Յանդգնութեան յաղթանակը. «խենթ» որոշումներ՝ պատմական նուաճումներ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս խմբագրականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2026 (#224) թիւին մէջ:


Յաճախ, երբ Երեւանի աշխատասենեակիս պատուհանէն կը նայիմ մայրաքաղաքի անդադար փոխուող դիմագիծին՝ նորակառոյց շէնքերուն ու վերամբարձ կռունկներուն, միտքս կը սլանայ դէպի Թորոնթոյի այն փողոցները, ուր ձեւաւորուեցաւ ինքնութիւնս։ Հետաքրքրական է ու բաւական խօսուն, որ միտքս առաջին հերթին չեն գար այն մայթերը, ուր մեր ընտանեկան տունը կը գտնուէր եւ ուր ապրեցայ գրեթէ քառորդ դար, այլ՝ Hallcrown Place-ն ու յարակից փողոցները, ուր մեր վարժարանը եկեղեցին ու կեդրոնն են. կարծես մեր հաւաքական տունը աւելի հարազատ ըլլար, քան մեր սեփական տանիքը։

Վերջերս Թորոնթօ էի՝ անցեալի կեանքիս ննջասենեակին մէջ. շուրջս տիրող իրարանցումէն քիչ մը կտրուելու համար հին իրերս կը քրքրէի, ձեռքս անցաւ մեր վարժարանի այն օրերու «Զանգ» պաշտօնաթերթի թիւերէն մէկը։ Հոն, Ը. կարգի աշակերտի մը անմեղ յաւակնութեամբ, դասընկերներուս հետ խորհրդածութիւններ գրած էինք երկրորդական վարժարանի բացման մասին։ Այդ գրութեանս մէջ Թորոնթօն կոչած էի «օտար հողեր»։

Այսօր, այդ բառերը կը կարդամ բոլորովին նոր լոյսի տակ։ Թորոնթօն, ի վերջոյ, ծննդավայրս է, ուր անցուցած եմ կեանքիս առաջին քառորդ դարը, եւ զայն «օտար» կոչելը այսօր կրնայ գրեթէ անհեթեթ թուիլ։ Կը հասկնամ, սակայն, թէ ինչու այդպէս բանաձեւած էի սիրելի քաղաքս. այդ մէկը արդիւնքն էր դաստիարակութեան մը, որուն նպատակը հիմա աւելի յստակ կը տեսնեմ։ Մեզի կը սորվեցնէին կառչած մնալ մեր արմատներուն, լեզուին ու մշակոյթին՝ ստեղծելով հայկական այնպիսի ջերմ միջավայր մը, որուն պատերէն դուրս գտնուող ամէն ինչ, բնականաբար, «օտար» պիտի թուէր։

Բայց հիմա, գրեթէ քսանհինգ տարի ետք, կը հասկնամ, որ այդ հողերը իրականութեան մէջ օտար չէին։ Մեր նախնիները զանոնք դարձուցած էին հարազատ ու սեփական, որովհետեւ իրենց կամքով ու քրտինքով հոն տուն հիմնած էին։ Մենք հասակ առինք այդ երկու աշխարհներու միախառնումով՝ նոյնքան հայ, որքան գանատացի, սորվելով որ հայ ըլլալը ոչ թէ սոսկ ծագում է, այլ՝ կամքի շարունակական արարք։ Այդ հաստատութիւնները մեզի տուին ինքնութեան այն ամուր հիմքը, որուն շնորհիւ այսօր աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք, մեզ բնա՛ւ օտար չենք զգար։

Այս խորհրդածութիւններուս մէջ էի, երբ քանի մը օր ետք, արդէն դէպի տուն (Երեւան) վերադարձիս ընթացքին՝ Ֆրանկֆուրտի օդակայանի մէկ սրճարանը նստած, առցանց հրատարակեցինք «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի յայտարարութիւնն ու 211 Consumers Road-ի պատմական ձեռքբերման լուրը. բախտորոշ որոշում մը, որ կը դրոշմուի համայնքին պատմագրքին մէջ որպէս ամենէն խիզախ նախաձեռնութիւններէն մին։ Նայելով այս ծրագրի ետին կանգնած մարմիններուն ու ղեկավարներուն, յուզումով կը տեսնեմ մանկութեան ընկերներս, դասընկերներս ու այն երիտասարդները, որոնց հետ կողք-կողքի ուսանած ու աշխատած եմ նոյն այդ վարժարանի, կեդրոնի յարկին տակ։ Տեսնել, թէ ինչպէս իմ սերնդակիցներս այսօր նոյն յաւակնոտ քաջութեամբ կը քալեն մեր մեծերուն հետքերով, կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ Թորոնթոյի հայ համայնքը կենսունակ է ու անընկճելի. որ ուրիշ տեղերու «սերնդափոխութիւնը կենսական է» լոզունքը՝ իրականութիւն դարձած է։ Անոնք չեն վախնար մեծ երազներէն, որովհետեւ անոնք հասակ առած են միջավայրի մը մէջ, ուր Dupont-ի նեղուածքէն մինչեւ Hallcrown Place-ի երբեմնի լայնութեան ամէն մէկ քարը դրուած է յանդգնութեամբ։

