Մոսկուա կը զգուշացնէ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի մերձեցման հետեւանքներուն մասին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀԱՊԿ մշտական խորհուրդի նախագահ եւ կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ կապուած Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ծրագիրները կրնան Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի նոր սրման պատճառ դառնալ։
Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային իրաւաբանական համաժողովին ընթացքին Վասիլեւ ըսած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ ամերիկեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ԵՄ երկիրներու՝ Հայաստանը իրենց ռազմական կառոյցներուն մէջ ներգրաւելու մտադրութիւնները, Մոսկուայի գնահատումով, «ոչ բարեկամական քայլեր» են, որոնք կրնան ապակայունացնել տարածաշրջանը։ Ան աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ը կը հետեւի զարգացումներուն եւ իրավիճակը կը պահէ իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ։
Միաժամանակ, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը Հայաստանի համար կը մնայ ամենաարդիւնաւէտ ուղղութիւնը։ Ան ընդգծած է, որ ԵԱՏՄ-ն, Մոսկուայի համոզումով, զգալիօրէն կը նպաստէ Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքի աճին եւ կը գերազանցէ այլընտրանքային ուղղութիւնները։
Փեսքով նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի ժողովուրդն ու ներկայիս իշխանութիւնները, իրավիճակը գնահատելէ ետք, նոյն եզրակացութեան պիտի գան։ Ան շեշտած է, որ Ռուսիան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները շարունակելու մէջ՝ յիշեցնելով, որ Մոսկուան Հայաստանի մէջ կարեւոր ներդրող է։
Վերջին օրերուն ռուս պաշտօնեաներ նաեւ զգուշացուցած են, որ Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ Հայաստանի շարունակական մերձեցումը կրնայ հետեւանքներ ունենալ, այդ շարքին՝ ռուսական կազը արտօնեալ պայմաններով ստանալու հնարաւորութեան կորուստը։