ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆԻ (1956-2024) ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յ. Պալեան

            Մեծ հայ մտաւորական էր Սերժ Սրաապիոնեան:

            Յանձնառու էր, որովհետեւ կու գար ժողովուրդէն, որմէ երբեք չհեռացաւ:

            Միշտ մտածած եմ, եւ պատմութիւնը այդ կը վկայէ, որ ոչ ոք անփոխարինելի է: Բայց կան մարդիկ, որոնց համար կրնանք ըսել, թէ անոնց տեղը թափուր կը մնայ: Այպէս կը մտածեմ Սերժ Սրապիոնեանի մասին, պինդ եւ անխարդախ հայ մարդուն, որ ինքզինք ազգի ծառայութեան կոչած ասպետի կեանքով ապրեցաւ:

            Հայաստան եւ Սփիւռք հայածնունդ  մտաւորականներ բազմաթիւ են, համալսարաններու վկայականներով զրահուած, տիտղոսներով եւ «տիկրի»ներով, բայց անոնք միշտ ազգի ներկային եւ ապագային հանդէպ անխառն յանձնառութիւն չունին, իրենց ընտրած ասպարէզին եւ մասնագիտութեան կը ծառայեն: Բայց կան նաեւ այդ կացութիւնը գերանցող յանձնառու ազնուազարմ անձնաւորութիւններ, որոնք չեն մնար գեղեցիկ խօսքի եւ հանգամանքներու փղոսկրեայ աշտարակին մէջ, առանց եսի ճապկումներու, նուիրումով կը ծառայեն Ազգին, Հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Կարճ ասած՝ հա՛յ մտաւորական են:

            Սերժ Սրապիոնեան Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրական ճիւղէն շրջանաւարտ եղած է: Հետարքրական է իր կենսագրականին մէջ եղած իր գործունէութեան յիշատակութիւնը, այն՝ որ ան աշխատած է որպէս բանուոր հողաշինարարութեան մէջ, նաեւ՝  Հոկտեմբերեանի շրջանի Եղէգնուտի սովխոզի: Ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ: Եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի գրականութեան եւ պատմութեան ամպիոնի դասախօս եւ ապա՝ վարիչ, դոցենտ, ապա նաեւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ (2013-2018): Երբ  նախարարութիւնը դադրեցաւ եւ դարձաւ «յանձնակատարութիւն», իր պաշտօնն ալ վերջ գտաւ:

            Անբուժելի հիւանդութեամբ տառապելէ ետք, 22 Oգոստոսին վախճանեցաւ հմուտ եւ մեծ հայ մտաւորական Սերժ Սրապիոնեան: 67 տարեկան էր:

            Սերժ Սրապիոնեանի անցած ճանապարհին եւ վաստակին մասին կը վկայեն իր գործընկերները, իր հասցուցած սերունդի մարդիկ: Պիտի փորձեմ վկայել այն մարդու մասին, զոր ճանչցայ որպէս Սփիւռքի նախախարի տեղակալ, երբ կար այդ կառոյցը, որ կը կամրջէր Հայաստանը եւ Սփիւռքը, սփիւռքի ազգային-քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մտաւորականութեան եւ մամուլին ծանօթանալու եւ ծանօթացուելու, լսելու եւ լսուելու բաց հարթակ կը տրամադրէր, ընելով այնպէս, որ գրական-ամբոխավարական արտայայտութիւնները չըլլան միայն օդին մէջ թռչող խօսքեր, այլ ըլլանմիութեան եւ միացման հրաւէր: Այս արդէն այլ հարց է:

            Սերժ Սրապիոնեան օրինակելի  մտաւորական էր: Կը հետեւէր Սփիւռքի հայ կեանքին, մշակոյթին, նախաձեռնութիւններուն եւ գիտէր ո՞վ ի՞նչ է, ի՞նչ ըրած է: Իր ելոյթերը, հանդիպումներու ընթացքին, ձեւականութիւն չէին, վերլուծական էին: Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած գիրքերուն եւ հրապարակախօսութեան իր ծանօթութինը ընդգրկուն էր: Իր գնահատումները աւուր պատշաճի բաժակաճառեր չէին: Մեր բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին, ամէն անգամ կը նկատէի իր մօտեցումներուն եւ գնահատումներուն լրջութիւնը, կատարուած աշխատանքներու եւ մարդոց մասին: Իր մօտեցումները Սփիւռքի եւ անոր ազգային-մշակութային կարողականութեան մասին կը վկայէին փոխըմբռնման եւ  փոխլրացման մասին, առանց գերադասութեան եւ յաւելեալ իրաւունքի դրսեւորորումներու:

            Սերժ Սրապիոնեան պարտուողականութեան դէմ պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ եղած է: Պաշտօններէ գերիվեր էր իր հայ մտաւորականի փառասիրութիւնը որ կը հետապնդէր իրաւունք եւ քաղաքական բարոյական:Ան հայ կեանքը չդիտեց հեռուէն: Եղաւ ներկայ: Խօսեցաւ ժողովուրդին: Չունեցաւ հայրենալքման փորձութիւն, ինչպէս այդ ունեցան շատեր, չեղաւ «բելգիացի», «նետերլէնտցի», «գերմանացի»,  ինչպէս եղան բազմաթիւ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, շունչը չառաւ «Լոս»… Իր ընտանիքի անդամներով մէկ օդանաւէ միւսը չցատքեց եւ այդպէս ալ շոփփինկ ընելու վարակէն չտառապեցաւ:

