Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի նուիրուած յուշ երեկոյ
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 24 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի նուիրուած յիշատակի երեկոյ, ներկայութեամբ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի, եւ անդամներու՝ Մարալ Պէրպէրեանի, Անահիտ Պալեանի եւ Ծովիկ Կուտեանի, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ խումբ մը համազգայնականներու եւ գրասէրներու:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին մօտ վարչութեան ներկայացուցիչ Նանոր Աշնա Սնապեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան Վարանդ Եափուճեանն ու Արազ Եաղճեանը: Անոնք ամբողջ ձեռնարկին ընթացքին մէջընդմէջ ներկայացուցին գրականագէտ, կրթական մշակ, քննադատ, քաղաքական ու մշակութային գործիչ, հրապարակագիր եւ դաշնակցական մտաւորական Աղբալեանի կենսագրութիւնն ու լայնածաւալ գործունէութիւնը՝ Թիֆլիսէն Հայաստան, Մոսկուա, Գահիրէ եւ Լիբանան:
Խօսելով իր երիտասարդութեան տարիներուն մասին Եափուճեան ըսաւ. «19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին, Անդրկովկասի հայութեան մշակութային կեդրոն Թիֆլիսը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր երիտասարդ Աղբալեանին` դրսեւորելու իր ամբարած գիտելիքներն ու ունակութիւնները։ Հոն կը հանդիպէր Աւետիք Արասխանեանի, որ խմբագիրն էր «Մուրճ» յառաջադէմ ամսագրին, որուն ուղղութիւնը լաւագոյնս կը համապատասխանէր Աղբալեանի մտածողութեան: Ամսագրի յետագայ համարներուն մէջ, երեք տարուան ընթացքին լոյս կը տեսնէին Աղբալեանէն մի քանի տասնեակ գրախօսականներ, յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք որոշակի համբաւ կ’ապահովէին երիտասարդ քննադատին: Այդ ժամանակ, Աղբալեան հնարաւորութիւն կ’ունենար ծանօթանալու Յովհաննէս Թումանեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Ղազարոս Աղայեանին, Լեւոն Շանթին, Դերենիկ Դեմիրճեանին, եւ 1899 դեկտեմբերին կը դառնար Թումանեանի «Վերնատան» անդամներէն մէկը»:
Անդրադառնալով պետական գործիչ Աղբալեանին, Եաղճեան ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը կերտողներէն մէկը գրականագէտ ու քննադատ, բանասէր, հռետոր, հանրային ու քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանն էր, որ շուտով կը դառնար նաեւ պետական գործիչ՝ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր, ապա հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար: Ե՛ւ պատգամատրի, ե՛ւ նախարարի պարտականութիւնները ան կը կատարէր իրեն յատուկ բարեխղճութեամբ, գիտելիքներն ու ունակութիւնները ի սպաս դնելով նորաստեղծ հանրապետութեան բարելաւման եւ անոր արտաքին անվտանգութեան գործին: Աղբալեանի նախաձեռնութեամբ, խորհրդարանը կ’ընդունէր ուսման մասին ընդհանուր եւ պարտադիր օրէնքը։ Շարք մը այլ նախաձեռնութիւններով, ան կը կարգաւորէր կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը, ինչպէս եւ գրադարանային եւ հրատարակչական գործերու կազմակերպումը: Այս ամէնուն զուգընթաց, ան կը ստեղծէր գրական նոր ընկերութիւն, զոր կը կոչէր Հայաստանի գրական ընկերութիւն, եւ որուն նիստերէն մէկուն ընթացքին, 1919 հոկտեմբեր 16-ին կը կարդար Եղիշէ Չարենցի մասին իր նշանաւոր զեկուցումը», իսկ Եափուճեան աւելցուց ըսելով. «Այս շրջանի Աղբալեանի գործունէութեան պսակը կը հանդիսանար Հայաստանի պետական համալսարանի բացումը 1920 յունուար 31-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ, որուն ընթացքին Աղբալեան ճառով մը կը բնորոշէր համալսարանի կատարելիք դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ»:
