Մուշեղ Իշխանին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ կայացաւ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովի բացման հանդիսութեան մասնակցեցան ԵՊՀի նախագահ Գ. Գէորգեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ն. Խաչատուրեան, Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռ. Առաքելեան, գիտնականներ, գրականագէտներ, հիւրեր՝ Լիբանանէն, որոնց կարգին նաեւ՝ Մուշեղ Իշխանի աշակերտները, ուսանողներ եւ այլն:

Բացման խօսքով հանդէս եկան ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արծրուն Աւագեան, ԵՊՀ հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Վազգէն Գաբրիէլեան, ԵՊՀ նախագահ Գեղամ Գէորգեան, ԿԳՄՍ փոխնախարար Նարինէ Թուխիկեան:

Գիտաժողովին մասնակցեցան նաեւ գիտնականներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Բանախօսները իրենց զեկուցումներուն մէջ անդրադարձան Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական կեանքին, փորձարարական քայլերուն՝ թատրերգութեան մէջ, ազգային ինքնութեան պահպանման խնդիրներուն անոր՝ «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է» եւ «Կիլիկոյ Արքան» թատերախաղերուն մէջ:

Գիտաժողովին նպատակն է համակողմանիօրէն, գիտական արդիական չափանիշներով քննել եւ արժեւորել Մուշեղ Իշխանի գրական ժառանգութիւնը, ուսուցչական եւ հասարակական գործունէութիւնը:

 

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ. ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԱՆՀԱՏԸ

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որուն ելոյթը կը ներկայացնենք ստորեւ։

«Երեւանի պետական համալսարանի եւ Համազգայինի միացեալ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող պարբերական գիտաժողովները Մուշեղ Իշխանին նուիրուած այս ձեռնարկով կը թեւակոխեն յատկանշական անկիւնադարձ մը, անկախ միւսէն, որ այս տարի մեր համալսարանի հիմնադրութեան 100ամեակն է:

Արդարեւ, գիտաժողովներու այս շարքը սկսաւ 2005ին Նիկոլ Աղբալեանի արտասովոր տիպարի եւ իր գործի ուսումնասիրութեամբ: Ատիկա կը պարունակէր խորհրդանշական իմաստ. վերջապէս Նիկոլ Աղբալեան ներկայիս ԵՊՀ կոչուող, բայց՝ որպէս Հայաստանի համալսարան իր գործունէութիւնը սկսած ազգային հաստատութեան եւ Համազգայինի հասարակաց հիմնադիրը հանդիսացած էր՝ մէկը միւսէն շուրջ տասը տարի տարբերութեամբ:

Ն. Աղբալեանին կը յաջորդէին Համաստեղ (2008ին), Լեւոն Շանթ (2009ին) եւ Յակոբ Օշական (2011ին): Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ Յակոբ Օշական եղած են Մուշեղ Իշխանի ուսուցիչները՝ առաջին երկուքին հիմնած Հայ Ճեմարանին, իսկ Յակոբ Օշական նոյնպէս՝ Նիկոսիոյ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Մուշեղ Իշխան կը կրէ երեքին ալ ազդեցութիւնը՝ տարբեր համեմատութիւններով եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Մանուկ հասակին երկու անգամ ճաշակելէ ետք տարագրութիւնը, Մուշեղ Իշխան կը յաջողի աւարտել իր դուռները նոր բացած Պէյրութի Հայ Ճեմարանը ու անմիջապէս կը նետուի ուսուցչական եւ գրական ասպարէզ:

Մուշեղ Իշխանի գրականութիւնը կ՛ընդգրկէ բանաստեղծութիւնը, արձակը, յուշագրութիւնն ու թատրերգութիւնը: Գրականութենէն անդին՝ ան տարածուեցաւ նաեւ հրապարակագրութեան եւ մանկավարժութեան ոլորտներուն մէջ: Իր մտքին մէջ, սակայն, միշտ հնչած է իր առաջին մեծ ուսուցիչին՝ Յակոբ Օշականի յորդորը՝ «Ղազեթաճի մի՛ ըլլաք. հրապարակագրութիւնն է, որ մեռցուց Ռ. Զարդարեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ ուրիշ տաղանդաւոր տղոց գրականութիւնը…»:

