Յաղագս Ազգային Մտածողութեան

Վրէժ-Արմէն

«Դրօշակ» թիւ 3 (1664), Մարտ 2022

Անցնող տարիներու իրադարձութիւնները, 44-օրեայ պատերազմի պատճառած ահաւոր կորուստներն ու մեր ազգային կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն եւ անոնց դերակատարութեան նկատմամբ ձեւաւորուող արհամարհական, այլեւ յարձակողական կեցուածքը վերջնականապէս պիտի պառակտե՞ն հայութիւնը, հետզհետէ աւելի վհատեցնե՞ն ու ի վերջոյ վերածե՞ն ապակողմնորոշուած զանգուածի մը կամ զանգուածներու։ Թէ ոչ, պիտի ամրակայեն մեր ապրելու կամքը, ջրդեղեն մեր վճռակամութիւնը՝ շարունակելու մեր գոյամարտն ու մեր երթը։
Ակներեւօրէն վտանգ մը կ՚ուրուագծուի հորիզոնին վրայ։

Հայաստանէն ու հայրենական հողերէն ձեռքերը լուալու, «մենք մեր գլխուն ճարը նայինք», «Սփիւռքը զօրացնենք, մոռնանք մնացեալը» եւ նման մտայնութիւններ կը յառաջանան ու կը սպառնան մեր գոյութեան հիմնական նպատակէն շեղել մեզ։ Մինչդեռ մենք, որ ոչ թէ պարզապէս հայրենիքի կամ Սփիւռքի բնակիչներն ենք, այլ Հայաշխարհի՛, ամեն ժամանակէ աւելի պէտք ունինք ազգայի՛ն մտածողութեամբ նայելու մեր ճակատագրին, մեր ներկային, բայց մանաւանդ մեր ապագային։

Համահայկակա՛ն մտածողութեամբ։ Եւ եթէ պահ մը միայն փորձենք կեդրոնանալ այս առաջադրանքին վրայ, պիտի անդրադառնանք, թէ որքա՛ն ետ ենք մնացեր մշակելու մեր այդ ազգային մտածողութիւնը։ Նոյնիսկ նահանջե՛ր ենք մեզ նախորդած սերունդներուն բաղդատմամբ։

Ազգային մտածողութիւն… Ի՞նչ կը նշանակէ այդ։ Կը նշանակէ յստակ ուղի մը ունենալ մեր առջեւ, մշակե՛լ, ինչպէս Խորենացին կ՚երեւակայէր զայն, երբ կ՚ողբար վիճակը Հայոց աշխարհին, ինչպէս Րաֆֆին կը տեսանէր, երբ իր Խենթը երա՜զ կը տեսնէր, ինչպէս Խրիմեանը կը պատգամէր՝ «երկաթէ շերեփ» քարոզելով։

Բոլո՛րս պատասխանատւութիւն ունինք մեր ներկայ կացութեան համար։ Թերացումը բոլորի՛նս է, նոյնիսկ եթէ մեղադրանքներուն առիւծի բաժինը կրնայ մէկուն կամ միւսին գլխուն թափիլ։

Ի՞նչ կրնանք ընել, ուրեմն։
Ի՞նչ կրնանք ընել հիմա՛։

Առաջին նախապայմանն այն է, որ ուզե՛նք համահայկական մտածողութեամբ մօտենալ մեր հարցերուն։ Ուզենք մենք բոլորս՝ Հայաշխարհի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերը՝ անկախ աշխարհագրութենէն, գաղափարաբանութենէն, թէ դաւանանքէն։ Ուզենք ու միասին որոշենք մեր առնելիք քայլերը։ Այդ քայլերը պիտի վերաբերին մեր կեանքի կառավարման բոլո՛ր մակարդակներուն, բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ՝ կազմակերպականէն մինչեւ ինքնապաշտպանականը, տնտեսականէն մինչեւ կրթամշակութայինը, քաղաքականէն մինչեւ քարոզչականը։

Յստակ է, որ այդ բոլոր ոլորտներուն մէջ վերանայման, բարեփոխութեան անհրաժեշտութիւն կայ։ Բայց ազգային մտածողութիւն ու անկէ բխած ազգային ռազմավարութիւն մշակելու համար մենք պէտք է օգտուիլ կարենանք մեր ամբողջ ներուժէն, այդ ըլլայ մեր առկայ կազմակերպութիւններու շարքերէն ներս թէ դուրս, մեզի արդէն լաւապէս ծանօթ գործիչներէն ու զինուորեալներէն մինչեւ տակաւին բոլորովին անծանօթ մասնագէտներն ու փորձագէտները։

Գիտեմ, որ այս ըսածներս այդպէս մատներու չրթոցով մը չեն ըլլար։ Համբերութիւն ու երկար շունչ կ՚ուզէ։ Երկար շունչ ու անյողդողդ կամք կ՚ուզէ, որ թօթափենք մեզ կաշկանդող մտայնութիւններ ու վարուելակերպեր, որոնք տզրուկի նման փակած են մեր հոգիներուն վրայ։ Թուենք մի քանին՝

– ստորակայութեան զգացում,
– գերակայութեան զգացում,
– անսխալականութեան յաւակնութիւն,
– սնապարծութիւն,
– «ուր հաց, հոն կաց» փիլիսոփայութիւն,
– ընչաքաղցութիւն,
– օտարամոլութիւն,
– սեփական քիթին ծայրէն անդին չտեսնելու մոլութիւն,
– սեփական շահի գերադասում հաւաքական շահէն,
– հասարակութեան ծառայելու դժկամութիւն:

Մե՜ծ լայնախոհութիւն ու պայծառ ողջմտութիւն կ՚ուզէ, որ սորվինք ի մի բերել ամեն բանէ առաջ մեր տնտեսական անբա՛ւ կարելիութիւնները, հաստատենք մեր ազգային կարիքներուն հասանելի գումարներու կռուանները՝ աչալուրջ վերահսկելով անոնց գործածութիւնը։
Լայն փորձառութիւն ու խոր հմտութիւն կ՚ուզէ, որ Հայաշխարհն իր ամբողջութեան մէջ համահայկական ուժերով կառավարելու հեռահար ծրագիրն ու գործիքակազմերը ստեղծենք, ատակ ուժերը գործի լծենք, մանաւանդ հետեւինք անոնց գործելակերպին ու մնայուն կերպով կարենանք սրբագրել շեղումներն ու թերացումները։

Վերջապէս՝ ամբողջական յօժարակամութիւն եւ գիտակցուած համեստութիւն կ՚ուզէ, որ կարենանք դրօշը փոխանցել մեր երիտասարդներուն ձեռքը՝ շարունակելով վազել անոնց կողքին ու զօրավիգ կանգնելով անոնց ճիգերուն։

Այլապէս ինչպէ՞ս կ՚ուզենք Հայ դատ հետապնդել՝ շրջապատուած ոխերիմ թշնամիներով ու անվստահելի բարեկամներով։

Ինչպէ՞ս կ՚ուզենք պահել լեզու եւ մշակոյթ՝ մեզ համաշխարհայնացնելու ձգտող բոլոր հոսանքներուն դէմ-յանդիման։

Ինչպէ՞ս կ՚ուզենք մաս կազմել կենսունակ ու ապրելու ճակատագրուած ազգի մը…

Ազգային մտածողութեա՛մբ միայն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.