Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի 45-ամեակի նուիրահաւաքով գոյացաւ Կէս միլիոն տոլար

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» երկրորդականի հանգանակային երեկոյթին գոյացաւ 507 839 տոլար

700 հայ աշակերտ հաշուող վարժարանը կրցած է գոյատեւել շնորհիւ գաղութի անդամներուն նիւթական եւ բարոյական նեցուկին

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի ընդունելութեան երեկոն տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2019-ին, վարժարանիս «Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեան» մարզարանէն ներս, 200 ազգայիններու ներկայութեամբ:

Երեկոն սկսաւ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանի սեղաններու օրհնութեամբ:

Խօսք առաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Վարչական խորհուրդի անդամ պրն. Թորոս Պապիկեան, որ հաստատեց. «Այսօր հոս հաւաքուած ենք ի նպաստ հայ դպրոցին, որուն առաքելութեան հանդէպ մեծ հաւատք ունինք», ինչպէս նաեւ՝ «Հայ աշակերտը Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս կը ստանայ ուսման բարձր մակարդակ, ազգային դաստիարակութիւն հայաշունչ եւ ապահով միջավայրի մը մէջ»: Ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ բարերարներուն նուիրատուութեամբ նորոգուած են դպրոցի զանազան բաժինները, կառուցուածքի, կահ-կարասիներու, դասարաններուն կամ ընդհանրապէս գիտարուեստի (Technology) վերաբերեալ նորոգութիւններով, ապա աւելցուց. «Մենք ստիպուած ենք քայլ պահել ընդհանուր յառաջխաղացքին հետ, որպէսզի կարենանք մեր դպրոցի կրթական ծրագիրը միշտ թարմացնել՝ ներմուծելով օգտակար նորութիւններ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ նուիրատուներուն՝ իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեանց համար, որոնք կ՚օժանդակեն դպրոցի առաքելութեան անխափան ընթացքին:

Պրն. Պապիկեան անդրադարձաւ դպրոցին 45-րդ ամեակին առիթով Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, գործակցաբար Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարչական խորհուրդին ստեղծած Դրամահաւաքի Կազմակերպիչ Մարմնին, որ կը զբաղի դրամահաւաքով ամբողջ տարուան ընթացքին: Ան անդրադարձաւ Կազմակերպիչ Մարմնին անխոնջ աշխատանքին, դպրոցի շրջանաւարտները համախմբելու գործին եւ Մարտ 28-ին, շրջանաւարտներու հաւաքոյթով մը Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան (Alumni Association) մեկնարկին եւ աշնան տեղի ունենալիք եզրափակիչ telethon-ին:

Պրն. Պապիկեան յայտարարեց այս տարեշրջանին ցարդ կատարուած նուիրատութիւնները.

  1. Բաստրմաճեան հիմնադրամէն՝ $180,000, մեր Ipad-ներու ծրագրին համար
  2. Տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեաններէն՝ $100,000, երրորդ յարկի ուսուցչարանին նորոգութեան համար
  3. Մեր 2003-ի շրջանաւարտներ Ալեքս Պեզճեանէն եւ Շիրազ Գասարճեանէն 24 հատ bean bags հանգստաւէտ աթոռներ, նախակրթարանի դասարաններուն համար
  4. Տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Լենա Գատեանէն՝ $6,000, որպէս կրթանպաստ սանուկի մը
  5. Առաքելեան Ընտանիքի Հիմնադրամէն՝ $3,000, որպէս կրթանպաստ

Պրն. Պապիկեանին խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէ վերջին տարիներու դպրոցէն ներս եղած բարելաւումները:

Տեսերիզէն ետք դպրոցի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեան եւ հաշուապահական գրասենեակի պատասխանատու Թամար Եաղճեան-Օլթաճին ներկայացուցին դպրոցին ապագայ ծրագիրները: Օրդ. Ապրաքեան նշեց. «Հպարտօրէն կը յայտարարաենք, թէ այս տարի մեր վարժարանը կը տօնէ իր 45-րդ տարեդարձը աւելի քան 700 հայ աշակերտներով։ Եթէ վարժարանս կրցած է գոյատեւել վերջին 45 տարիներուն ընթացքին, ապա զայն կը պարտինք մեր գաղութի անդամներուն նիւթական եւ բարոյական նեցուկին»:

Անոնք միասնաբար ներկայացուցին նոր ծրագիրներ, որոնք առիթ կու տան մեր աշակերտներուն, որ կարենան յաջողութիւն գտնել այս դարու պայմաններուն մէջ: «Կարեւոր է առիթներ ստեղծել, որպէսզի կարենան զարգացնել իրենց կարողականութիւնն ու ստեղծագործ ոգին», յայտնեցին անոնք:

Ներկայացուեցան հետեւեալ 4 ծրագիրները.