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ թորոնթոհայ գաղութի ամենէն մեծ նուաճումները միշտ ալ ծնունդ առած են «խենթ» թուացող որոշումներէ։ Յիշողութեանս մէջ թարմ են այն օրերը, երբ 2004-ին հիմնուեցաւ Հայ երիտասարդական կեդրոնը (AYC)։ Վստահաբար այն ժամանակ ալ համայնքին մէջ կային կասկածողներ, զգուշաւոր ձայներ, որոնք կը հարցնէին՝ «Արդեօք խենթութիւն չէ՞ նման հսկայական կառոյցի մը բեռին տակ մտնելը», «Ինչպէ՞ս պիտի վճարենք այս միլիոնաւոր տոլարներու պարտքերը», կամ «Արդեօք պիտի կարենա՞նք լեցնել այս պատերը»։ Հաւանաբար անհեթեթութիւն կը թուէր այդքան մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելը։ Սակայն այսօր, այդ նոյն «խենթութիւնը» դարձած է մեր գաղութի ամենէն կենսական զարկերակը։ Աւելին՝ այսօր ժամանակը փաստեց, որ այդ կառոյցը արդէն նեղ կու գայ մեզի։ Եթէ մեր ղեկավարութիւնը այն տարիներուն չունենար այդ յանդուգն հեռատեսութիւնը եւ չդիմէր այդ «ռիսքային» քայլին, այսօր մենք պիտի չունենայինք այն հզօր հիմքը, որուն վրայ կը կանգնինք։ 

Ի վերջոյ, պատմութիւնը կը կերտուի ոչ թէ զգուշաւոր ու պահպանողական հաշիւներով, այլ՝ վճռական որոշումներով, որոնք կը նախատեսեն ոչ թէ յաջորդ տարին, այլ յաջորդ քառորդ դարը։

Այս նոր համալիրի գնումը ճիշտ այդ նոյն տրամաբանութեան շարունակութիւնն է։ Երբ դիմացդ ունիս աճող գաղութ, երբ հայ դպրոց յաճախելու փափաքող երեխաներուն թիւը տարուէ-տարի կը բազմանայ, դուն երկու ընտրանք ունիս. կա՛մ համակերպիլ սահմանափակումներուն, ստեղծել սպասման ցուցակներ ու դանդաղօրէն լճանալ, կա՛մ ալ առնել նոր, աւելի համարձակ ու կտրուկ քայլ մը։ Թորոնթոհայութիւնը դարձեալ ընտրեց երկրորդը՝ ցոյց տալով, որ մեր կամքը աւելի զօրաւոր է, քան տնտեսական մտահոգութիւնները։ 7-12-րդ կարգերու փոխադրութիւնը նոր շէնք՝ ճանապարհ կը հարթէ ոչ միայն աշակերտութեան թիւի աճին, այլեւ կրթական որակի նոր նշաձողի սահմանման։ Եւ սա յաղթանակ է:

Այս պատմական անկիւնադարձը մեզի կը յիշեցնէ, որ սփիւռքի մէջ հայ մնալը պատահականութիւն չէ, այլ հետեւողական ներդրում։ Թորոնթոհայութիւնը միշտ ալ յաջողած է, երբ առած է նման խիզախ քայլեր, երբ չէ բաւարարուած հինով ու նեղով, այլ՝ ձգտած է գերազանցութեան։ Մենք կը փաստենք աշխարհին, որ մեր «օտար հողերը» վաղուց դադրած են օտար ըլլալէ, որովհետեւ մենք հոն զետեղած ենք մեր ինքնութեան անսասան խարիսխը։ Այս նոր համալիրը պիտի ըլլայ այն փարոսը, որ պիտի լուսաւորէ գալիք սերունդներու ուղին՝ կերտելով թորոնթոհայեր, որոնք հպարտօրէն պիտի կրեն իրենց ժառանգութիւնը եւ միշտ ստեղծեն նորը: 

Շնորհաւոր ըլլայ մեր համայնքի այս նոր լուսաբացը։ Թող այս յանդուգն քայլը դառնայ նորանոր նուաճումներու նոր մեկնակէտը։

***

Այս խմբագրականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2026 (#224) թիւին մէջ: Լուսանկարը՝ Հայ կեդրոնի ապագայ վայրը ցոյց տուող ցուցանակ մը, լուսանկարուած 1978-ին (Հայ կեդրոնի արխիւէն):