Մուսա Լերան Հերոսամարտի 109-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Նախորդ շաբաթավերջին Այնճար հայաւանի կեանքը եռուն էր Մուսա լերան հերոսամարտի 109-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով:

Ուրբաթ, 13 սեպտեմբերին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Շաբաթ, 14 սեպտեմբերին Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն գլխաւոր պատգամախօսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան: ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը ուղղեց Եսայի Հաւաթեան, խօսք առաւ նաեւ տոքթ. Յակոբ Այնթապեան: Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Վաքըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Քարթունեան: Հիւր երգիչն էր արցախցի Արթուր Խաչենց, ներկայ էր եւ երգեց նաեւ հայրենի սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան: Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ աւանդական թմբուկ-զուրնայի հնչիւններուն ներքեւ:

Կիրակի, 15 սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհաբաշխ հովուապետական այցելութիւն կատարեց Այնճար հայաւան, որուն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան: Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետին ի պատիւ տրուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս Կայծակ Զէյթլեանը պարգեւատրեց «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով:

Comments are closed.