  • Լուսանկարչական անկիւնի ստեղծում իր բոլոր արհեստագիտական կազմածներով

Որքա՜ն հարուստ ծրագիրներ կարելի է յաջողցնել նման դասարանի եւ գործիքներու միջոցաւ, ծրագիրներ, որոնք կը զարգացնեն մեր աշակերտներուն գիտելիքները եւ միեւնոյն ատեն առիթ կը ստեղծեն իրենց փոխանցելու բարոյական արժէքներ։

  • Աշակերտական ձայնասփռումի արհեստագիտական խցիկ, հարկ եղած սարքաւորումներով

Համագործակցութիւնը անհրաժեշտ արժէք մը ըլլալով ապագային համար, այս նոր դասարանը կ’ընծայէ առիթներ, որպէսզի աշակերտները կարենան միասին աշխատիլ եւ զարգանալ։ Մեր ուսումնական ծրագիրը լայնածաւալ եւ հետաքրքրական է, երեք լէզուի դասաւանդութեամբ։ Այսպիսի դասարանի մը ընդմէջէն մեր աշակերտները կրնան ապրիլ այդ ծրագիրը մանկավարժական նոր մօտեցումներով եւ նորարարական ոգիով (esprit innovateur): Կարեւոր է յարգել իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական պէտքերը, եւ այսպիսի միջավայր ստեղծելով կը ծառայենք այդ նպատակին։

Դասերու կողքին, աշակերտները դպրոց կու գան նաեւ յարաբերելու տարեկից ընկերներու հետ եւ անոր ընդմէջէն կերտելու իրենց ինքնութիւնը։

  • Ճաշարանի հիմնական նորոգութիւն

Անշուշտ թէ, որպէս հայ, կ՚անդրադառնանք, թէ ճաշը որքան կարեւոր բաժին մըն է ընկերային կեանքէն ներս։ Ուստի դպրոցին ճաշասրահը այն վայրն է, ուր աշակերտները կը միանան իրենց ընկերներուն, միասին ապրելու համար հաճելի եւ ներշնչող միջավայրի մը մէջ։ Բայց մեր ծրագիրը չի սահմանափակուիր միայն գեղեցկացնելով միջավայրը։ Նոր Ճաշասրահը պէտք է նաեւ բազմանպատակ ըլլայ եւ թոյլ տայ, որ ուսուցիչներ կարենան հոն դասաւանդել նոր միջոցներով, օրինակ թուաբանութեան դաս մը, կամ հայկական աւանդութիւններ։

  • Վարժարանի բակի բարենորոգութիւն

Զբօսանքի ժամը անհամբեր սպասուած պահ մըն է բոլոր աշակերտներուն կողմէ։ Եթէ մտածէք, թէ որքա՜ն յիշատակելի վայրկեաններ անցուցած էք հոն ձեր մանուկ հասակին, կրցած էք ամրապնդել ձեր բարեկամութիւնները, ոտնագնդակի կամ ընկերովի խօսակցութեան, պարանի կամ վազքի մրցումի ընթացքին, պիտի անդրադառնաք, թէ որքան կարեւոր է դպրոցի մը բակը։

Այսօրուան սերունդը շատ առիթներ չունի բնութեան մէջ ապրելու եւ սորվելու։ 21-րդ դարու իրականութեան մէջ կարեւոր է ստեղծել այնպիսի առիթներ, ուր պատանին կը մօտանայ բնութեան եւ կ՚ընդլայնէ իր հորիզոնները:

Երեկոյթին աւարտին պրն. Պապիկեան գնահատեց վարժարանի բոլոր բարերարները, պատասխանատուները, կրթական մշակները եւ Ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.