Մուշեղ Իշխան իւրացուց նաեւ իր միւս նշանաւոր ուսուցիչին՝ Լեւոն Շանթի հանգամանաւոր քարոզը՝ «Տղա՛քս, աշխատեցէ՛ք, աշխատեցէք, սուրբ է աշխատանքը: Աշխատո՛ղը միայն մարդ կը դառնայ»: Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական ու արձակ հատորներու երկար շարքը փա՛ստն են ատոր. ան մահացաւ իր վերջին ձեռագիրը ձեռքին: Անոր ձեռքը կար իր «Իրիկնալոյս Ռումբերու Տակ» հատորի ձեռագիրը՝ սրբագրուելու համար: Յետ մահու լոյս տեսած հատորին վերջին բանաստեղծութիւնը, «Կարենայի» վերնագիրով, կը կրէ «21 Մայիս 1990» թուականը:

Վերջին բանաստեղծութիւնը գրելէն երեք շաբաթ ետք, 12 Յունիս 1990ին, իր աչքերը յաւիտեանս փակեց ազնիւ, մեղմ ու բարեհամբոյր նկարագիրով հայկական բոլոր շրջանակներու համակրանքը շահած Մուշեղ Իշխան:

Իր մահը պատահեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նման էին իր մանկութեան ընթացքին իր ծննդավայրի շրջակայքի անցուդարձերուն: Ինչպէս ատենին Սիւրի Հիսարն ու Էսկի Շեհիրը, Մուշեղ Իշխանի որդեգրած նոր հայրենիք Լիբանանն ալ առնուած էր արեան, կրակի ու մահուան աքցանի մը մէջ: Պատերազմի դաշտի վերածուած Պէյրութ քաղաքի դասական դարձած արեւմուտք եւ արեւելք բաժանումին վրան աւելցած էր արեւելեան Պէյրութի ներքին բաժանումը: Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը, ուր պիտի ամփոփուէր Մուշեղ Իշխանի անշունչ մարմինը, կը գտնուէր վտանգաւոր գօտիի մէջ:

Իր հարազատներուն եւ մտերիմ ընկերներուն իսկ չարտօնուեցաւ ընկերակցիլ իր դագաղին: Բանաստեղծին համար հայ հասարակութեան սուգը նօսրացաւ լուծուելով Պէյրութի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմին պատճառած համատարած սուգին մէջ: Իր մանկութիւնը սուգի մէջ անցուցած երեխան, ծերութեան իր հայրենակիցներուն խնայեց միայն ի՛ր անձին համար սգալու ուժեղ ցաւը:

Բանաստեղծ մը առհասարակ զգայուն կ՛ըլլայ երեւոյթներու, որոնց հանդէպ հասարակ մահկանացուները անտարբեր կը մնան: Անոր ճիգին արդիւնքը, այսինքն՝ բանաստեղծութիւնը հետեւանքն է ո՛չ միայն արուեստի մասին ենթակայի ընկալումին, այլ նաեւ ու մանաւանդ իր անհատական, նկարագրային յատկանիշներուն:

Այս իմաստով՝ Մուշեղ Իշխան շատ զգայուն, գերզգայուն անհատ մըն էր: Իր գրականութիւնը ուսումնասիրողները այդ եզրակացութեան հասած են, մեկնելով՝ իր գրական գործէն: Իրական կեանքի մէջ ալ այդպէս էր Մուշեղ Իշխան:

Մուշեղ Իշխան՝ իր ծննդավայրէն մանուկ հասակին աքսորուած, այդ վիճակին արհաւիրքը ճաշակած, Սփիւռքի մէջ հասակ նետած, իբրեւ հայ գրագէտ եւ մտաւորական կազմաւորուած առաջին սերունդի բեղմնաւոր ներկայացուցիչներէն կը հանդիսանայ: Ան, բնականաբար, արծարծած է այդ սերունդը յատկանշող ընդհանուր թեմաները. երազներու հայրենիք Հայաստանը, հայոց լեզուի, գիրի եւ մշակոյթի հանդէպ պաշտամունքի աստիճանին հասնող սէրը, հայկական տառապանքի, բայց նաեւ՝ հայկական փիւնիկեան վերածնունդի յաճախ դիւցազնական բանաստեղծութիւնն ու երգը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.