եւ հայ-թուրք բանակցութիւնները արդարացնելու համար՝ վստահ ըլլալով հանդերձ որ այդ մէկը միմիայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օգտին տեղի կ’ունենայ: Կը խօսուի Հայաստանի մէջ ներքին համերաշխութիւնը պահելու մասին, երբ այս իշխանութեան առաջին օրէն երկիրը բաժնելու՝ սեւի ու ճերմակի միջեւ տեսնելու եւ ընդդիմութիւնը անտեսելու մէջ կը կայանար: Աւելի՛ն, ինչպէս այս գծով տարիներու փորձառութիւն ունեցող Յարութիւն Սասունեանը կը նշէ, ոչ մէկ ձեւով Սփիւռքի տեսակէտը նկատի կ’առնուի հայ-թուրք յարաբերութիւններու գծով: Այս ձեւով խորունկ ձոր մը կը բացուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Հետեւաբար, սփիւռքահայութիւնը ինչո՞ւ պիտի մտածէ նման իշխանութեան մը աջակցելու մասին, երբ ի՛նք եղած է զոհը այս պատմական անարդարութեան, երբ իր կարգ մը գաղութները տնտեսապէս արիւնաքամ կ’ըլլան, եւ ինք պահանջը ունի վերանորոգման ու խորքային վերակազմակերպումի՝ նաեւ առաջքը առնելու համար նման նեղ շահերու վրայ հիմնուած Հայաստանի ապազգային պետական քաղաքականութեան:
Ճիշդ է որ Ֆոլքնըրի մէկ մէջբերումով սկսայ յօդուածս, սակայն կ’ուզեմ աւարտել մեր պատմական փորձառութեանց խտացումը հանդիսացող մեր դիւցազնավէպին յղումով: Երբ Մելիքի հարկահաւաքները կու գան Սասուն՝ սարսափահար Ձէնով Օհանը պատրաստ է Բադին, Կոզբադիններուն ոսկին ալ տալու, կիներն ալ տալու եւ այն ամէն ինչը, որ օտարը կը պահանջէ, ծուռ Դաւիթն է որ Սասունէն կը քշէ զանոնք՝ երկիրը փրկելով օտարի լուծէն: Այսօր Փաշինեանի եւ իր մունետիկներուն նման Ձէնով Օհաններով կանգնած ենք մեր դարաւոր թշնամիին դիմաց, որոնք յաջողած են նաեւ ժողովուրդը համոզել թէ ուրիշ ելք չկայ, ինչ որ ուզեն՝ պիտի տանք: Կը մնայ որ Դաւիթի տրամաբանութեամբ ու հաւատքով խենթերը կացութիւնը վերցնեն իրենց ափերուն մէջ, այս ձեւով միաժամանակ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը:
Յարութիւն Պէրպէրեան