Որպէս մշակութային գործիչ եւ հիմնադիր Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան, Եափուճեան Աղբալեանը բնորոշեց ըսելով. «Աղբալեանի համար միշտ առաջնահերթ եղած էր հայ ոգին, հայ լեզուն վառ պահելը, հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու եւ սերունդներու փոխանցելու մտահոգութիւնը։ Այդ մղումով ալ, Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ իրենց տասնեակ մը համախոհները, Գահիրէի մէջ կը հիմնէին կազմակերպութիւն մը, որ իր վրայ պիտի վերցնէր այդ ծանր առաքելութիւնը: 1928 մայիս 28-ին՝ Հայաստանի անկախութեան օրը, անոնք կը ստեղծեն այդ կազմակերպութիւնը, զայն անուանելով Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւն (այժմ` համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն)»:
Իսկ անդրադառնալով անոր հանդէպ կատարուած հալածանքներուն, բանտարկութեան եւ մանաւանդ հայրենիքէն ու ընտանիքէն հեռու ապրելուն դաժան իրականութեան, Եաղճեան ըսաւ. «Երկար տարիներ ապրած է հայրենիքէն եւ ընտանիքէն հեռու. երկու մեծ ցաւ, զոր տասնամեակներ շարունակ կրած է իր սրտին մէջ: 1921-ի գարնան կտրելով պղտոր Արաքսը եւ վերջին անգամ նայելով իր սիրելի հայրենիքին՝ թափառած է երկրէ-երկիր, մինչեւ որ Լիբանանի հիւրընկալ հողը դարձած է իր երկրորդ հայրենիքը»:
Վերջապէս, Աղբալեանի իսկական մեծութեան անդրադարձը, մահէն ետք ի յայտ եկած ըլլալուն մասին Եաղճեան եւ Եափուճեան յիշեցին իր մասին գրուած տասնեակ յուշեր եւ յօդուածներ, սփիւռքահայ գրագէտներու եւ գործիչներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններ եւ իրեն վաստակին նուիրուած հանդիսութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող Աղբալեանի անուամբ Ուսանողական միութիւնը, իր անունով վերանուանուած դպրոցը եւ շարք մը այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք հայրենիքի մէջ Աղբալեանի հանդէպ ուշացած երախտագիտութիւնը կ’արտացոլացնեն:
Ներկայացման ընթացքին Սայաթ Նովայի «Յիսս քու ղիմէթն չիմ գիտի» եւ «Դու էն գլխէն իմաստուն իս» երգերու կատարումով հանդէս եկաւ մոնթրէալահայ անուանի երգիչ Էլի Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ ընթերցումներ կատարուեցան հերթաբար՝ Եսենիա Քելլէեանի կողմէ՝ Վերնատան ընկերներուն ուղղուած Աղբալեանի նամակներէն չափածոյ քանի մը կտոր, Սերժ Սոմունեանի կողմէ՝ Եղիշէ Չարենցի «Սիրելի Ա.-ին» բանաստեղծութիւնը՝ Աղբալեանին նուիրուած եւ Թալին Գասպարի կողմէ՝ Աղբալեանի կնոջ՝ Հրարփիին ուղղուած իր նամակներէն մէկը: Ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Համազգայինի Հայկ եւ Մելանքթոն Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէնին՝ Տիգրան Ճինպաշեանի կողմէ ձայնագրուած տեսահոլովակ մը՝ Աղբալեանի պատգամներուն մասին, որ արձանագրուած էր ճեմարանաւարտ Սեւակ Սաղպազարեանի կողմէ: Ճեմարանականի իր յուշերուն մասին պատումով մը հանդէս եկաւ ճեմարանաւարտ Վարուժ Շամլեան, որ հետաքրքրական միջադէպերու եւ ճեմարանի առօրեային մասին հետաքրքրական պատումներով ներկայացուց ուսուցիչ Աղբալեանի նկարագիրը, սովորութիւններն ու ազդեցութիւնը աշակերտներուն վրայ:
Աւարտին Սնապեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ, որմէ ետք ներկաները միասնաբար կատարեցին «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» երգին խմբային երգեցողութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»