Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը անմիջականօրէն դադրեցնելու շատ յոյսեր չկան»
- (0)

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Լիբանանի Խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի մարտ 6-ին հեռավար հարցազրոյց ունեցաւ հայրենի «Շանթ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ` հիմնականին մէջ կեդրոնանալով Լիբանանի վրայ իսրայէլեան նորագոյն յարձակումներուն եւ այս գծով լիբանանահայութեան իրավիճակին վրայ:
Պատասխանելով վերջին օրերուն Լիբանանի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումներուն մասին հարցումին` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Անցնող չորս օրերուն Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանը, Պեքան եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախաւորումի ենթարկած է իր հասկացողութեամբ` Հըզպալլայի կեդրոններուն դէմ»: «Սակայն աւերը, որ կը կատարուի, շատ աւելի մեծ է», ընդգծեց Բագրատունի` հաստատելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ նոր թափանցում կատարուած է իսրայէլեան ուժերու կողմէ եւ գրաւուած են նոր բարձունքներ: Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ Իսրայէլի հիմնական նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ անմարդաբնակ գօտիի` արգելակիչ գօտիի ստեղծումն է, ինչպէս որ կատարեց եւ կը կատարէ Կազայի մէջ: «Ամէնօրեայ դրութեամբ, ամէն ժամ անօդաչու սարքեր կը շրջին լիբանանեան երկինքին վրայ, Պէյրութի վերեւ», յիշեցուց երեսփոխան Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ժամանակները շատ վտանգաւոր են, եւ պատերազմը անմիջականօրէն դադրեցնելու շատ յոյսեր չկան»:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումները` պահանջելով Հըզպալլայի զինաթափումը եւ չէզոքացումը, ինչ որ կրնայ երկարել անոր պատերազմական գործողութիւնները, Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Իսրայէլի յայտարարած խօսոյթը այն է, որ ինք իր յարձակումները պիտի շարունակէ, մինչեւ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը եւ Լիբանանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը»:
Ներկայ պայմաններուն եւ յարձակումներու մթնոլորտին մէջ լիբանանահայութեան իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ թիրախաւորուող շրջաններուն մէջ հայկական բնակչութիւն չկայ: Ընդհանրապէս հայկական բնակչութիւնը կը գտնուի Պուրճ Համուտի եւ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ, թիրախաւորուող շրջաններուն մէջ հայեր գոյութիւն չունին, բացի քանի մը հայ ընտանիքներէ, որոնք տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ կը բնակէին եւ որոնք արդէն գաղթականներուն հետ եկած են ապահով վայրեր:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստան մեկնելու մասին հարցումին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր տակաւին Հայաստան երթալու գծով խնդիր չէ դրուած, գիտէք ամէն անգամ, որ Լիբանանի մէջ պատերազմական իրավիճակներ ստեղծուին, հայրենադարձութեան այս մտածումը յառաջ կու գայ»: «Այսօր ատիկա լուրջ կերպով չէ դրուած, որովհետեւ հայրենադարձութիւնը միայն պատերազմի օրերու կարգախօս չի կրնար ըլլալ, այլ` ծրագրուած խնդիր կ՛ըլլայ, եւ խաղաղ պայմաններու մէջ այդ հարցերը կը լուծուին» շեշտեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
«Այսօր հիմնականին մէջ այն հարցը, որ ունինք, հարաւէն եւ արուարձաններէն եկող մեծ թիւով գաղթականներու թիւն է», դիտել տուաւ Բագրատունի` նշելով, որ վերջին տուեալներուն համաձայն եւ ըստ համապատասխան պատկան նախարարի յայտարարութեան, հարիւր հազարի հասած է թիւը այն գաղթականներուն, որոնք կու գան եւ կը բնակին այսպէս ըսած պետական եւ կրթական հաստատութիւններու մէջ իբրեւ գաղթականներ: «Ասիկա բնականաբար կը ստեղծէ ընկերային-տնտեսական նոր վիճակ, եւ եթէ շարունակուի պատերազմը, որու աւարտին մասին դրական ըսելիքներ չունինք, կրնայ ստեղծել նոր վիճակ ու ընկերային լուրջ տագնապներ, կրնայ խօսուիլ նաեւ չարաշահութեան մասին եւ այս բոլորին դիմաց բնականաբար մեր ազգային կառոյցները զգուշ են եւ համապատասխան միջոցներու կը դիմեն», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: