Մոսկուա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիա պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման գործընթացին, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին։

Նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը առաջնահերթ նշանակութիւն ունին Մոսկուայի համար։ Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման, սահմանազատման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքներուն։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նաեւ յայտնած է, որ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնութեան հասնին «3+3» տարածաշրջանային հարթակի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպման կազմակերպման շուրջ։