            Կը յուսամ, որ Երեւանի պետական համալսարանը, իր աշակերտները, նաեւ պետութիւնը, արժանին կը հատուցեն հայ գրականութեան ծառայած այս մեծ մտաւորականին: Սփիւռքն ալ կը հետեւի: Անոր վաստակը պէտք է ծանօթացուի, որպէսզի այդ ընելով մենք մեզ ճանչնանք:

            Սրտի խօսք ունիմ այս մտաւորական մարդուն համար, որ կրնար դիրքեր ունենալ, եթէ համակերպէր, պարտուողականութիւնը քաղաքականութիւն համարէր: Բայց «լեզուն գրպանը դրած» հայ քաղաքացի չեղաւ, անթոշակ մնալու մղձաւանջը չունեցաւ:

            Սփիւռք(ներ)ը իր մամուլով, այլ լրատուամիջոցներով եւ մշակութային կազմակերպութիններով, ոգեկոչման հանդիսութիւններով պէտք  է նշէ կորուստը Հայ Գրականութեան աւանդը նորերուն փոխանցած մեծ Ուսուցիչին, որ ազգ ըլլալու եւ հայրենիք պահելու ուղիին վրայ մնաց հաստատ:

            Սերժ Սրապիոնեան մեծ էր, իրաւ էր, քանի որ կը հաւատար եւ կը ծառայէր ազգին, անոր միութեան, ժառանգութեան, իրաւունքի պահակ էր եւ մնաց:

            Հեռատեսիլի պատուհանէն դիտեցի եկեղեցին, ուր տեղի կ’ունենար Սերժ Սրապիոնեանի թաղման կարգը: Բակին մէջ սրտի խօսք ըսողներ կային:

            Հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի Հայոց Կաթողիկոսին ներկայութիւնը հայ գրականութեան սպասաւորի եւ ազգի անխոնջ մտաւորականի թաղման կարգին:  Յիշեցում՝ որ արժէքները ո՛չ դրամատնային հաշիւ են եւ ո՛չ ալ դիրքապաշտի մոլուցք:

            Սփիւռքը պիտի բաւարարուի՞ սոսկ լրատուական յիշեցումով, ինչպէս արդէն այդ ըրաւ,  թէ՞ որպէս օրինակի արժէք պիտի ներկայացնէ հայ գրականութեան աւանդապահ անդապահը, որ հանդիսացաւ նաեւ մսկոտ չեղող քաղաքական քաջ խօսքով իր ժողովուրդին դիմած օրինակելի քաղաքացի:

            Հայ մտաւորականի իրաւութիւնը կ’իրականանայ, երբ յաղթահարուին քաղքենիացնող անհեռանկար եւ անհարազատ պատշաճեցումները եւ նայինք հեռուն: Հարկ է միշտ կրկնել. ներսը եւ դուրսը:

            Արգիլուած չէ յուսալ, որ Հայաստան եւ Սփիւռք արժանին կը հատուցեն: Թէեւ մեր կենսափորձը կը յուշէ, եւ պէտք է կրկնել, որ «երախտագիտութիւնը մեր ազգային մարզաձեւը չէ», Հրազդանի ափէն մինչեւ Էյֆէլի Աշտարակ, Փոթոմաք, Ամազոն, Մայրիներու երկիր եւ ամէն տեղ ուր հայ կայ…

            Սերժ Սրապիոնեանի օրինակով, մաղթելի է, որ Հայաստանի քաղաքական, գրական, գիտական, արուեստներու մարդիկ, ուզեն ճանչնալ ազգի աւելի քան կէս միւս հատուածը, եւ այդ ճամբով հաստատեն կառուցողական համագործակցութիւն, Հայաստան եւ Սփիւռք, փոխադարձաբար չըլլան սոսկ զբօսաշրջային հասցէներ:

            Չի բաւեր ափսոսալ Սերժ Սրապիոնեանի կորուստը: Անոր գործը եւ օրինակը ճամբացոյց պէտք է ըլլան, որպէսզի ներսի եւ դուրսի սերունդները պահեն ոգի եւ ազգային որակ:

            Վաղահաս էր իր մահը, երբ աւելի քան երբեք մեր ժողովուրդը կարիք ունի խորքային  իմաստութեան, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ: Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ’ըսէ, որ անմահութիւնը ապրողներու յիշողութեան մէջ ներկայութիւնն է: Այսինքն՝ շարունակել ընթանալ հայ մտաւորականի ուղիով եւ տէր ըլլալ անոր հոգեմտաւոր ժառանգութեան, որպէսզի իրաւութիւն եւ ինքնութիւն պահենք, օտարման այլասերող կանչերուն չանսանք, չզուարաճանանք  համաշխարհային ըլլալու կրկներեւոյթով, միրաժով:

           

Comments are closed.